Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 2։1-16
2 Ե՛ղբայրներ, ձեզի խօսքի կամ իմաստութեան գերազանցութիւնով մը Աստուծոյ վկայութիւնը յայտնելու չեկայ։
2 Վասն զի միտքս չդրի ձեր մէջ ուրիշ բան մը գիտնալ, բայց միայն Յիսուս Քրիստոսը ու այն խաչը ելած։
3 Եւ ես տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով ձեր քով կեցայ.
4 Ու իմ խօսքս եւ քարոզութիւնս ո՛չ թէ մարդկային* իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էր, հապա Հոգիին համոզիչ զօրութիւնով։
5 Որպէս զի ձեր հաւատքը մարդոց իմաստութիւնովը չըլլայ, հապա Աստուծոյ զօրութիւնովը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
6 Սակայն կատարեալներուն հետ իմաստութեան մասին կը խօսինք, բայց ո՛չ թէ աշխարհի իմաստութեան եւ ո՛չ այս աշխարհի մահկանացու իշխաններուն,
7 Հապա Աստուծոյ ծածուկ իմաստութեան մասին կը խօսինք խորհրդով, որ աշխարհի ստեղծուելէն առաջ սահմանեց Աստուած մեր փառքին համար.
8 Որ այս աշխարհի իշխաններէն մէ՛կը չճանչցաւ. քանզի եթէ ճանչցած ըլլային, ա՛լ փառքերուն Տէրը խաչը չէին հաներ.
9 Հապա ինչպէս գրուած է. «Այն բաները որոնք աչք չէ տեսեր եւ ականջ չէ լսեր ու որոնք մարդու սրտին մէջ չեն ինկեր, Աստուած զինք սիրողներուն պատրաստեց»։
10 Բայց Աստուած մեզի յայտնեց իր Հոգիովը, վասն զի Հոգին ամէն բան կը քննէ, Աստուծոյ խորունկ բաներն ալ։
11 Վասն զի մարդոցմէ ո՞վ գիտէ մարդուն բաները, բայց միայն մարդուն հոգին որ իր մէջ է. նոյնպէս ալ Աստուծոյ բաները մէ՛կը չի գիտեր, բայց միայն Աստուծոյ Հոգին։
12 Իսկ մենք ո՛չ թէ այս աշխարհի հոգին առինք, հապա այն Հոգին որ Աստուծմէն է. որպէս զի մենք ճանչնանք այն բաները որոնք Աստուծմէ տրուեցան մեզի.
13 Որոնց մասին կը խօսինք ոչ թէ մարդկային իմաստութեան սորվեցուցած խօսքերովը, հապա Հոգիին* սորվեցուցածներովը եւ հոգեւոր բաները հոգեւորի հետ կը յարմարցնենք։
14 Իսկ շնչաւոր մարդը Աստուծոյ Հոգիին բաները չ’ընդունիր, վասն զի անոնք իրեն յիմարութիւն են ու չի կրնար գիտնալ, վասն զի հոգեւոր կերպով կը քննուին։
15 Բայց ան որ հոգեւոր է՝ ամէն բան կը քննէ ու ինք մէկէն չի քննուիր։
16 Քանզի ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, որ անոր խրատ տուող ալ ըլլայ. բայց մենք Քրիստոսին միտքը ունինք։