ԱՄՈՎՍԱՅ 9։1-15
9 Տէրը տեսայ, որ սեղանին քով կայներ էր ու ըսաւ«Խոյակին զա՛րկ, որպէս զի սեմերը դողան։Զանոնք կտոր կտոր ըրէ՛ անոնց ամենուն գլխուն վրայ։Անոնց մնացորդը սուրով պիտի մեռցնեմ։Անոնցմէ մէկը պիտի չկարենայ փախչիլ,Եւ ոեւէ մէկը պիտի չկարենայ ազատիլ։
2 Թէեւ անոնք մինչեւ դժոխք փորեն,Իմ ձեռքս անկէ պիտի վերցնէ զանոնք։Թէեւ երկինք ելլեն՝Զանոնք անկէ պիտի իջեցնեմ։
3 Թէեւ Կարմեղոսի գլուխը պահուըտին՝Զանոնք պիտի գտնեմ ու անկէ պիտի առնեմ։Թէեւ իմ աչքերուս առջեւէն ծովուն յատակը ծածկուին,Հոն օձին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք խայթէ։
4 Թէեւ անոնք իրենց թշնամիներուն առջեւէն գերութեան երթան,Հոն սուրին պիտի հրամայեմ, որ զանոնք մեռցնէ։Իմ աչքս անոնց վրայ պիտի ըլլայ չարիքի համարԵւ ոչ թէ՝ բարիքի համար»։
5 Քանզի զօրքերու Տէր Եհովան ինքն է,Որ երկրիս կը դպչի ու անիկա կը հալի,Անոր բոլոր բնակիչները սուգ կը բռնեն,Բոլոր երկիրը գետի պէս կը յորդի,Կը քաշուի Նեղոսի նման։
6 Ինքն է որ երկնքի մէջ իր վերնատունները կը շինէՈւ անոր կամարը երկրի վրայ կը հաստատէ։Ծովուն ջուրերը կը կանչէՈւ զանոնք երկրի երեսին վրայ կը տարածէ։Անոր անունը Եհովա է։
7 «Միթէ դուք ինծի Եթովպիացիներու որդիներուն պէս չէ՞քՈ՛վ Իսրայէլի որդիներ, կ’ըսէ Տէրը.Չէ՞ որ Իսրայէլը՝ ԵգիպտոսէնՈւ Փղշտացիները՝ ԿափթորէնԵւ Ասորիները Կիրէն հանեցի»։
8 Ահա Տէր Եհովային աչքերը այդ մեղաւոր թագաւորութեանը վրայ են։«Զանիկա երկրի երեսէն պիտի կորսնցնեմ.Սակայն Յակոբին տունը բոլորովին պիտի չկորսնցնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
9 «Քանզի ահա ես կը հրամայեմ։Իսրայէլի տունը բոլոր ազգերուն մէջ պիտի խարբալեմ,Ինչպէս ցորենը մաղով կը խարբալեն,Բայց հատ* մը գետինը պիտի չիյնայ։
10 Իմ ժողովուրդիս բոլոր մեղաւորները սուրով պիտի մեռնին,Որոնք կ’ըսեն թէ ‘Չարիքը մեր վրայ պիտի չհասնիՈւ մեր առջեւը պիտի չառնէ’»։
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԱՊԱԳԱՅ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
11 «Այն օրը Դաւիթին ինկած խորանը պիտի կանգնեցնեմԵւ անոր փլածները պիտի նորոգեմ,Աւերակները պիտի շէնցնեմ,Զանիկա հինին պէս պիտի շինեմ.
12 Որպէս զի անոնք Եդովմին մնացորդըՈւ բոլոր ազգերը ժառանգեն,Որոնք իմ անունովս կոչուած են»,Կ’ըսէ Տէրը, որ այս բանը կ’ընէ։
13 «Ահա օրեր կու գան, կ’ըսէ Տէրը,Երբ հերկողը՝ հնձողինԵւ խաղող կոխողը սերմնացանին պիտի հասնի.Լեռները քաղցու պիտի կաթեցնեն,Բլուրները անով պիտի յորդին։
14 Իմ ժողովուրդս՝ Իսրայէլը՝ գերութենէ պիտի դարձնեմ։Անոնք աւերուած քաղաքները պիտի շէնցնեն ու անոնց մէջ բնակինԵւ այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց գինին խմենԵւ պարտէզներ պիտի շինեն ու անոնց պտուղները պիտի ուտեն։
15 Եւ զանոնք իրենց երկրին վրայ պիտի հաստատեմՈւ անգամ մըն ալ պիտի չխլուին իրենց երկրէն, որ իրենց տուի»,Կ’ըսէ քու Տէր Աստուածդ։
Ստորանիշներ
^ 9։9 Կամ, խիճ