ԱՌԱԿԱՑ 9։1-18

9  Իմաստութիւնը իր տունը շինեցՈւ իր եօթը սիւները կանգնեցուց*,   Իր անասունները մորթեց, իր գինին խառնեց*Ու իր սեղանը պատրաստեց։   Անիկա իր աղախինները ղրկեց,Որ քաղաքին բարձր տեղերը կանչեն.   «Ով որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»։Ու պակասամիտ եղողին ըսեն.   «Եկէ՛ք, իմ հացէս կերէ՛քՈւ խառնած գինիէս խմեցէ՛ք։   Յիմարութիւնը թողուցէ՛ք, որպէս զի ապրիքՈւ խոհեմութեան ճամբուն մէջ քալեցէ՛ք»։   Ծաղրողը յանդիմանողը՝ իրեն անարգանքՈւ ամբարիշտը խրատողը իրեն արատ կը վաստկի։   Ծաղրողը մի՛ յանդիմաներ, որ չըլլայ թէ քեզի թշնամի ըլլայ։Իմաստունը յանդիմանէ՛ ու քեզ պիտի սիրէ։   Իմաստունին խրատ տո՛ւր եւ աւելի իմաստուն պիտի ըլլայ։Արդար մարդուն սորվեցուր ու իր իմաստութիւնը պիտի աւելցնէ։ 10  Իմաստութեան սկիզբը Տէրոջը վախն էՈւ ամենասուրբին գիտութիւնը հանճար է։ 11  Վասն զի քու օրերդ ինձմով պիտի շատնանԵւ քու կեանքիդ տարիները պիտի աւելնան։ 12  Եթէ իմաստուն ես, քեզի համար իմաստուն եսՈւ եթէ կը ծաղրես, անոր պատիժը միայն դուն պիտի կրես։ 13  Անզգամ կինը աղաղակող կ’ըլլայ,Անիկա անմիտ է ու բան չի գիտեր։ 14  Քաղաքին բարձր տեղերը,Իր տանը դուռը աթոռի վրայ կը նստի, 15  Որպէս զի իրենց ճամբան շիտակ գացողԱնցորդները կանչէ։ 16  «Ո՛վ որ պարզամիտ է, թող հոս գայ»Ու պակասամիտ եղողին կ’ըսէ. 17  «Գողցուած ջուրերը անոյշ ենԵւ գաղտնի կերուած հացը համով կ’ըլլայ»։ 18  Բայց անիկա չի գիտեր թէ այն տեղը մեռելներ կանՈւ անոր հրաւիրած մարդիկը դժոխքին անդունդներուն մէջ են։

Ստորանիշներ

9։1 Եբր., տաշեց
9։2 Կամ, լեցուց