Բ. ՄՆԱՑՈՐԴԱՑ 4։1-22

4  Պղնձէ սեղան մը շինեց։ Երկայնութիւնը քսան կանգուն, լայնութիւնը քսան կանգուն ու բարձրութիւնը տասը կանգուն։  Ձուլածոյ ծովը շինեց։ Մէկ շրթունքէն մինչեւ միւս շրթունքը տասը կանգուն էր ու անոր շրջապատը երեսուն կանգուն էր։  Եւ անոր տակ շուրջանակի ամէն կողմէն եզներու նմանութիւններ կային։ Ծովուն բոլորտիքը մէկ կանգունի մէջ տասնական եզներ կային։ Եզները երկու կարգ էին, որոնք ծովը ձուլած ատեննին ձուլեր էին։  Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր։ Բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր։  Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Շրթունքը գաւաթի շրթունքի պէս էր։ Վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին։ Ան երեք հազար մար կ’առնէր։  Տասը աւազան շինեց։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգն ալ ձախ կողմը դրաւ լուացման համար։ Ողջակէզները* անոնց մէջ կը լուային։ Ծովը քահանաներուն համար էր, որպէս զի հոն լուացուին։  Տասը ոսկեղէն աշտանակներ շինեց իրենց օրինակին համեմատ ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը։  Տասը սեղան շինեց ու զանոնք տաճարին մէջ դրաւ։ Հինգը՝ աջ կողմը ու հինգը՝ ձախ կողմը ու հարիւր ոսկեղէն կոնքեր շինեց։  Քահանաներուն գաւիթն ու մեծ գաւիթը եւ գաւիթին դռներ շինեց։ Անոնց փեղկերը պղնձով պատեց։ 10  Ծովը՝ աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան անկիւնը դրաւ։ 11  Քիրամ կաթսաներ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ լրացուց այն բոլոր գործերը, որոնք Աստուծոյ տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։ 12  Այսինքն երկու սիւներն ու գունտերը ու երկու սիւներուն գլուխը եղող խոյակները եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդեր 13  Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռեր, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։ 14  Խարիսխներ շինեց, խարիսխներուն վրայ աւազաններ շինեց։ 15  Մէկ ծովն ու անոր տակի տասներկու եզները 16  Եւ կաթսաներն ու թիակները ու մսահանները եւ անոնց բոլոր գործիքները՝ Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին՝ փայլուն պղնձէ շինեց անոր վարպետը՝ Քիրամ։ 17  Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարեդայի մէջտեղ։ 18  Սողոմոն խիստ շատ կարասիներ շինեց, քանզի պղինձը անհաշիւ էր։ 19  Սողոմոն Աստուծոյ տանը բոլոր կարասիները շինեց. նաեւ խունկին ոսկի սեղանն ու այն սեղանները՝ որոնց վրայ առաջաւորութեան հացը կը դրուէր 20  Եւ մաքուր ոսկիէ աշտանակներ ու անոնց ճրագները, դաբիրին առջեւ վառելու համար ըստ սովորութեան 21  Եւ զուտ ոսկիէ ծաղիկներ ու ճրագներ եւ ունելիներ 22  Ու մաքուր ոսկիէ բազմակալներ, տաշտեր, խնկամաններ ու բուրվառներ եւ տանը դռները, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին ներսի դրանը փեղկերը։ Տանը՝ այսինքն տաճարին՝ դրանը փեղկերը ոսկիէ շինեց։

Ստորանիշներ

4։6 Եբր., ողջակէզի գործը