Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՍ 1։1-10

1  Պօղոս եւ Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.  Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէն*։ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԵՑԻՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔԸ ԵՒ ՀԱՒԱՏՔԸ Կը գոհանանք Աստուծմէ ամէն ատեն ձեր ամենուն համար՝ ձեզ յիշելով մեր աղօթքներուն մէջ.  Անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը ու սիրոյ աշխատութիւնը եւ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօրը առջեւ։  Գիտցէ՛ք, սիրելի եղբայրներ, թէ Աստուած ձեզ ընտրեց  Եւ մեր աւետարանը ո՛չ միայն խօսքով քարոզուեցաւ ձեզի, հապա զօրութիւնով ալ եւ Սուրբ Հոգիով ու ստուգութեամբ, ինչպէս գիտէք ալ թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ ձեզի համար։  Դուք ալ՝ մեզի ու Տէրոջը նմանելով ընդունեցիք խօսքը շատ նեղութեան մէջ Սուրբ Հոգիին ուրախութիւնովը։  Այնպէս որ դուք օրինակ եղաք բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ են։  Վասն զի ձեզմէ հռչակուեցաւ Տէրոջը խօսքը, ո՛չ միայն Մակեդոնիայի ու Աքայիայի մէջ, հապա նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ ձեր հաւատքը, որ ունիք Աստուծոյ վրայ, այնպէս որ ա՛լ պէտք չունինք բան մը խօսելու։  Քանզի իրենք կը պատմեն մեզի համար, թէ ի՛նչպէս մեզ ընդունեցիք եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն Աստուծոյ դարձաք՝ կենդանի ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու 10  Եւ սպասելու անոր Որդիին՝ երկնքէն գալուն, որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսը, որ կ’ազատէ մեզ գալու բարկութենէն։

Ստորանիշներ

1։2 Ոմանք չունին