ԱՌԱԿԱՑ 19։1-29

19  Իր կատարելութեան մէջ քալող աղքատըՆենգաւոր շրթունք ունեցող յիմարէն աղէկ է։   Հոգիին տգիտութիւնը աղէկ չէՈւ ոտքերովը արտորացողը կը սահի։   Մարդուն յիմարութիւնը անոր ճամբան կ’աւերէԵւ անոր սիրտը Տէրոջը դէմ տրտունջ կ’ընէ։   Հարստութիւնը շատ բարեկամներ կ’աւելցնէԲայց աղքատը իր բարեկամէն կը լքուի։   Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայՈւ ստութիւններ խօսողը պիտի չազատի։   Շատերը առատաձեռն մարդուն* հաճութիւնը* կը փնտռենՈւ ամէն մարդ պարգեւատու մարդուն բարեկամ կ’ըլլայ։   Աղքատին բոլոր եղբայրները անկէ կը զզուին.Անոր բարեկամները ա՛լ աւելի անկէ կը հեռանանՈւ անիկա ոչինչ խօսքերու ետեւէն կ’իյնայ*։   Խելք վաստկողը իր հոգին կը սիրէ,Իմաստութիւն պահողը բարիք պիտի գտնէ։   Սուտ վկան անպարտ պիտի չմնայՈւ ստութիւններ խօսողը պիտի կորսուի։ 10  Յիմարին փափկութիւն չի վայլեր,Նոյնքան եւ աւելի ծառայի մը՝ իշխաններու վրայ իշխել։ 11  Մարդուն խոհեմութիւնը անոր բարկութիւնը կը զսպէԵւ յանցանքը ներելը անոր պարծանք է։ 12  Թագաւորին բարկութիւնը առոյգ առիւծի մռնչիւնին կը նմանի,Իսկ անոր հաճութիւնը խոտին վրայի ցօղին պէս է։ 13  Անմիտ տղան իր հօրը թշուառութիւնն էՈւ կնոջ կռիւները շարունակական կաթիլներու պէս են։ 14  Տունն ու ստացուածքը հայրերէն մնացած ժառանգութիւն են,Բայց խոհեմ կինը Տէրոջմէն է։ 15  Ծուլութիւնը խորունկ քուն կը բերէԵւ թոյլ մարդը անօթի կը մնայ։ 16  Պատուիրանքը պահողը իր հոգին կը պահէ,Իր ճամբաները անարգողը պիտի մեռնի։ 17  Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տէրոջը փոխ կու տայՈւ Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ։ 18  Քանի որ յոյս կայ՝ տղադ խրատէԵւ անոր մահուանը կամակից մի՛ ըլլար*։ 19  Խիստ բարկացող մարդը պատիժը պէտք է կրէ,Վասն զի եթէ անգամ մը ազատես՝ պիտի ստիպուիս կրկնել։ 20  Խրատը լսէ՛ եւ կրթութիւնը ընդունէ՛,Որպէս զի ապագային իմաստուն ըլլաս։ 21  Մարդուն սրտին մէջ շատ դիտաւորութիւններ կան,Բայց Տէրոջը խորհուրդը հաստատուն պիտի մնայ։ 22  Մարդուն ողորմածութիւնը իր փառքն էՈւ աղքատը ստախօսէն աղէկ է։ 23  Տէրոջը երկիւղը կեանքի պատճառ է,Եւ զանիկա ունեցողը կուշտ կը պառկի ու ձախորդութեան չի հանդիպիր։ 24  Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէՈւ զանիկա իր բերանն անգամ չի տանիր։ 25  Ծաղրողը ծեծէ, որ միամիտը խելացի ըլլայ։Եթէ իմաստունը յանդիմանես՝ գիտութիւն պիտի շահի։ 26  Իր հայրը կործանողը ու իր մայրը վռնտողը՝Ամօթ ու նախատինք բերող տղայ մըն է։ 27  Որդեա՛կ իմ, ե՛տ կեցիր այն խրատին մտիկ ընելէն,Որը քեզ իմաստութեան խօսքերէն կը խոտորցնէ։ 28  Չար վկան արդարութիւնը ծաղր կ’ընէՈւ ամբարիշտներուն բերանը անիրաւութիւնը կը կլլէ։ 29  Ծաղրողներուն համար՝ դատապարտութիւններԵւ անմիտներուն կռնակին համար ծեծեր պատրաստուած են։

Ստորանիշներ

19։6 Կամ, իշխանին
19։6 Եբր., երեսը
19։7 Կամ, անոնց ետեւէն կիյնայ խօսքերով, բայց անոնք չեն գտնուիր
19։18 Կամ, անոր աղաղակին ականջ մի՛ դներ