Բ. ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԿՈՐՆԹԱՑԻՍ 9։1-15
9 Սուրբերուն տրուելիք օգնութեան վրայ աւելորդ է ձեզի գրել։
2 Վասն զի գիտեմ ես ձեր յօժարութիւնը, որուն համար կը պարծենամ ձեզի համար Մակեդոնացիներուն մէջ, թէ Աքայիացիները անցած տարուընէ ի վեր պատրաստ են։ Ասիկա շատերուն բարի նախանձը գրգռեց։
3 Եւ ահա եղբայրներս ղրկեցի, որպէս զի մեր ձեզի համար պարծենալը այդ մասին մէջ պարապ չելլէ, հապա պատրաստ գտնուիք, ինչպէս ըսեր եմ.
4 Որ չըլլայ թէ երբ Մակեդոնացիները ինծի հետ գան ու ձեզ անպատրաստ գտնեն, մենք (որ չըսենք թէ դուք) ամօթով մնանք այս պարծանքին* վստահութեանը մէջ։
5 Ուստի հարկաւոր սեպեցի եղբայրներուն աղաչել, որ առաջուընէ ձեզի գան ու ժամանակին կարգի դնեն ձեր խոստացած ընծան, որպէս զի պատրաստ ըլլայ, այնպէս որ մասնաւոր ընծայի պէս ըլլայ, ո՛չ թէ ակամայ տրուածի պէս։
6 Բայց ասիկա կ’իմացնեմ թէ՝ ան որ խնայելով կը սերմանէ՝ խնայելով պիտի հնձէ ու ան որ առատութիւնով կը սերմանէ՝ առատութիւնով պիտի հնձէ։
7 Ամէն մէկը ինչպէս իր սրտովը կը յօժարի՝ թող այնպէս տայ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ ստիպմամբ. վասն զի Աստուած յօժարակամ տուողը կը սիրէ։
8 Բայց կարող է Աստուած բոլոր շնորհքները ձեզի տալ, որպէս զի ամէն բանի մէջ ամէն ատեն բոլոր ձեզի պէտք եղածը ունենալով՝ բարիք գործէք առատութեամբ.
9 Ինչպէս գրուած է. «Տարածեց ու աղքատներուն տուաւ։ Անոր արդարութիւնը յաւիտեան կը մնայ»։
10 Եւ անիկա որ սերմ ցանողին սերմ կը պարգեւէ եւ կերակուրի համար՝ հաց, ձեզի սերմանելիք պիտի պարգեւէ եւ աւելցնէ* ու ձեր արդարութեան պտուղները շատցնէ*.
11 Որպէս զի ամէն բանի մէջ հարստանաք ամէն կերպ առատութիւնով, որ մեր ձեռքով պիտի մղէ գոհութիւն տալ Աստուծոյ։
12 Վասն զի այս պաշտօնին մատակարարութիւնը ո՛չ միայն սուրբերուն պակասութիւնը լեցնելու համար է, հապա որ աւելի շատ գոհանան Աստուծմէ։
13 Այս պաշտօնին փորձովը Աստուած պիտի փառաւորեն՝ Քրիստոսին աւետարանը խոստովանելու հնազանդութեանը համար եւ այն առատաձեռնութեանը համար՝ որով հաղորդակցութիւն կ’ընէք անոնց ու ամենուն հետ.
14 Եւ անոնք ձեզի համար պիտի աղօթեն ձեզի ցանկալով՝ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար որ ձեզի տրուած է։
15 Գոհութիւն Աստուծոյ՝ անոր անպատում պարգեւին համար։
Ստորանիշներ
^ 9։4 Ոմանք չունին
^ 9։10 Ոմանք, կերակուրի համար հաց ալ պիտի պարգեւէ եւ ձեր սերմանելիքը պիտի աւելցնէ
^ 9։10 Ոմանք, պիտի շատցնէ