Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։1-27

9  Չէ՞ որ ես առաքեալ եմ. չէ՞ որ ես ազատ եմ. չէ՞ որ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը աչքովս տեսայ. չէ՞ որ դուք իմ գործս էք Տէրոջմով։  Թէպէտ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ ալ, բայց անտարակոյս ձեզի եմ. վասն զի իմ առաքելութեանս կնիքը դուք էք Տէրոջմով։  Իմ պատասխանս անոնց որ զիս կը քննեն, այս է.  Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք ուտելու եւ խմելու։  Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն։  Միթէ ես ու Բառնաբա՞սը միայն իրաւունք չունինք չգործելու։  Ո՞վ իր ապրուստով զինուորութիւն կ’ընէ. ո՞վ այգի կը տնկէ ու անոր պտուղէն չ’ուտեր, կամ ո՞վ ոչխարներ կ’արածէ ու ոչխարներուն կաթէն չ’ուտեր։  Միթէ մարդկօրէ՞ն կ’ըսեմ այս բաները, կամ չէ՞ որ օրէնքն ալ նոյնը կ’ըսէ։  Քանզի Մովսէսին օրէնքին մէջ ալ գրուած է. «Կալին մէջ աշխատող եզին դունչը մի՛ կապեր»։ Միթէ Աստուած միայն եզե՞րը կը հոգայ. 10  Չէ՞ որ մասնաւորաբար մեզի համար կ’ըսէ. վասն զի մեզի համար գրուեցաւ. որովհետեւ ան որ կը հերկէ՝ պէտք է որ յոյսով հերկէ եւ ան որ ցորենը կը ծեծէ՝ պէտք է որ վայլելու յոյսով* ընէ։ 11  Եթէ մենք ձեզի հոգեւոր բաներ սերմանեցինք, մե՞ծ բան է՝ եթէ ձեզմէ մարմնաւոր բաներ հնձենք։ 12  Եթէ ուրիշները ձեր վրայ այս իրաւունքը ունին, չէ՞ որ ալ աւելի մե՛նք. բայց մենք այս իրաւունքը չգործածեցինք, հապա ամէն բանի համբերեցինք, որպէս զի Քրիստոսին աւետարանին արգելք մը չըլլանք։ 13  Չէ՞ք գիտեր թէ տաճարին մէջ աշխատողները տաճարէն կ’ուտեն ու անոնք որ սեղանին պաշտօնեաներն են՝ սեղանէն բաժին կ’առնեն։ 14  Նոյնպէս ալ Տէրը հրաման տուաւ, որ աւետարանը քարոզողները աւետարանէն ապրին։ 15  Բայց ես այս իրաւունքներէն մէ՛կը չգործածեցի, ո՛չ ալ այդ բաները գրեցի ինծի համար. քանզի աւելի աղէկ է ինծի որ մեռնիմ, քան թէ մէկը իմ պարծանքս պարապ հանէ։ 16  Վասն զի եթէ ես աւետարանը քարոզեմ, ինծի պարծանք չէ, իմ պարտականութիւնս է. մանաւանդ վայ է ինծի՝ եթէ աւետարանը չքարոզեմ։ 17  Քանզի եթէ ասիկա կամաւ ընեմ, վարձք կ’ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ ան ինծի յանձնուած տնտեսութիւն մըն է։ 18  Ուրեմն ի՞նչ վարձք կ’ըլլայ ինծի. այս կ’ըլլայ որ քարոզելու ատենս Քրիստոսին աւետարանը ձրի տամ որ չըլլայ թէ աւետարանին մէջ իմ իրաւունքս գէշ կերպով գործածեմ։ 19  Քանզի թէեւ ես ամենէն ազատ էի, բայց իմ անձս ամենուն ծառայ ըրի, որպէս զի շատերը շահիմ։ 20  Հրեաներուն հետ Հրեայի պէս եղայ, որպէս զի Հրեաները շահիմ, 21  Օրէնքի տակ եղողներուն հետ օրէնքի տակ եղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես օրէնքի տակ էի, որպէս զի օրէնքի տակ եղողներն ալ շահիմ. օրէնքի տակ չեղողներուն հետ օրէնքի տակ չեղողի պէս եղայ, ոչ թէ ես Աստուծմէն օրէնք չունէի, հապա Քրիստոսին օրէնքին տակ էի, որպէս զի օրէնք չունեցողներն ալ շահիմ. 22  Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէս զի տկարները շահիմ. ամենուն հետ ամէն բան եղայ, որպէս զի մէկ քանիները ապրեցնեմ։ 23  Եւ ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէս զի անոր կցորդ ըլլամ։ 24  Չէ՞ք գիտեր ասպարէզին մէջ վազողները։ Իրաւ ամէնքը կը վազեն, բայց մէ՛կը կ’առնէ մրցանակը։ Այնպէս վազեցէք, որ հասնիք։ 25  Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։ 26  Ուստի ես կը վազեմ, ոչ թէ անստուգութեամբ. ես բռնամարտութիւն կ’ընեմ, ոչ թէ հովը ծեծելով. 27  Բայց իմ մարմինս կը ճնշեմ ու կը նուաճեմ, որպէս զի չըլլայ թէ ուրիշներուն քարոզելէ յետոյ՝ ես ինքս խոտելի գտնուիմ։

Ստորանիշներ

9։10 Ոմանք, իր յոյսը վայլելու համար