Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 27։1-12
27 Դաւիթ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Վերջապէս օր մը Սաւուղին ձեռքով պիտի կորսուիմ. ինծի համար Փղշտացիներուն երկիրը փախչելէն աղէկը չկայ, որպէս զի Սաւուղ ինձմէ յոյսը կտրէ ու զիս անգամ մըն ալ Իսրայէլի սահմաններուն մէջ չփնտռէ ու անոր ձեռքէն ազատիմ։
2 Դաւիթ իրեն հետ եղող վեց հարիւր մարդով ելաւ ու Գէթի թագաւորին Մաովքին որդիին Անքուսին քով գնաց։
3 Դաւիթ ինք ու իր մարդիկը, իւրաքանչիւր մարդ իր տնովը, Դաւիթ ալ իր երկու կիներովը, Յեզրայելացի Աքինոամին հետ ու Կարմելացի Նաբաղին կնոջ Աբիգիային հետ Անքուսին քով Գէթի մէջ բնակեցան։
4 Երբ Սաւուղին իմացուցին թէ Դաւիթ Գէթ փախեր է, անգամ մըն ալ զանիկա չփնտռեց։
5 Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Կ’աղաչեմ, եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, գիւղաքաղաքներէն մէկուն մէջ ինծի տեղ տուր, որպէս զի հոն նստիմ. քանզի քու ծառադ ինչո՞ւ համար քեզի հետ թագաւորանիստ քաղաքին մէջ նստի»։
6 Այն օրը Անքուս Սիկելակը տուաւ անոր։ Այս պատճառով Սիկելակ մինչեւ այսօր Յուդայի թագաւորներուն եղաւ։
7 Ու Փղշտացիներու երկրին մէջ Դաւիթին նստած օրերուն թիւը մէկ տարի ու չորս ամիս եղաւ։
8 Դաւիթ ու անոր մարդիկը ելան եւ Գեսուրացիներուն, Գազերացիներուն* ու Ամաղեկացիներուն վրայ յարձակեցան, քանզի անոնք երկար ատենէ ի վեր այն երկրին մէջ կը բնակէին, Սուրէն մինչեւ Եգիպտոսի երկիրը։
9 Դաւիթ այն երկիրը զարկաւ ու ամենեւին այր մարդ մը կամ կին մարդ մը ողջ չթողուց եւ ոչխարներն ու արջառներն ու էշերը եւ ուղտերն ու հանդերձները առաւ եւ դարձաւ Անքուսին եկաւ։
10 Անքուս ըսաւ. «Այսօր ո՞ր կողմը յարձակեցաք»։ Դաւիթ ըսաւ. «Յուդայի հարաւային կողմը, Յերամելացիներուն հարաւային կողմը ու Կենեցիներուն հարաւային կողմը»։
11 Դաւիթ մէկ այր կամ կին մարդ ողջ չթողուց, որ Գէթ լուր բերէ. քանզի ըսաւ. «Չըլլայ թէ մեզի համար պատմեն ու ըսեն թէ Դաւիթ այսպէս ըրաւ»։ Ու անոր սովորութիւնը այսպէս էր, քանի որ Փղշտացիներու երկրին մէջ կը նստէր*։
12 Անքուս Դաւիթին հաւատալով՝ ըսաւ. «Այս մարդը՝ իր ժողովուրդին, Իսրայէլին քով ինքզինք խիստ ատելի ընելուն համար, ինծի յաւիտեան ծառայ պիտի ըլլայ»։
Ստորանիշներ
^ 27։8 Կամ, Գարեզացիներու
^ 27։11 Կամ, այսպէս ըրաւ ու անոր սովորութիւնը այսպէս պիտի ըլլայ՝ քանի որ Փղշտացիներու երկրին մէջ կը նստի