Ա. ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ 2։1-25
2 Ուրեմն մէկդի՛ ձգելով ամէն չարութիւն ու ամէն խաբէութիւն ու կեղծաւորութիւն եւ նախանձ ու ամէն չարախօսութիւն՝
2 Նորածին մանուկներու պէս բանական ու անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէս զի անով մեծնաք մինչեւ փրկութիւն,
3 Քանզի Տէրոջը քաղցր ըլլալուն համը առիք։
4 Մօտեցէ՛ք անոր, այն կենդանի Վէմին որ թէպէտ մարդոցմէ անարգուած է, բայց Աստուծմէն ընտրուած ու պատուական է,
5 Դուք ալ կենդանի քարերու պէս շինուիք հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով Աստուծոյ հաճելի հոգեւոր պատարագներ մատուցանելու։
6 Որովհետեւ գրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիօնի մէջ ընտիր, պատուական անկիւնի վէմ մը կը դնեմ եւ ով որ անոր հաւատայ՝ բնաւ պիտի չամչնայ»։
7 Ուստի ձեզի հաւատացեալներուդ պատուական է ան, բայց անհաւատներուն՝ «Այն քարը որ շինողները անարգեցին՝ անիկա անկիւնին գլուխը եղաւ»
8 Եւ «գլորման վէմ ու գայթակղութեան քար» անոնց՝ որ խօսքին չհաւատալով կը գայթակղին, որուն սահմանուած ալ էին։
9 Բայց դուք «ընտիր ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն, սուրբ ազգ, սեփական ժողովուրդ մը, որպէս զի հռչակէք անոր առաքինութիւնները», որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց.
10 Որ ատեն մը ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. որ առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՆԵՐԸ
11 Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին,
12 Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը։
13 Ուստի հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է,
14 Թէ՛ կուսակալներուն՝ անոր կողմէն ղրկուածներու պէս, չարագործները պատժելու եւ բարեգործները գովելու համար։
15 Վասն զի Աստուծոյ կամքը այսպէս է, որ բարեգործութեամբ անխելք մարդոց տգիտութիւնը պապանձեցնէք.
16 Ազատներու պէս ըլլալով եւ ո՛չ թէ ձեր ազատութիւնը չարութեան ծածկոցի մը պէս գործածելով, հապա Աստուծոյ ծառաներու պէս։
17 Ամէնքը պատուեցէ՛ք, եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք. թագաւորը յարգեցէ՛ք։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՉԱՐՉԱՐԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՕՐԻՆԱԿԸ
18 Ծառաները ամէն բանի մէջ վախով հնազանդ ըլլան իրենց տէրերուն, ո՛չ միայն բարերարներուն ու հեզերուն, հապա ժանտաբարոներուն ալ։
19 Քանզի Աստուծմէ է այս շնորհքը, երբ մէկը բարի խղճմտանքով անիրաւ տեղ վիշտ կը կրէ։
20 Վասն զի գովեստի արժանի ի՞նչ կայ եթէ մեղք գործելով ծեծուիք ու համբերէք։ Բայց եթէ բարիք գործելով չարչարուիք ու համբերէք, ասիկա Աստուծոյ քով շնորհք մըն է։
21 Քանզի դուք այս բանին համար կանչուեցաք, վասն զի Քրիստոս ալ ձեզի համար չարչարուեցաւ ու ձեզի օրինակ թողուց՝ որպէս զի իր շաւիղներուն հետեւիք։
22 Ան մեղք չգործեց ու իր բերնին մէջ նենգութիւն չգտնուեցաւ,
23 Բայց կը նախատուէր եւ փոխարէնը չէր նախատեր, կը չարչարուէր ու սպառնալիք չէր ըներ. հապա ինքզինք արդար դատաւորին կը յանձնէր.
24 Որ մեր մեղքերը իր մարմնովը խաչափայտին վրայ վերցուց, որպէս զի մենք մեղքերէն ազատինք ու արդարութեան համար ապրինք. որուն վէրքերովը դուք բժշկուեցաք։
25 Վասն զի մոլորեալ ոչխարներու պէս էիք, բայց հիմա ձեր հոգիներուն Հովիւին ու Տեսուչին դարձաք։