ԱՌԱԿԱՑ 16։1-33

16  Սրտին ծրագիրները մարդուն կը վերաբերին,Բայց լեզուին պատասխանը Տէրոջմէն է։   Մարդուն բոլոր ճամբաները իրեն մաքուր կ’երեւնան,Բայց Տէրը հոգիները կը կշռէ։   Քու գործերդ Տէրոջը յանձնէԵւ քու խորհուրդներդ պիտի հաստատուին։   Տէրը ամէն բան իր նպատակին համար ստեղծեցՈւ ամբարիշտն ալ՝ ձախորդ օրուան համար։   Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ ենՈւ թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին*, անպատիժ պիտի չմնան։   Ողորմութեամբ եւ ճշմարտութեամբ անօրէնութիւնը կը քաւուիՈւ Տէրոջը վախովը մարդ չարութենէ կը հեռանայ։   Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի,Մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ։   Աղէկ է քիչ բան արդարութեամբՔան թէ մեծ եկամուտներ՝ անիրաւութեամբ։   Մարդուն սիրտը իր ճամբան կը հնարէ,Բայց Տէրը կ’ուղղէ անոր քայլերը։ 10  Թագաւորին շրթունքներուն վրայ աստուածային ներշնչում կայԵւ անոր բերանը դատաստանի մէջ չի սխալիր։ 11  Ուղիղ կշռողը եւ կշիռքը Տէրոջն են,Պարկին մէջի բոլոր կշիռքի քարերը անոր գործն են։ 12  Չարագործութիւնը թագաւորներուն զզուելի է,Վասն զի աթոռը արդարութեամբ հաստատուած է։ 13  Արդար շրթունքները թագաւորներուն հաճելի ենՈւ կը սիրեն շիտակ խօսողը։ 14  Թագաւորին բարկութիւնը մահուան դեսպաններու պէս է.Բայց իմաստուն մարդը զանիկա կ’իջեցնէ։ 15  Թագաւորին երեսին լոյսը կեանք էՈւ անոր հաճութիւնը վերջին անձրեւի ամպին պէս է։ 16  Իմաստութիւն ստանալը ոսկիէն շատ աղէկ էԵւ հանճար վաստկիլը արծաթէն աւելի ընտիր է։ 17  Ուղիղներուն մեծ ճամբան չարութենէ հրաժարիլն է։Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ։ 18  Կոտորածին առջեւէն՝ հպարտութիւնՈւ կործանման առջեւէն ամբարտաւանութեան ոգին կ’երթայ։ 19  Խոնարհներուն հետ խոնարհ ըլլալը,Հպարտներուն հետ աւար բաժնելէն աղէկ է։ 20  Գործի մէջ խելացութեամբ վարուողը բարիք կը գտնէՈւ Տէրոջը ապաւինողը երանելի է։ 21  Իմաստուն սիրտ ունեցողը խոհեմ կը սեպուիԵւ շրթունքներուն քաղցրութիւնը գիտութիւնը կ’աւելցնէ։ 22  Խոհեմութիւնը կեանքի աղբիւր է զայն ունեցողին համար,Բայց խրատը անմիտներուն յիմարութիւն է։ 23  Իմաստունին սիրտը իր բերնին իմաստութիւն կու տայՈւ իր շրթունքներուն գիտութիւնը կ’աւելցնէ։ 24  Վայելուչ խօսքերը մեղրի խորիսխին պէս են,Հոգիին՝ քաղցր ու ոսկորներուն բժշկութիւն են։ 25  Ճամբայ կայ, որ մարդուն շիտակ կ’երեւնայ,Բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է։ 26  Աշխատող անձը իրեն համար կ’աշխատի.Քանզի իր բերանը կը պահանջէ իրմէ։ 27  Անօրէն մարդը չարութիւն կը փորէՈւ անոր շրթունքներուն վրայ կարծես այրող կրակ կայ։ 28  Ծուռ մարդը կռիւ կը հանէԵւ քսուն մտերիմ բարեկամները կը զատէ։ 29  Անօրէն մարդը իր ընկերը կը խաբէՈւ զանիկա գէշ ճամբաներ կը տանի։ 30  Աչքերը կը գոցէ նենգութիւններ մտածելու համարԵւ շրթունքները խածնելով չարութիւն կը կատարէ։ 31  Մազի ճերմկութիւնը փառաց պսակ է,Եթէ անիկա արդարութեան ճամբուն մէջ գտնուի։ 32  Երկայնամիտ մարդը հզօր մարդէն աղէկ էՈւ իր ոգին զսպողը՝ քաղաք առնողէն։ 33  Վիճակը ծոցը կը ձգուի,Բայց անոր ամէն կարգադրութիւնը Տէրոջմէն է։

Ստորանիշներ

16։5 Կամ, ազգէ ազգ