ԱՌԱԿԱՑ 8։1-36
8 Իմաստութիւնը կ’աղաղակէՈւ հանճարը կը ձայնակցի քեզի։
2 Անիկա բարձր տեղերու գլուխըԵւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։
3 Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայՈւ դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ.
4 «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմԵւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։
5 Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք,Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։
6 Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմՈւ իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։
7 Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի,Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։
8 Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ ենԵւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։
9 Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ ենՈւ գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։
10 Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք։
11 Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ էԵւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
12 Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմԵւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։
13 Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ,Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքըՈւ նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։
14 Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը,Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։
15 Թագաւորները ինձմով կը թագաւորենՈւ նախարարները ինձմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։
16 Ինձմով կ’իշխեն իշխանները,Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։
17 Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։
18 Իմ քովս հարստութիւն ու փառք,Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։
19 Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէնԵւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։
20 Ես արդարութեան ճամբուն մէջ,Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ,
21 Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ*,Անոնց գանձարանը լեցնեմ։
22 Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն,Երկիրը ստեղծելէ առաջ,Իր գործին սկիզբը,
23 Դարեր առաջ շինուեցայ։Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։
24 Անդունդները չեղած,Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։
25 Լեռները չտեղաւորուած,Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։
26 Տակաւին երկիրն ու դաշտերըԵւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած,
27 Երբ երկինքները կը պատրաստէրՈւ անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։
28 Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէրԵւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր,
29 Երբ ծովուն կանոն կը դնէր,Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլենՈւ երբ երկրի հիմերը կը ձգէր,
30 Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էիԵւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էիՈւ միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։
31 Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայիՈւ իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։
32 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք,Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։
33 Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛քՈւ զանիկա մի՛ մերժէք։
34 Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ,Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէԵւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։
35 Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէՈւ Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։
36 Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։
Ստորանիշներ
^ 8։21 Կամ, Զիս սիրողներուն ժառանգութիւն տալու կարողութիւն ունիմ