Բ. ՕՐԻՆԱՑ 19։1-21

19  «Երբ քու Տէր Աստուածդ բնաջինջ ընէ այն ազգերը, որոնց երկիրը քու Տէր Աստուածդ քեզի պիտի տայ, դուն զանոնք վռնտէ եւ անոնց քաղաքներուն ու տուներուն մէջ բնակիր,  Քեզի երեք քաղաք զատէ այն երկրին մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի կու տայ իբր ժառանգութիւն.  Քեզի ճամբայ պատրաստէ։ Քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութեան համար տուած երկրիդ սահմանը երեքի բաժնէ, որպէս զի ամէն մարդասպան հոն փախչի։  «Եւ մարդասպանին հոն փախչելու կանոնը այս է։ Մարդ մը եթէ նախապէս թշնամութիւն չունենալով՝ անգիտակցաբար դրացին մեռցնէ՝  Զոր օրինակ՝ եթէ մէկը իր դրացիին հետ անտառը երթայ փայտ կտրելու համար ու տապարը վերցուցած ատեն երկաթը կոթէն դուրս ցատկելով դրացիին հանդիպի եւ զանիկա մեռցնէ, անիկա պէտք է այս քաղաքներէն մէկը փախչի, որպէս զի ապրի։  Չըլլայ թէ արեան վրէժխնդիրը սիրտը այրելուն համար մարդասպանին ետեւէն իյնայ եւ ճամբան հեռու ըլլալով անոր հասնի ու զանիկա մեռցնէ։ Թէեւ մեռնելու արժանի չէ, քանի որ նախապէս անոր դէմ թշնամութիւն չունէր։  Ասոր համար ես քեզի կը պատուիրեմ ու կ’ըսեմ, որ քեզի երեք քաղաք զատես։  «Եթէ քու Տէր Աստուածդ՝ քու հայրերուդ երդում ըրածին պէս՝ քու սահմաններդ ընդարձակէ ու քու հայրերուդ խոստացուած բոլոր երկիրները քեզի տայ  եւ եթէ պահես ու կատարես այն բոլոր պատուիրանքները, որոնք ես այսօր քեզի կ’իմացնեմ եւ քու Տէր Աստուածդ սիրես ու միշտ անոր ճամբաներուն մէջ քալես, այն ատեն այս երեք քաղաքին վրայ ուրիշ երեք քաղաք ալ պիտի աւելցնեմ, 10  Որպէս զի քու երկրիդ մէջ, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի իբր ժառանգութիւն տուաւ, անմեղ արիւն չթափուի ու դուն արեան պարտական չըլլաս։ 11  «Բայց եթէ մարդ մը իր դրացիին դէմ ոխ ունենալով անոր դարանամուտ ըլլայ ու անոր դէմ ելլելով զանիկա զարնէ մեռցնէ ու ետքը այս քաղաքներէն մէկուն մէջ ապաստանելու ըլլայ, 12  Այն ատեն իր քաղաքին ծերերը պէտք է մարդ ղրկեն ու զանիկա անկէ առնեն եւ արեան վրէժխնդրին ձեռքը տան, որպէս զի զայն մեռցնէ։ 13  Քու աչքդ անոր չխնայէ։ Իսրայէլի մէջէն անմեղ արիւնը վերցուր, որպէս զի քեզի աղէկ ըլլայ։ ՀԻՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ 14  «Քու կալուածիդ մէջ, որ պիտի ժառանգես քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ժառանգութիւն տուած երկրին մէջ, չըլլայ որ փոխես քու դրացիիդ սահմանը, որ քու նախահայրերդ հաստատեցին։ ՎԿԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ 15  «Մարդու մը ոեւէ անօրէնութեան ու մեղքի համար, յանցաւոր ըլլալը հաստատելու համար, մէկ վկայ բաւական մի՛ սեպեր*, այլ գոնէ երկու կամ երեք վկաներով պէտք է հաստատուի ամէն բան։ 16  «Եթէ մարդու մը դէմ սուտ վկայ մը ելլէ անոր անօրէնութիւնը հաստատելու համար, 17  Այն ատեն այն երկու մարդիկը, որոնց մէջտեղ այս հակառակութիւնը կայ, Տէրոջը առջեւ ու այն ժամանակի քահանաներուն ու դատաւորներուն առջեւ պէտք է կենան. 18  Դատաւորները աղէկ մը պէտք է քննեն եւ եթէ այդ վկային սուտ վկայութիւն ըրած ըլլալը հաստատուի, 19  Այն ատեն, ինչպէս անիկա իր եղբօրը ընել խորհեցաւ, նոյնը ըրէք իրեն, այս ձեւով չարութիւնը ձեր մէջէն վերցուցէք, 20  Որպէս զի ուրիշներն ալ լսելով վախնան եւ անգամ մըն ալ ձեր մէջ այնպիսի գէշ բան մը չտեսնուի։ 21  Քու աչքդ չխնայէ. անձի տեղ՝ անձ, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ, ձեռքի տեղ՝ ձեռք ու ոտքի տեղ ոտք պիտի տրուի»։

Ստորանիշներ

19։15 Եբր., չելլէ, կամ, չկենայ