ԱՌԱԿԱՑ 2։1-22
2 Որդեա՛կ իմ, եթէ իմ խօսքերս ընդունիսՈւ իմ պատուիրանքներս քովդ պահես,
2 Այնպէս որ ականջդ իմաստութեան տասՈւ սիրտդ հանճարին բանաս,
3 Եթէ դուն իմաստութիւնը քեզի կանչեսԵւ քու ձայնդ հանճարին ուղղես,
4 Եթէ զանիկա արծաթի պէս փնտռեսՈւ ծածուկ գանձերու պէս խնդրես,
5 Այն ատեն Տէրոջը վախը պիտի հասկնասԵւ Աստուծոյ գիտութիւնը պիտի գտնես։
6 Վասն զի իմաստութիւնը Տէրը կու տայ,Գիտութիւնն ու հանճարը անոր բերնէն են։
7 Անիկա ուղիղներուն համար փրկութիւն* կը պահէ.Անիկա ուղղութեամբ քալողներուն վահանն է,
8 Որպէս զի արդարութեան ճամբաները պաշտպանէՈւ իր սուրբերուն ճամբան պահէ։
9 Այն ատեն արդարութիւնը, դատաստանը, ուղղութիւնը եւԱմէն աղէկ ճամբայ պիտի հասկնաս։
10 Երբ իմաստութիւնը քու սրտիդ մէջ մտնէԵւ գիտութիւնը քու հոգիիդ ախորժելի ըլլայ,
11 Խոհեմութիւնը քեզ պիտի պահէՈւ հանճարը քեզ պիտի պաշտպանէ։
12 Որպէս զի քեզ ազատէ չար մարդուն ճամբայէն,Նենգութիւններ խօսող մարդէն
13 Եւ անոնցմէ՝ որոնք ուղիղ ճամբան թողուցեր են,Որպէս զի խաւար ճամբաներու մէջ քալեն։
14 Չարութիւն ընելով կ’ուրախանանԵւ չարին նենգութիւններովը կը ցնծան։
15 Անոնց ճամբաները ծուռ ենՈւ անոնց ընթացքը խոտորնակ է։
16 Որպէս զի քեզ ազատէ օտար կնոջմէն,Շողոքորթութիւն խօսող օտար կնոջմէն։
17 Ան որ իր երիտասարդութեան բարեկամը կը թողուԵւ իր Աստուծոյն ուխտը կը մոռնայ,
18 Անոր տունը մահուան պիտի տանիՈւ անոր շաւիղները՝ մեռելներուն։
19 Անոր գացողները բնաւ չեն դառնարԵւ կեանքի ճամբաներուն չեն հասնիր։
20 Բայց դուն բարի մարդոց ճամբան պիտի երթասՈւ արդարներուն շաւիղները պիտի պահես։
21 Քանզի ուղիղները երկրի վրայ պիտի բնակինԵւ կատարեալները անոր մէջ պիտի մնան։
22 Բայց ամբարիշտները երկրէն պիտի կորսուինՈւ անօրէնները անկէ պիտի մերժուին։
Ստորանիշներ
^ 2։7 Կամ, իմաստութիւն