Բ. ԹՈՒՂԹ ՊԵՏՐՈՍԻ 1։1-21
1 Շմաւոն Պետրոս, Յիսուս Քրիստոսի ծառայ եւ առաքեալ՝ ձեզի, որ մեզի հետ նոյն պատուական հաւատքին հասաք մեր Աստուծոյն ու Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսին արդարութիւնովը.
2 Շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեր վրայ աւելնան Աստուծոյ ու մեր Տէրոջը Յիսուսին գիտութիւնովը։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԿՈՉԸ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ
3 Ինչպէս իր աստուածային զօրութիւնը կեանքի եւ աստուածպաշտութեան վերաբերեալ բոլոր բաները մեզի տուաւ անոր գիտութիւնովը՝ որ մեզ փառքով ու առաքինութիւնով հրաւիրեց,
4 Որոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ տրուած են մեզի, որպէս զի ասոնցմով աստուածային բնութեանը հաղորդակցինք՝ աշխարհի ցանկութենէն յառաջ եկած ապականութենէն փախչելով։
5 Եւ այս բանին համար բոլոր ջանքերնիդ դրած՝ ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն աւելցուցէք ու առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն
6 Եւ գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն ու ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն եւ համբերութեան վրայ՝ աստուածպաշտութիւն
7 Ու աստուածպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր,
8 Քանի որ այս բաները ձեր վրայ կը գտնուին ու կ’աճին, պարապ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը ճանչնալուն մէջ։
9 Բայց որուն քով որ այս բաները չկան, անիկա կոյր է ու կարճատես, որ մոռցեր է իր առաջուան մեղքերէն մաքրուիլը։
10 Ասոր համար, ե՛ղբայրներ, աւելի ջանք ըրէ՛ք որ ձեր կոչումը ու ընտրութիւնը հաստատէք, վասն զի այս ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չիյնաք.
11 Քանզի ասանկով ձեզի առատօրէն իրաւունք պիտի շնորհուի մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին յաւիտենական թագաւորութիւնը մտնել։
12 Ուստի երբեք զանցառու պիտի չըլլամ այս բաները մտքերնիդ ձգելու, թէեւ գիտէք եւ հաստատուած էք ներկայ ճշմարտութեանը վրայ։
13 Պարտականութիւն կը սեպեմ, որքան ատեն որ մարմնի* մէջ եմ, մտքերնիդ ձգելով՝ ձեզ արթնցնել։
14 Քանզի գիտեմ թէ ես շուտով այս իմ մարմնէս պիտի մերկանամ, ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը յայտնեց ինծի։
15 Ուստի պիտի ջանամ որ իմ աշխարհէն ելլելէս ետքն ալ միշտ կարող ըլլաք այս բաները յիշել։
ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓԱՌՔԻՆ ԱԿԱՆԱՏԵՍՆԵՐ
16 Վասն զի ո՛չ թէ մենք վարպետութեամբ շինուած առասպելներու ետեւէ երթալով՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին զօրութիւնը ու գալուստը ձեզի ցուցուցինք, հապա անոր մեծափառութեանը ականատես ըլլալով։
17 Վասն զի ինք Հօր Աստուծմէն փառք ու պատիւ առաւ այն մեծավայելչութեան փառքէն այնպիսի ձայն մը եկաւ, թէ՝ «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն հաւներ եմ»։
18 Եւ երկնքէն եկած այս ձայնը լսեցինք մենք, որ անոր հետ էինք սուրբ լերանը վրայ։
19 Մարգարէական խօսքն ալ ունինք, որ աւելի հաստատուն է ու աղէկ կ’ընէք՝ եթէ անոր ուշադրութիւն ընէք, որպէս թէ մութ տեղը լոյս տուող ճրագի մը, մինչեւ ցորեկը լուսնայ ու արուսեակը սրտերնուդ մէջ ծագի։
20 Բայց առաջ ասիկա գիտցէք, թէ գրքերուն բոլոր մարգարէութիւնը իր յատուկ մեկնութիւնը չունի։
21 Վասն զի մարգարէութիւն մը երբեք մարդոց կամքին պէս չտրուեցաւ, հապա Աստուծոյ սուրբ մարդիկը Սուրբ Հոգիէն շարժուած՝ խօսեցան։
Ստորանիշներ
^ 1։13 Յուն., վրանին