Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 11։1-34
11 Ինծի նմանեցէ՛ք, ինչպէս ես ալ՝ Քրիստոսին։
2 Արդ ձեզ կը գովեմ ե՛ղբայրներ, որ ամէն բանի մէջ զիս կը յիշէք ու պատուէրներս կը պահէք՝ ինչպէս ես ձեզի աւանդեցի։
3 Բայց կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը եւ Քրիստոսին գլուխը՝ Աստուած։
4 Ամէն այր մարդ, որ գլուխը գոց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը։
5 Եւ ամէն կին, որ գլուխը բաց աղօթքի կը կայնի կամ մարգարէութիւն կ’ընէ, անպատիւ կ’ընէ իր գլուխը. վասն զի այնպէս կը սեպուի որպէս թէ ածիլուած էր։
6 Վասն զի եթէ կինը չի ծածկուիր, թող իր մազերն ալ կտրէ. իսկ եթէ ամօթ է կնոջ մը իր մազերը կտրելը կամ ածիլուիլը, թող ծածկուի։
7 Այր մարդուն պէտք չէ գլուխը ծածկել, վասն զի Աստուծոյ պատկերն ու փառքն է. բայց կինը իր էրկանը փառքն է։
8 Քանզի ո՛չ թէ այր մարդը կնոջմէն է, հապա կինը՝ այր մարդէն։
9 Վասն զի այր մարդը չստեղծուեցաւ կնոջը համար, հապա կինը՝ էրկանը համար։
10 Այս պատճառաւ պէտք է որ կինը իր գլխուն շուք* դնէ հրեշտակներուն համար.
11 Բայց ո՛չ կինը առանց այր մարդու կ’ըլլայ ու ո՛չ այր մարդը՝ առանց կնոջ՝ Տէրոջմով։
12 Վասն զի ինչպէս կինը այր մարդէն է նոյնպէս այր մարդը կնոջ միջոցաւ, բայց ամէնքը Աստուծմէ։
13 Դուք ձեզմէ դատեցէք. կնոջ կը վայլէ՞ գլուխը բաց աղօթքի կայնիլ Աստուծոյ առջեւ.
14 Չէ՞ որ բնութիւնն ալ կը սորվեցնէ ձեզի թէ այր մարդ մը եթէ երկար մազերով է, իրեն անարգանք է.
15 Բայց կինը եթէ երկար մազերով է, իրեն փառք է. վասն զի մազերը ծածկոցի տեղ տրուած են իրեն։
16 Սակայն եթէ մէկը հակառակիլ ուզէ անոր, մենք այնպիսի սովորութիւն չունինք, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցիները։
ՏԷՐՈՋԸ ԸՆԹՐԻՔԸ
17 Բայց ասիկա պատուիրելով ձեզ չեմ գովեր, վասն զի ձեր հաւաքուիլը ո՛չ թէ աղէկ՝ հապա գէշ արդիւնք կ’ունենայ։
18 Նախ՝ երբ մէկտեղ հաւաքուիք եկեղեցիին մէջ կը լսեմ թէ բաժանումներ կան ձեր մէջ եւ մասամբ կը հաւատամ։
19 Վասն զի հարկաւ ձեր մէջ հերձուածներ ալ պիտի ըլլան, որպէս զի ձեր մէջ եղող ընտիրները երեւնան։
20 Ուստի դուք որ մէկտեղ կը հաւաքուիք, ատիկա Տէրունական ընթրիքը ուտել չէ.
21 Վասն զի ուտելու ատեն ամէն ոք աճապարանքով ընթրիքը կ’առնէ։ Մէկը անօթի կը մնայ ու միւսը կը գինովնայ։
22 Միթէ ուտելու եւ խմելու համար տուն չունի՞ք, կամ թէ Աստուծոյ եկեղեցի՞ն կ’անարգէք եւ կ’ամչցնէք չքաւորները։ Ձեզի ի՞նչ ըսեմ, ձեզ գովե՞մ։ Այդ բանին համար չեմ գովեր։
23 Վասն զի ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն, որ ձեզի ալ աւանդեցի՝ թէ՝ Տէր Յիսուս իր մատնուած գիշերը հաց առաւ
24 Եւ գոհանալով՝ կտրեց ու ըսաւ. «Առէ՛ք ու կերէ՛ք, այս է իմ մարմինս որ ձեզի համար պիտի կտրուի. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։
25 Նոյնպէս ալ գաւաթը ընթրիքէն յետոյ առաւ ու ըսաւ. «Այս գաւաթը նոր ուխտ է իմ արիւնովս. ասիկա ըրէք քանի անգամ որ խմելու ըլլաք՝ զիս յիշելու համար»։
26 Վասն զի քանի անգամ որ այս հացը ուտէք ու այս գաւաթը խմէք, Տէրոջը մահը պիտի պատմէք՝ մինչեւ ինք գայ։
27 Ուստի ով որ այս հացը ուտէ կամ Տէրոջը գաւաթը խմէ անարժանաբար, պարտական պիտի ըլլայ Տէրոջը մարմնին եւ արիւնին։
28 Ուրեմն թող մարդ իր անձը փորձէ ու այսպէս այն հացէն ուտէ եւ այն գաւաթէն խմէ։
29 Վասն զի ան որ անարժանաբար կ’ուտէ ու կը խմէ, իր անձին դատապարտութիւնը կ’ուտէ ու կը խմէ, վասն զի Տէրոջը մարմնին իմաստը չ’որոշեր։
30 Ասոր համար ձեր մէջ շատ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ շատեր ալ կը ննջեն։
31 Վասն զի եթէ ինքզինքնիս դատելու ըլլայինք, պիտի չդատապարտուէինք։
32 Իսկ երբ կը դատուինք, Տէրոջմէն կը խրատուինք, որպէս զի աշխարհի հետ չդատապարտուինք։
33 Ուստի, եղբայրներս, երբ մէկտեղ կը հաւաքուիք ուտելու, իրարու սպասեցէք։
34 Իսկ եթէ մէկը անօթի է՝ թող իր տանը մէջ ուտէ, որ չըլլայ թէ դատապարտութեան համար հաւաքուիք։ Ուրիշ պատուէրներ ձեզի եկած ատենս պիտի հաղորդեմ։
Ստորանիշներ
^ 11։10 Յուն., իշխանութիւն