ԱՌԱԿԱՑ 5։1-23
5 Որդեա՛կ իմ, մտի՛կ ըրէ իմաստութեանսԵւ քու ականջդ իմ հանճարիս տո՛ւր,
2 Որպէս զի խոհեմութեամբ վարուիսԵւ շրթներդ ցուցնեն քու իմաստութիւնդ։
3 Վասն զի օտար կնոջ շրթունքներէն խորիսխի մեղր կը կաթիՈւ անոր քիմքը իւղէն կակուղ է.
4 Բայց անոր վախճանը՝ օշինդրի պէս դառնՈւ երկսայրի թուրի պէս հատու է։
5 Անոր ոտքերը մահուան կը տանինՈւ անոր քայլերը դժոխք կը հասնին։
6 Ան կեանքի ճամբէն ուղիղ չ’երթար,Իր քայլերը փոփոխական են ու չի գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ,Որ չըլլայ թէ կեանքի ճամբուն վրայ մտածես։
7 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի մտի՛կ ըրէքՈւ իմ բերնիս խօսքերէն մի՛ խոտորիք։
8 Այս կնոջմէն ճամբադ հեռացուրՈւ անոր տանը դրանը մի՛ մօտենար.
9 Չըլլայ որ քու փառքդ՝ ուրիշներուԵւ տարիներդ անողորմ մարդու տաս։
10 Չըլլայ որ օտարները քու զօրութենէդ կշտանանՈւ քու վաստակդ օտարներուն տունը մտնէ
11 Եւ քու վերջին ատենդ հառաչես,Երբ քու մարմինդ ու անդամներդ մաշին
12 Ու ըսես՝ «Ես ի՜նչպէս խրատը ատեցիՈւ իմ սիրտս յանդիմանութիւնը անարգեց
13 Եւ իմ ուսուցիչներուս խօսքին մտիկ չըրիՈւ իմ ականջս դաստիարակողներուն չտուի,
14 Ժողովրդային հաւաքոյթի մէջԾայր աստիճան թշուառութեան հանդիպեցայ»։
15 Դուն քու ջրամբարէդ ջուր խմէԵւ քու ջրհորիդ մէջ վազող ջուրէն։
16 Քու աղբիւրներդ դուրսը թող տարածուին,Ինչպէս ջուրերու վտակները՝ հրապարակներուն մէջ։
17 Անոնք միայն քուկդ թող ըլլան,Ու ո՛չ թէ՝ քուկդ եւ օտարներուն։
18 Քու աղբիւրդ օրհնեալ ըլլայԵւ քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։
19 Անիկա քեզի սիրելի եղնիկի պէսԵւ շնորհալի այծեամի պէս թող ըլլայ։Ամէն ատեն անոր ստինքները քեզ թող կշտացնենՈւ միշտ անոր սիրովը զմայլէ։
20 Եւ ինչո՞ւ, որդեա՛կ իմ, դուն օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիսՈւ օտար կնոջ կուրծքը գրկես։
21 Վասն զի մարդուն ճամբաները Տէրոջը աչքերուն առջեւն ենՈւ անոր բոլոր քայլերուն ինք կը հսկէ։
22 Չարագործը իր անօրէնութիւններովը պիտի բռնուիՈւ անիկա իր մեղքին չուաններովը պիտի կապուի։
23 Անիկա խրատի պակասէն կը մեռնիՈւ իր մեծ յիմարութիւնովը կը կորսուի։