Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 18։1-30

18  Երբ Սաւուղին հետ խօսիլը լմնցուց, Յովնաթանին սիրտը Դաւիթին սրտին հետ կապուեցաւ ու Յովնաթան իր անձին պէս սիրեց զանիկա։  Նոյն օրը Սաւուղ զանիկա առաւ ու թող չտուաւ որ իր հօրը տունը դառնայ։  Յովնաթան Դաւիթին հետ ուխտ ըրաւ, քանզի իր անձին պէս կը սիրէր զանիկա։  Յովնաթան իր վրայի վերարկուն հանեց եւ զանիկա ու իր հանդերձները, մինչեւ իսկ իր սուրը, իր աղեղն ու իր գօտին Դաւիթին տուաւ։  Դաւիթ ամէն տեղ կ’երթար, ուր որ Սաւուղ զանիկա կը ղրկէր ու իմաստութեամբ կը վարուէր։ Սաւուղ զանիկա պատերազմական մարդոց վրայ կեցուց ու բոլոր ժողովուրդին ու Սաւուղի ծառաներուն ալ հաճոյ եղաւ։ ՍԱՒՈՒՂ ԴԱՒԻԹԻՆ ԿԸ ՆԱԽԱՆՁԻ  Երբ Դաւիթ Փղշտացին մեռցնելէն կը դառնար ու զօրքերը կու գային, Իսրայէլի բոլոր քաղաքներէն կիները երգելով ու պար բռնելով, թմբուկներով, ուրախութեամբ ու ծնծղաներով Սաւուղ թագաւորը դիմաւորելու ելան։  Պար բռնող կիները կ’երգէին ու կ’ըսէին.«Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,Իսկ Դաւիթ՝ բիւրաւորները»։  Սաւուղ խիստ բարկացաւ ու այս խօսքին համար դժգոհեցաւ ու ըսաւ. «Բիւրաւորները Դաւիթին տուին ու հազարաւորները ինծի տուին։ Հիմա թագաւորութենէ ուրիշ ի՞նչ պակաս մնաց անոր»։  Այն օրէն սկսեալ Սաւուղ ծուռ աչքով կը նայէր Դաւիթին։ 10  Հետեւեալ օրը Սաւուղին վրայ Աստուծմէ չար ոգի եկաւ ու տանը մէջ մարգարէութիւն ըրաւ։ Դաւիթ ուրիշ անգամներու պէս իր ձեռքով քնար կը զարնէր ու Սաւուղին ձեռքը նիզակ մը կար։ 11  Եւ Սաւուղ նիզակը նետեց՝ ըսելով. «Դաւիթը պատին վրայ պիտի գամեմ»։ Բայց Դաւիթ անոր առջեւէն երկու անգամ մէկդի քաշուեցաւ։ 12  Սաւուղ Դաւիթին երեսէն կը վախնար, քանզի Տէրը անոր հետ էր. բայց Սաւուղէն հեռացեր էր։ 13  Սաւուղ զանիկա իր քովէն հեռացուց ու հազարապետ ըրաւ։ Անիկա ժողովուրդին առջեւ կ’ելլէր ու կը մտնէր։ 14  Դաւիթ իր բոլոր ճամբաներուն մէջ իմաստութեամբ կը վարուէր ու Տէրը անոր հետ էր։ 15  Սաւուղ անոր իմաստութեամբ վարուիլը տեսնելով անոր երեսէն կը վախնար։ 16  Բոլոր Իսրայէլ եւ Յուդա Դաւիթը կը սիրէին, քանզի անոնց առջեւ անիկա կ’ելլէր ու կը մտնէր։ 17  Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ահա իմ մեծ աղջիկս Մերովբը քեզի կնութեան պիտի տամ, միայն թէ դուն ինծի զօրաւոր մէկը եղիր ու Տէրոջը