Բ. ՕՐԻՆԱՑ 26։1-19

26  Երբ մտնես այն երկիրը, որ քու Տէր Աստուածդ քեզի ժառանգութիւն պիտի տայ եւ զանիկա ժառանգես ու հոն բնակիս,  Այն ատեն երկրին բոլոր պտուղներուն երախայրիներէն ա՛ռ, որոնք քու Տէր Աստուածդ քեզի տուած երկրէն հաւաքեր ես ու կողովի մը մէջ դնելով տար այն տեղը, որ քու Տէր Աստուածդ պիտի ընտրէ իր անունը հոն դնելու համար։  Եւ այն օրուան քահանային գնա՛ ու ըսէ՛. ‘Ես այսօր քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ կը յայտարարեմ, թէ ես մտայ այն երկիրը, որուն համար Տէրը մեր հայրերուն երդում ըրեր էր մեզի տալու’։  Յետոյ քահանան կողովը քու ձեռքէդ առնելով՝ զանիկա քու Տէր Աստուծոյդ սեղանին առջեւ թող դնէ։  Դուն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ պատասխան տալով պիտի ըսես. ‘Իմ հայրս թափառական Ասորի մըն էր, Եգիպտոս իջաւ, քանի մը հոգիով հոն հաստատուեցաւ, յետոյ մեծ, զօրաւոր ու շատուոր ազգ մը եղաւ։  Եգիպտացիները մեզ չարչարեցին, մեզ նեղեցին եւ իբր գերի աշխատցուցին։  Մենք՝ մեր հայրերուն Տէր Աստուծոյն աղաղակեցինք։ Տէրը մեր ձայնը լսելով մեր նեղութիւնը, աշխատութիւնը ու մեզի եղած զրկանքը տեսաւ  Եւ Տէրը զօրաւոր ձեռքով ու բարձր բազուկով, մեծ սարսափներով, նշաններով ու հրաշքներով մեզ Եգիպտոսէն հանեց  Եւ այս տեղը բերաւ ու մեզի այս երկիրը՝ կաթ ու մեղր բղխող երկիրը՝ տուաւ։ 10  Արդ, ո՛վ Տէր, ինծի տուած երկրիդ պտուղներուն երախայրիները քեզի բերի’։ Զանոնք քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ դնելով՝ Տէր Աստուծոյդ առջեւ երկրպագութիւն ըրէ՛ 11  Եւ քու Տէր Աստուծոյդ քեզի ու քու տանդ տուած բոլոր բարիքներովը ուրախացէ՛ք դուն ալ, Ղեւտացին ալ եւ ձեր մէջ եղող օտարականն ալ։ 12  «Երրորդ տարին տասանորդի տարի ըլլալով, երբ դուն քու արդիւնքներուդ բոլոր տասանորդները զատես լմնցնես, զանոնք Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւայրիին տո՛ւր, որպէս զի անոնք ալ քու քաղաքներուդ մէջ ուտեն ու կշտանան։ 13  Այն ատեն քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ ըսէ՛. ‘Սուրբ եղած բանը բոլորովին տունէս հանեցի ու քու բոլոր հրամայած պատուիրանքներուդ համեմատ զանիկա Ղեւտացիին, օտարականին, որբին ու որբեւայրիին տուի։ Քու պատուիրանքներդ զանց չըրի ու զանոնք չմոռցայ։ 14  Սուգի օրերուն մէջ անկէ չկերայ ու անմաքուր բանի մը չգործածեցի եւ անկէ մեռելի համար չտուի. իմ Տէր Աստուծոյս խօսքին մտիկ ըրի. ինծի ինչ որ պատուիրեցիր, անոր համեմատ ըրի։ 15  Նայէ՛ երկնքէն՝ քու սուրբ բնակարանէդ եւ օրհնէ քու Իսրայէլ ժողովուրդդ ու այն երկիրը, որ տուիր մեզի, ինչպէս մեր հայրերուն երդում ըրած էիր, երկիր մը՝ ուր կաթ ու մեղր կը բղխի’։ ՏԷՐՈՋԸ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ 16  «Այսօր քու Տէր Աստուածդ քեզի կը պատուիրէ որ այս կանոններն ու օրէնքները գործադրես, ուստի բոլոր սրտովդ ու բոլոր հոգիովդ պահէ՛ ու կատարէ զանոնք։ 17  Դուն այսօր Տէրոջը խօսք կու տաս, որպէս զի անիկա քեզի Աստուած ըլլայ, դուն անոր ճամբաներուն մէջ քալես եւ անոր կանոնները, պատուիրանքներն ու օրէնքները պահես, խօսքին մտիկ ընես. 18  Տէրն ալ այսօր քեզի խօսք կու տայ, որ դուն իրեն սեփական ժողովուրդ ըլլաս, ինչպէս քեզի խոստացած էր։ Եթէ անոր բոլոր պատուէրները պահես, 19  Ան ալ իր բոլոր ստեղծած ազգերէն գերազանց պիտի ընէ քեզ գովութիւնով, համբաւով ու փառքով, որպէս զի սուրբ ժողովուրդ մը ըլլաս քու Տէր Աստուծոյդ՝ իր ըսածին պէս»։

Ստորանիշներ