ԱՄՈՎՍԱՅ 6։1-14

6  «Վա՜յ Սիօնի մէջ հանգիստ բնակողներունՈւ Սամարիայի լերանը վրայ՝ ապահովութեամբ նստողներուն,Ազգերու գլուխին երեւելիներուն,Որոնց կը դիմէ Իսրայէլի տունը։   Քաղաքէն անցէ՛ք ու տեսէ՛ք,Անկէ մեծ Եմաթը գացէ՛քՈւ Փղշտացիներուն Գէթը իջէք։Միթէ անոնք այս թագաւորութիւններէն աղէ՞կ են,Կամ անոնց սահմանը ձեր սահմանէն մե՞ծ է։   «Վա՜յ անոնց, որ չար օրը կը հեռացնենՈւ բռնութեան աթոռը կը մօտեցնեն,   Փղոսկրեայ մահիճներու մէջ կը պառկին,Իրենց անկողիններուն վրայ կ’երկննան,Հօտերէն՝ գառնուկներըՈւ գոմերու մէջէն պարարտ հորթերը կ’ուտեն։   Տաւիղի ձայնով խաղ կը կանչեն,Դաւիթին պէս իրենց երաժշտական գործիքներ կը հնարեն,   Գաւաթներով գինի կը խմեն,Ծանրագին իւղերով կ’օծուինԵւ Յովսէփին աւերումին վրայ չեն ցաւիր։   Ուստի գերի քշուողներուն առաջինը պիտի ըլլաքԵւ ձեր խնճոյքներուն ուրախութեան ձայնը պիտի դադրի»։   Տէր Եհովան իր անձին վրայ երդում ըրաւ(Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը)։«Ես Յակոբին հպարտութենէն կը զզուիմ,Անոր պալատները կ’ատեմ,Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղողները թշնամիին պիտի մատնեմ»։   Եթէ տան մը մէջ տասը մարդ մնալու ըլլայ,Անոնք ալ պիտի մեռնին։ 10  Եւ երբ մէկուն ազգականը, որ զինք կ’ատէ, զինք վերցնէՈսկորները տունէն դուրս հանելու համարՈւ տանը մէջ եղողին հարցնէ՝‘Ալ ուրիշ մէկը կա՞յ քովդ’Եւ անիկա ըսէ՝ ‘Ո՛չ’,Այն ատեն հարցնողը պիտի ըսէ. ‘Լո՛ւռ կեցիր,Քանզի Տէրոջը անունը պէտք չէ յիշենք’։ 11  Ահա Տէրը կը հրամայէՈւ մեծ տունը պիտի կործանիՈւ պզտիկ տունը պիտի ճեղքուի։ 12  Միթէ ձիերը ապառաժի վրայ կը վազե՞ն,Կամ ծովը եզներով կը հերկուի՞։Բայց դուք իրաւունքը՝ դառնութեանԵւ արդարութեան պտուղը օշինդրի դարձուցիք։ 13  «Ո՜վ ոչինչ բանով ուրախացողներ,Որ ըսիք թէ ‘Չէ՞ որ մեր ուժովը մեզի եղջիւրներ առինք’, 14  Անոր համար ահա ես, ո՛վ Իսրայէլի տուն,Ձեր վրայ ազգ մը ոտքի պիտի հանեմ,Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Աստուածը,Որ ձեզ Եմաթի մուտքէն մինչեւ անապատի ձորը պիտի նեղէ»։

Ստորանիշներ