Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 21։1-15

21  Դաւիթ Նոբ գնաց Աքիմելէք քահանային։ Աքիմելէք զարհուրելով Դաւիթը դիմաւորեց ու անոր ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար մինակ ես ու քեզի հետ մարդ չկայ»։  Եւ Դաւիթ Աքիմելէք քահանային ըսաւ. «Թագաւորը ինծի բան մը հրամայեց ու ինծի ըսաւ. ‘Մա՛րդ թող չգիտնայ այն բանը որուն համար քեզ կը ղրկեմ ու ինչ որ քեզի հրամայեցի’։ Ես մանչերուն մէկ–մէկ տեղ որոշեր եմ։  Հիմա ի՞նչ կայ ձեռքիդ տակ։ Ինծի հինգ հատ հաց տուր, կամ ինչ որ կը գտնուի»։  Քահանան Դաւիթին պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ձեռքիս տակ հասարակ հաց չկայ, միայն սուրբ հաց կայ. եթէ մանչերը գոնէ կիներէ զգուշացած են՝ թող ուտեն»։  Դաւիթ քահանային պատասխան տուաւ ու անոր ըսաւ. «Իրաւցնէ կիները մեզմէ հեռու են իմ ճամբայ ելած օրէս, այսինքն երէկուընէ ու միւս օրուընէ եւ մանչերուն ամանները մաքուր են եւ այս ալ հասարակ հաց կրնայ սեպուիլ*, մանաւանդ որ այսօր ամաններուն մէջ ուրիշ հաց կը սրբագործուի»։  Ուստի քահանան սուրբ հացը տուաւ անոր. քանզի հոն ուրիշ հաց չկար, բայց միայն առաջաւորութեան հացը, որ Տէրոջը առջեւէն կը վերցուէր ու վերցուած օրը տաք հաց կը դրուէր։  Այն օրը Սաւուղին ծառաներէն մէկը արգելափակուած էր ու անոր անունը Եդովմայեցի Դովեկ էր. անիկա Սաւուղին հովիւներուն գլուխն էր։  Դաւիթ Աքիմելէքին ըսաւ. «Այստեղ քու ձեռքիդ տակ նիզակ մը կամ սուր մը չկա՞յ. քանզի թագաւորին գործին ստիպողական ըլլալուն համար իմ սուրս ու զէնքերս ինծի հետ չառի»։  Քահանան ըսաւ. «Ահա Փղշտացի Գողիաթին սուրը՝ որ Էլայի հովիտին մէջ մեռցուցիր, անիկա եփուտին ետեւը լաթի մը մէջ փաթթուած կը կենայ. եթէ կ’ուզես զանիկա առնել՝ ա՛ռ, քանզի հոս անկէ ուրիշ չկայ»։ Դաւիթ ըսաւ. «Անոր նմանը չկայ. զանիկա ինծի տուր»։ 10  Այն օրը Դաւիթ ելաւ ու Սաւուղին երեսէն փախաւ եւ Գէթի Անքուս թագաւորին գնաց։ 11  Անքուսին ծառաները անոր ըսին. «Երկրին թագաւորը՝ Դաւիթը ասիկա չէ՞. ասոր համար չէ՞ր որ պար բռնողները կ’երգէին ու կ’ըսէին.Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,Իսկ Դաւիթ իր բիւրաւորները»։ 12  Դաւիթ այս խօսքերը իր սրտին մէջ դրաւ ու Գէթի թագաւորին Անքուսին երեսէն շատ վախցաւ։ 13  Անոնց առջեւ իր դէմքը փոխելով՝ անոնց ձեռքին տակ զինք խենթ ձեւացուց. դռներու փեղկերուն վրայ նշաններ կը գծէր ու լորձունքները մօրուքին վրայ կը վազցնէր։ 14  Եւ Անքուս իր ծառաներուն ըսաւ. «Ահա այս մարդուն խենթ ըլլալը տեսաք, զանիկա ինչո՞ւ համար ինծի բերիք։ 15  Միթէ ես խենթերու կարօ՞տ եմ, որ ատիկա իմ առջեւս բերիք խենթութիւն ընելու համար. ատիկա իմ տո՞ւնս պիտի մտնէ»։

Ստորանիշներ

21։5 Եբր., կերպով մը հասարակ է