ԱՌԱԿԱՑ 31։1-31
31 Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը,Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.
2 Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ,Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին,Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։
3 Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար,Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։
4 Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր,Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլերԵւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.
5 Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնանԵւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։
6 Օղին կորսուելու վրայ եղողինՈւ գինին դառնահոգիներուն տուէք,
7 Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնանԵւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։
8 Բաց քու բերանդ համր մարդուն համարՈւ բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։
9 Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէԵւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։
ԿԱՐՈՂ ԿԻՆԸ
10 Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։
11 Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ էՈւ աւարի կարօտ չ’ըլլար։
12 Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջԱնոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։
13 Բուրդ ու քթան կը փնտռէԵւ ուզածը* ձեռքովը կը գործէ։
14 Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։
15 Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուրԵւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։
16 Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։
17 Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէՈւ իր բազուկները կը զօրացնէ։
18 Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։
19 Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէՈւ ափովը րոքը կը բռնէ։
20 Ձեռքը աղքատին կը բանայՈւ ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։
21 Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար.Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։
22 Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։
23 Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ,Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։
24 Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէԵւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։
25 Զօրութիւն ու փառք կը հագնիՈւ վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։
26 Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայԵւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան* օրէնք կայ։
27 Իր տանը ճամբաները կը քննէԵւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։
28 Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.
29 «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան,Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։
30 Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է,Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։
31 Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէնՈւ անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։