պատերազմները պատերազմէ. քանզի Սաւուղ ըսաւ. «Անոր վրայ իմ ձեռքս թող չըլլայ, այլ Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ թող ըլլայ»։ 18  Դաւիթ Սաւուղին ըսաւ. «Ես ո՞վ եմ ու իմ կեանքս կամ իմ հօրս ազգատոհմը Իսրայէլի մէջ ի՞նչ է, որ թագաւորին փեսայ ըլլամ»։ 19  Սաւուղին աղջիկը Մերովբը Դաւիթին տրուելու տեղ՝ Մաուլացի Եդրիէլին տրուեցաւ։ ԴԱՒԻԹ ՍԱՒՈՒՂԻՆ ԱՂՋԿԱՆ ՀԵՏ Կ’ԱՄՈՒՍՆԱՆԱՅ 20  Սաւուղին Մեղքող աղջիկը կը սիրէր Դաւիթը. երբ Սաւուղին իմացուցին, այս բանը անոր աչքերուն հաճոյ երեւցաւ։ 21  Սաւուղ ըսաւ. «Ես զանիկա անոր տամ, որպէս զի անոր որոգայթ ըլլայ ու Փղշտացիներուն ձեռքը անոր վրայ ըլլայ»։ Ուստի Սաւուղ Դաւիթին ըսաւ. «Ինծի երկրորդ* փեսայ եղիր»։ 22  Սաւուղ իր ծառաներուն հրամայեց, որ Դաւիթին հետ ծածկաբար խօսին ու ըսեն. «Ահա թագաւորը քեզ հաւներ է ու անոր բոլոր ծառաները քեզ կը սիրեն. ուստի հիմա թագաւորին փեսայ եղիր»։ 23  Սաւուղին ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին ականջներուն խօսեցան։ Դաւիթ ըսաւ. «Թագաւորին փեսայ ըլլալը ձեր աչքին պզտի՞կ բան կ’երեւնայ. քանզի ես աղքատ ու աննշան մարդ մըն եմ»։ 24  Սաւուղին ծառաները իրեն իմացուցին ու ըսին. «Դաւիթ այսպէս խօսեցաւ»։ 25  Սաւուղ ըսաւ. «Դաւիթին այսպէս ըսէք. ‘Թագաւորը ուրիշ օժիտ չ’ուզեր, բայց միայն Փղշտացիներէն հարիւր անթլփատութիւն, որպէս զի թագաւորին թշնամիներէն վրէժ առնուի’» (Սաւուղ կը խորհէր Դաւիթը Փղշտացիներու ձեռքը մատնել* 26  Ու երբ անոր ծառաները այս խօսքերը Դաւիթին իմացուցին, Դաւիթին աչքերուն աղէկ երեւցաւ թագաւորին փեսայ ըլլալը, 27  Ուստի օրերուն լմննալէն առաջ՝ Դաւիթ ելաւ ու իր մարդոցմով գնաց եւ Փղշտացիներէն երկու հարիւր մարդ մեռցուց ու Դաւիթ անոնց անթլփատութիւնները բերաւ ու զանոնք լման թագաւորին տուին, որպէս զի թագաւորին փեսայ ըլլայ։ Սաւուղ իր Մեղքող աղջիկը կնութեան տուաւ անոր։ 28  Սաւուղ երբ տեսաւ ու հասկցաւ թէ Տէրը Դաւիթին հետ է ու իր Մեղքող աղջիկը զանիկա կը սիրէ, 29  Սաւուղ ա՛լ աւելի վախցաւ Դաւիթէն։ Սաւուղ շարունակ Դաւիթին թշնամութիւն կ’ընէր։ 30  Ու Փղշտացիներու իշխանները ելան ու անոնց ելլելէն ետքը Դաւիթ Սաւուղին բոլոր ծառաներէն աւելի իմաստութեամբ կը վարուէր ու անոր անունը շատ հռչակուեցաւ։

Ստորանիշներ

18։21 Կամ, երկու աղջիկներուս մէկովը
18։25 Կամ, ձեռքովը կորսնցնել