Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 1։1-20

1  Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ՝ մեր Փրկիչ Աստուծոյ եւ մեր յոյսը եղող Քրիստոս Յիսուսին* հրամանովը,  Տիմոթէոսին՝ հաւատքով իմ հարազատ որդիիս՝ շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ մեր Հօրմէն եւ Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջմէն։ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ ՍԽԱԼ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵՆԷ  Ինչպէս քեզի աղաչեցի Եփեսոս մնալ, երբ ես Մակեդոնիա կ’երթայի, որ պատուիրես մէկ քանիներուն օտար ուսմունք չսորվեցնել  Եւ չնայիլ առասպելներու ու ազգահամարներու՝ որոնք վերջ չունին, որոնք աւելի վէճեր ալ կը պատճառեն՝ քան թէ Աստուծոյ հաճելի շինութիւն*՝ որ կ’ըլլայ հաւատքով։  Իսկ պատուիրանքին գլուխը սէրն է սուրբ սրտով ու բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով.  Որոնցմէ խոտորելով ոմանք փուճ խօսքերու ետեւէ գացին.  Օրէնքներու վարդապետ ըլլալ ուզեցին, բայց իրենք չեն հասկնար ինչ որ կը խօսին, ո՛չ ալ այն բաները՝ որոնց վրայ կը պնդեն։  Արդ գիտենք թէ օրէնքը աղէկ է, եթէ մէկը զանիկա օրինաւոր կերպով գործադրելու ըլլայ։  Բայց ա՛յս թող գիտնայ թէ արդարներուն համար չէ օրէնքը, հապա անօրէններուն ու անհնազանդներուն համար, ամբարիշտներուն եւ մեղաւորներուն, անսուրբներուն եւ պիղծերուն, հայր ու մայր զարնողներուն, մարդասպաններուն, 10  Պոռնիկներուն, արուագէտներուն, մարդ գողցողներուն, ստախօսներուն, սուտ երդում ընողներուն եւ թէ ուրիշ ոեւէ բանի որ հակառակ է ողջամիտ վարդապետութեան, 11  Որը համաձայն է երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին եւ որ ինծի յանձնուեցաւ։ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՂՈՐՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ 12  Շնորհակալ եմ անոր՝ որ զիս զօրացուց, այսինքն Քրիստոս Յիսուս մեր Տէրոջը, որ հաւատարիմ սեպելով զիս՝ այս սպասաւորութեան մէջ դրաւ. 13  Որ առաջ հայհոյիչ էի ու հալածող եւ թշնամանող. բայց ողորմութիւն գտայ, վասն զի անհաւատութեան մէջ եւ չգիտնալով ըրի։ 14  Մեր Տէրոջը շնորհքը խիստ շատ եղաւ ինծի հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ 15  Այս խօսքը հաւատարիմ է ու բոլորովին ընդունելութեան արժանի, որ Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, որոնց գլուխը ես եմ. 16  Բայց անոր համար ողորմութիւն գտայ, որ ամենէն առաջ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս ցուցնէ երկայնմտութիւնը՝ օրինակ ըլլալու անոնց, որոնք պիտի հաւատային իրեն՝ յաւիտենական կեանքի համար։ 17  Արդ՝ յաւիտենական Թագաւորին, որ անեղծ ու աներեւոյթ է, մի միայն Աստուծոյն փառք* ու պատիւ յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։ 18  Այս պատուէրը կ’աւանդեմ քեզի, ի՛մ որդեակս Տիմոթէոս, քեզի համար նախապէս եղած մարգարէութիւններուն համաձայն, որ անոնցմով պատերազմիս այն բարի պատերազմը 19  Եւ ունենաս հաւատք ու մաքուր խղճմտանք, որ մէկ քանիները իրենցմէ մէկդի ձգելով՝ նաւակոծութիւն կրեցին հաւատքին կողմանէ. 20  Որոնցմէ են Հիմենոսն ու Աղեքսանդրոսը, որոնք ես Սատանային մատնեցի, որպէս զի սորվին հայհոյութիւն չընել։

Ստորանիշներ

1։1 Ոմանք, Տէր Յիսուս Քրիստոսի
1։4 Կամ, կենցաղավարութիւնը
1։17 Ոմանք, միայն իմաստուն