ԱՌԱԿԱՑ 26։1-28
26 Ինչպէս ամառուան մէջ՝ ձիւն եւ հունձքի ատեն՝ անձրեւ,Այնպէս ալ յիմարին պատիւ չի վայլեր։
2 Ինչպէս ճնճղուկը կը պտըտի ու ծիծեռնակը կը թռչի,Այնպէս ալ առանց պատճառի անէծք չի գար։
3 Ձիուն՝ խարազան ու իշուն՝ խթանԵւ յիմարներուն կռնակին գաւազան պէտք է։
4 Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան մի՛ տար,Որպէս զի դուն ալ անոր նման չըլլաս։
5 Յիմարին իր յիմարութեանը համեմատ պատասխան տուր,Որպէս զի անիկա ինքզինք իմաստուն չկարծէ։
6 Յիմարին ձեռքով խօսք ղրկողըԻր ոտքերը կը կտրէ ու վնաս կը քաշէ*։
7 Ինչպէս կաղին ոտքերը կ’երերան,Այնպէս յիմարին բերնին մէջ՝ առակը։
8 Յիմարին պատիւ տուողըՔարակոյտի մը մէջ պատուական քարերու ծրար դնողին* կը նմանի։
9 Առակը՝ յիմարին բերնին մէջ,Գինովին ձեռքը մտնող փուշին պէս է։
10 Մեծ է ամէն բան Ստեղծողը,Որ յիմարին վարձք կու տայ եւ յանցաւորներուն վարձք կու տայ։
11 Ինչպէս շունը իր փսխածին կը դառնայ,Այնպէս ալ յիմարը իր յիմարութեանը կը դառնայ։
12 Զինք իմաստուն կարծող մարդ մը տեսա՞ր.Աւելի յոյս կայ յիմարէն, քան թէ՝ անկէ։
13 Ծոյլը կ’ըսէ. «Ճամբուն մէջ եւՀրապարակներուն մէջ առիւծ կայ»։
14 Ինչպէս դուռը իր ծխնիներուն վրայ կը դառնայ,Այնպէս ծոյլը՝ իր անկողնին վրայ։
15 Ծոյլը իր ձեռքը ամանին մէջ կը խոթէ,Բայց բերանը տանելու անգամ դժուարութիւն կը զգայ։
16 Ծոյլը՝ իր աչքերուն,Խելացի պատասխան տուող եօթը մարդէն աւելի իմաստուն կ’երեւնայ։
17 Իրենը չեղած դատին համար բարկացող անցորդըՇունը ականջներէն բռնողին պէս է։
18 Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ,
19 Այնպէս է այն մարդը որ իր բարեկամին նենգութիւն կ’ընէՈւ ետքը կ’ըսէ. «Կատակ ըրի»։
20 Առանց փայտի կրակը կը մարիԵւ եթէ քսու չըլլայ, կռիւը կը դադրի։
21 Ինչպէս ածուխը՝ կայծերուն ու փայտը՝ կրակին,Այնպէս է կռուարար մարդը վէճ բռնկցնելու։
22 Քսու մարդուն խօսքերը քաղցր պատառներու պէս են,Որոնք մինչեւ փորին շտեմարանները կ’իջնեն։
23 Կրքոտ շրթունքները եւ չար սիրտըԱրծաթի կղկղանքով պատուած հողէ ամանի կը նմանին։
24 Ատողը իր շրթունքները կը կեղծէՈւ սրտին մէջ նենգութիւն կը պահէ։
25 Անոր գեղեցիկ խօսուածքին մի՛ հաւատար,Վասն զի անոր սրտին մէջ եօթը զզուելի բան կայ։
26 Ան որ իր ատելութիւնը նենգութեամբ կը ծածկէ,Անոր չարութիւնը ժողովուրդին մէջ պիտի յայտնուի։
27 Փոս փորողը ինք մէջը պիտի իյնայԵւ ան որ քար կը գլորէ՝ իրեն պիտի դառնայ։
28 Ստախօս լեզուն իր ծեծածները* կ’ատէՈւ շողոքորթ բերանը կորուստ կը յառաջացնէ։