Ա. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 29։1-11
29 Փղշտացիները իրենց բոլոր բանակները Ափէկի մէջ հաւաքեցին, իսկ Իսրայելացիները Յեզրայէլի մէջ եղող աղբիւրին քով բանակեցան։
2 Եւ Փղշտացիներուն նախարարները իրենց հարիւրաւորներովը ու հազարաւորներովը կ’անցնէին։ Դաւիթ ու իր մարդիկն ալ անոնց ետեւէն Անքուսի հետ կ’անցնէին։
3 Փղշտացիներուն իշխանները ըսին. «Այս Եբրայեցիները ի՞նչ պիտի ըլլան»։ Անքուս Փղշտացիներուն իշխաններուն ըսաւ. «Ասիկա Իսրայէլի թագաւորին Սաւուղին ծառան Դաւիթը չէ՞ որ այսչափ օրերէ՝ կամ մանաւանդ այսչափ տարիներէ ի վեր իմ քովս է ու ինծի եկած օրէն մինչեւ այսօր անոր վրայ ամենեւին յանցանք մը չգտայ»։
4 Փղշտացիներուն իշխանները անոր սրդողեցան ու ըսին. «Այդ մարդը ետ ղրկէ, որ երթայ իր տեղը, ուր զանիկա դրիր, որ մեզի հետ չպատերազմի եւ չըլլայ թէ պատերազմին մէջ մեզի թշնամութիւն ընէ. քանզի անիկա ինչո՞վ պիտի հաշտուի իր տիրոջը հետ, չէ՞ որ այս մարդոց գլուխներովը։
5 Ասիկա այն Դաւիթը չէ՞, որուն համար կիները պար բռնելով կ’ըսէին.‘Սաւուղ իր հազարաւորները զարկաւ,Իսկ Դաւիթ՝ իր բիւրաւորները’»։
6 Անքուս Դաւիթը կանչեց ու անոր ըսաւ. «Տէրը կենդանի է, որ դուն շիտակ մարդ մըն ես եւ ինծի հետ բանակին մէջ մտնելդ ու ելլելդ իմ աչքիս աղէկ կ’երեւնայ. քանզի ինծի եկած օրէդ մինչեւ այսօր քու վրադ չարութիւն մը չգտայ, բայց դուն նախարարներուն աչքին աղէկ չես երեւնար,
7 Ուստի հիմա դարձիր եւ խաղաղութեամբ գնա՛ ու Փղշտացիներուն նախարարներուն աչքին գէշ երեւցածը մի՛ ըներ»։
8 Դաւիթ Անքուսին ըսաւ. «Բայց ես ի՞նչ ըրի ու առաջին օրէն մինչեւ այսօր ծառայիդ վրայ ի՞նչ սխալ գտար, որ ես չերթամ ու իմ տիրոջս՝ թագաւորին՝ թշնամիներուն հետ պատերազմ չընեմ»։
9 Անքուս պատասխան տուաւ ու Դաւիթին ըսաւ. «Գիտեմ որ դուն իմ աչքերուս Աստուծոյ հրեշտակին պէս աղէկ կ’երեւնաս, բայց Փղշտացիներուն իշխանները ըսին թէ ‘Անիկա մեզի հետ թող չպատերազմի’,
10 Ուստի առտուն կանուխ ելիր քու տիրոջդ ծառաներուն հետ ու լուսցածին պէս գացէ՛ք»։
11 Դաւիթ ու իր մարդիկը առտուն կանուխ ելան, որպէս զի երթան ու Փղշտացիներուն երկիրը դառնան. իսկ Փղշտացիները Յեզրայէլ ելան։