Բ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 10։1-19

10  Անկէ յետոյ Ամմոնի որդիներուն թագաւորը մեռաւ ու անոր որդին Անոն անոր տեղ թագաւոր եղաւ։  Դաւիթ ըսաւ. «Նաասի որդիին՝ Անոնին՝ մարդասիրութիւն ընեմ, ինչպէս անոր հայրը ինծի մարդասիրութիւն ըրաւ»։ Դաւիթ իր ծառաները անոր ղրկեց, որպէս զի զանիկա իր հօրը համար մխիթարեն։ Դաւիթին ծառաները Ամմոնի որդիներուն երկիրը գացին։  Ամմոնի որդիներուն իշխանները իրենց տիրոջը Անոնին ըսին. «Միթէ Դաւիթ քու հայրդ քու առջեւդ պատուելո՞ւ համար քեզի մխիթարիչներ ղրկեց։ Չէ՞ որ Դաւիթ իր ծառաները քեզի ղրկեց, որպէս զի ետքը զանիկա կործանէ»։  Անոն Դաւիթին ծառաները առաւ ու անոնց մօրուքին կէսը ածիլել տուաւ ու անոնց հանդերձներուն ալ կէսը մինչեւ նստելու տեղը կտրել տուաւ եւ այնպէս ղրկեց զանոնք։  Երբ այս բանը Դաւիթին պատմուեցաւ, զանոնք դիմաւորելու մարդ ղրկեց, քանզի այն մարդիկը շատ անարգուեր էին ու թագաւորը ըսաւ. «Երիքովի մէջ նստեցէք մինչեւ մօրուքնիդ աճի ու ետքը եկէք»։  Ամմոնի որդիները տեսնելով որ Դաւիթին հետ աւրուեցան, մարդ ղրկեցին ու Բեթրոոբի Ասորիներէն եւ Սուբայի Ասորիներէն քսան հազար հետեւակ ու Մաաքայի թագաւորէն հազար մարդ եւ Իստովբէ* տասներկու հազար մարդ վարձքով բռնեցին։  Երբ Դաւիթ լսեց, Յովաբն ու բոլոր զօրաւոր զօրքերը ղրկեց։  Ամմոնի որդիները ելան ու քաղաքին դրանը առջեւ կարգաւ պատերազմի շարուեցան, բայց Սուբայի եւ Րոոբի Ասորիները ու Իստովբ ու Մաաքա* դաշտի մէջ զատ կայնեցան։  Յովաբ երբ տեսաւ թէ պատերազմը առջեւէն ու ետեւէն իր վրայ պիտի հասնի, Իսրայէլի բոլոր ընտրուած մարդոցմէն ընտրեց ու Ասորիներուն դէմ պատերազմի շարեց 10  Եւ մնացած զօրքը իր եղբօրը Աբեսսային յանձնեց, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն դէմ շարէ։ 11  Ու ըսաւ. «Եթէ Ասորիները ինծի յաղթելու ըլլան, ինծի օգնութեան հասիր եւ եթէ Ամմոնի որդիները քեզի յաղթելու ըլլան, ես քեզի օգնութեան պիտի հասնիմ։ 12  Քաջասիրտ եղի՛ր ու մեր ժողովուրդին համար եւ մեր Աստուծոյն քաղաքներուն համար ուժով պատերազմինք ու Տէրը իր աչքին հաճոյ երեւցածը թող ընէ»։ 13  Յովաբ իրեն հետ եղող զօրքով Ասորիներուն մօտեցաւ, որպէս զի անոնց դէմ պատերազմ ընէ ու անոնք իրեն առջեւէն փախան։ 14  Ամմոնի որդիները Ասորիներուն փախչիլը տեսնելով, իրենք ալ Աբեսսային առջեւէն փախան ու քաղաքը մտան։ Յովաբ Ամմոնի որդիներէն դարձաւ ու Երուսաղէմ եկաւ։ 15  Երբ Ասորիները տեսան թէ իրենք Իսրայէլին առջեւ կոտորուեցան, մէկտեղ հաւաքուեցան։ 16  Ու Ադրազար մարդ ղրկեց եւ Գետին անդիի կողմը եղող Ասորիները ոտքի հանեց ու Էլամ եկան։ Անոնց առջեւէն Ադրազարի զօրագլուխը Սովբակ կ’երթար։ 17  Երբ Դաւիթին պատմեցին, անիկա բոլոր Իսրայէլը հաւաքելով՝ Յորդանանէն անցաւ ու Էլամ հասաւ։ Ասորիները Դաւիթին դէմ գունդերով շարուեցան ու անոր հետ պատերազմ ըրին։ 18  Ասորիները Իսրայէլին առջեւէն փախան ու Դաւիթ Ասորիներէն եօթը հարիւր կառք ու քառասուն հազար ձիաւոր կոտորեց ու անոնց զօրագլուխը Սովբակը զարկաւ, որ հոն մեռաւ։ 19  Ադրազարի հպատակ եղող բոլոր թագաւորները, երբ տեսան թէ Իսրայէլի առջեւ յաղթուեցան, Իսրայէլին հետ հաշտութիւն ըրին ու անոր ծառայ եղան եւ Ասորիները անկէ ետքը Ամմոնի որդիներուն օգնելու կը վախնային։

Ստորանիշներ

10։6 Կամ, Տովբի մարդոցմէն
10։8 Կամ, Տովբի ու Մաաքայի մարդիկը