Ա. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ՏԻՄՈԹԷՈՍ 3։1-16

3  Այս խօսքը հաւատարիմ է։ Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ,  Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր, զգաստ, խոհեմ, պարկեշտ, հիւրասէր, սորվեցնելու յարմար,  Ո՛չ գինեմոլ, ո՛չ զարնող, հապա* հանդարտ, ո՛չ կռուող, ո՛չ արծաթասէր,  Որ իր տանը աղէկ վերակացութիւն ընէ, իր զաւակները հնազանդութեան եւ պարկեշտութեան մէջ պահելու.  (Իսկ եթէ մէկը իր տանը վերակացութիւն ընել չգիտնայ, ի՞նչպէս Աստուծոյ եկեղեցիին հոգաբարձու պիտի ըլլայ.)  Ոչ ալ նորահաւատ ըլլայ, որ չըլլայ թէ հպարտանալով Սատանային դատապարտութեանը մէջ իյնայ։  Հապա պէտք է եկեղեցիէն դուրս եղողներէն ալ բարի վկայութիւն բերէ, որ չըլլայ թէ նախատինքի մէջ ու Սատանային որոգայթին մէջ իյնայ։ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳՆԵՐԸ  Նոյնպէս ալ սարկաւագները ըլլան ծանրաբարոյ, ո՛չ երկլեզու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող.  Հապա հաւատքին խորհուրդը պահեն մաքուր խղճմտանքով։ 10  Եւ ասոնք ալ առաջ թող փորձուին ու ետքը՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին, սարկաւագութեան պաշտօնը կատարեն։ 11  Նոյնպէս ալ անոնց կիները ծանրաբարոյ ըլլան, ո՛չ չարախօս, հապա զգաստ, ամէն բանի մէջ հաւատարիմ։ 12  Սարկաւագները թող մէկ կնոջ այր ըլլան եւ իրենց զաւակներուն ու իրենց տանը աղէկ վերակացութիւն թող ընեն 13  Քանզի անոնք որ սարկաւագութեան պաշտօնը աղէկ կը կատարեն, բարի աստիճան մը կը շահին ու Քրիստոս Յիսուսին վրայ եղած հաւատքին մէջ՝ շատ համարձակութիւն։ ՄԵԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ 14  Այս բաները կը գրեմ քեզի, թէեւ կը յուսամ մօտերս քեզի գալ, 15  Որպէս զի եթէ ուշանամ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է Աստուծոյ տանը մէջ պտըտիս, որ կենդանի Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնը ու հաստատութիւնը։ 16  Յայտնապէս մեծ է աստուածպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած մարմնով յայտնուեցաւ, Հոգիով արդարացաւ, հրեշտակներուն երեւցաւ, հեթանոսներուն մէջ քարոզուեցաւ, աշխարհէն ընդունուեցաւ ու փառքով համբարձաւ։

Ստորանիշներ

3։3 Ոմանք, ո՛չ անարգ շահախնդրութեան ետեւէ եղող, հապա