Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 3։1-17
3 Սողոմոն սկսաւ Տէրոջը տունը շինել Երուսաղէմի մէջ, Մօրիա լերանը վրայ, ուր Տէրը անոր հօրը Դաւիթին երեւցեր էր, այն տեղը որ Դաւիթ Յեբուսացի Ոռնային կալին մէջ պատրաստեր էր։
2 Իր թագաւորութեանը չորրորդ տարին, երկրորդ ամսուան երկրորդ օրը սկսաւ զանիկա շինել։
3 Աստուծոյ տունը շինելու համար Սողոմոնին դրած հիմը առաջուան չափով վաթսուն կանգուն՝ երկայն ու քսան կանգուն լայն էր։
4 Դիմացի սրահին երկայնութիւնը՝ տանը լայնութեան պէս՝ քսան կանգուն ու բարձրութիւնը հարիւր քսան կանգուն էր ու զանիկա ներսէն մաքուր ոսկիով պատեց։
5 Մեծ տունը մայր փայտով ծածկեց ու զանիկա մաքուր ոսկիով պատեց ու անոր վրայ արմաւենիներ ու շղթաներ փորագրեց*։
6 Շքեղութեան համար տունը պատուական քարերով զարդարեց ու ոսկին Փարուիմի ոսկի էր։
7 Տանը գերանները, սեմերը, պատերն ու դռները ոսկիով պատեց ու պատերուն վրայ քերովբէներ քանդակեց։
8 Սրբութիւն Սրբութեանցի տունը շինեց. անոր երկայնութիւնը տանը լայնութեանը պէս՝ քսան կանգուն ու լայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Եւ զանիկա վեց հարիւր տաղանդի չափ մաքուր ոսկիով պատեց։
9 Բեւեռներուն կշիռքը յիսունական սիկղ ոսկի էր։ Վերնատունները ոսկիով պատեց։
10 Սրբութիւն Սրբութեանց տանը մէջ երկու քերովբէներ քանդակեց ու զանոնք ոսկիով պատեց։
11 Քերովբէներուն թեւերը քսան կանգուն երկայնութիւն ունէին։ Մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր։ Միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կը դպչէր։
12 Միւս քերովբէին ալ մէկ թեւը հինգ կանգուն էր ու տանը պատին կը դպչէր ու միւս թեւը հինգ կանգուն էր ու միւս քերովբէին թեւին կցուած էր։
13 Այս քերովբէներուն տարածուած թեւերուն երկայնութիւնը քսան կանգուն էր։ Անոնք իրենց ոտքերուն վրայ կայնած էին։ Անոնց երեսը դէպի տունը* կը նայէր։
14 Վարագոյրը կապուտակէ, ծիրանիէ, կարմիրէ ու բեհեզէ շինեց ու անոր վրայ քերովբէներ գործեց։
ԵՐԿՈՒ ՊՂՆՁԷ ՍԻՒՆԵՐԸ
(Գ. Թագ. 7։15-22)
15 Տանը առջեւ երեսունըհինգ կանգուն երկայնութեամբ երկու սիւն շինեց։ Ամէն մէկուն վրայի խոյակը հինգ կանգուն էր։
16 Դաբիրին մէջի շղթաներուն պէս շղթաներ շինեց ու սիւներուն վրայ դրաւ։ Հարիւր նուռ շինեց ու շղթաներուն անցուց։
17 Սիւները տաճարին առջեւ կանգնեցուց, մէկը աջ կողմէն ու միւսը ձախ կողմէն։ Աջ կողմը եղողին անունը՝ Յաքին ու ձախ կողմը եղողին անունը Բոոզ դրաւ։