ԱՄՈՎՍԱՅ 4։1-13
4 «Լսեցէ՛ք այս խօսքը, ո՛վ Սամարիայի լերանը վրայ եղող Բասանի կովեր,Որ աղքատներուն զրկանք կ’ընէք,Տնանկները ոտքի տակ կ’առնէք,Ձեր տէրերուն՝ ‘Բեր որ խմենք’, կ’ըսէք։
2 Տէր Եհովան իր սրբութիւնովը երդում ըրաւ,Թէ՝ ահա ձեր վրայ օրեր պիտի գան,Երբ ձեզ կարթերով պիտի վերցնենՈւ ձեր սերունդը՝ ձուկի կարթերով։
3 Ձեզմէ իւրաքանչիւրը խրամատներէն դուրս պիտի հանուիքՈւ բերդը պիտի նետուիք», կ’ըսէ Տէրը։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԶԱՆՑԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
4 «Բեթէլ եկէ՛ք ու յանցանք գործեցէ՛ք,Գաղգաղայի մէջ յանցանք ընելը շատցուցէ՛ք,Ամէն առտու ձեր զոհերըՈւ ամէն երեք օրը անգամ մը ձեր տասանորդները բերէ՛ք։
5 Շնորհակալութեան զոհը խմորեալ մատուցանեցէ՛քՈւ կամաւոր ընծաներ յայտարարեցէ՛ք ու հրատարակեցէ՛քՔանզի այսպէս սիրեցիք, ո՛վ Իսրայէլի որդիներ»,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
6 «Ես ալ ձեզի ձեր քաղաքներուն մէջ՝ ակռայի մաքրութիւնՈւ ձեր բոլոր տեղերը հացի կարօտութիւն տուի,Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
7 «Հունձքէն երեք ամիս առաջ անձրեւը դադրեցուցի,Ո՛չ մէկ քաղաքի վրայ անձրեւ տեղացուցի.Բայց միւս քաղաքին վրայ անձրեւ տեղացուցի։Վիճակի մը վրայ անձրեւ եկաւ,Բայց միւս վիճակը, որուն վրայ անձրեւ չեկաւ, չորցաւ։
8 Երկու երեք քաղաք՝ ջուր խմելու համար՝Մէկ քաղաքի մէջ հաւաքուեցան,Բայց չգոհացան։Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
9 «Ձեզ խորշակահարութեամբ ու դալուկով զարկի,Խառնիճը կերաւ ձեր բազմաթիւ պարտէզներըՈւ այգիները եւ թզենիներն ու ձիթենիները,Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
10 «Եգիպտոսի ճամբուն մէջ* ձեր վրայ ժանտախտ ղրկեցի,Ձեր երիտասարդները սուրով մեռցուցի,Թողուցի որ ձեր ձիերը գերի տարուին,Ձեր բանակներուն գարշահոտութիւնը մինչեւ ձեր քիթը հասցուցի,Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
11 «Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին պէս ձեզ ալ կործանեցի,Կրակէ հանուած խանձուողի պէս եղաք,Նորէն ինծի չդարձաք», կ’ըսէ Տէրը։
12 Անոր համար քեզի այսպէս պիտի ընեմ, ո՛վ Իսրայէլ,Քանի որ քեզի այս բանը պիտի ընեմ,Ուստի քու Աստուածդ դիմաւորելու պատրաստուէ, ո՛վ Իսրայէլ»։
13 Ահա Ան, որ լեռները հաստատեց ու հովը ստեղծեց,Որ յայտնէ մարդուն՝ անոր խորհուրդը։Ան որ արշալոյսը կը խաւարեցնէՈւ երկրի բարձր տեղերուն վրայ կը քալէ,Անոր անունը Եհովա՝ զօրքերու Աստուած է։
Ստորանիշներ
^ 4։10 Կամ, կերպովը