Բ. ՕՐԻՆԱՑ 31։1-30

31  Մովսէս գնաց բոլոր Իսրայէլին յայտնեց այս խօսքերը  Ու անոնց ըսաւ. «Ես այսօր հարիւր քսան տարեկան եմ։ Ա՛լ ելլելու ու մտնելու կարողութիւն չունիմ եւ Տէրը ինծի ըսաւ. ‘Դուն այս Յորդանանէն պիտի չանցնիս’։  Քու Տէր Աստուածդ ինք քու առջեւէդ պիտի անցնի ու այս ազգերը քու առջեւէդ ինք պիտի կորսնցնէ եւ դուն անոնց երկիրը պիտի ժառանգես։ Տէրոջը ըսածին պէս Յեսու պիտի երթայ քու առջեւէդ։  Տէրը անոնց այնպէս պիտի ընէ, ինչպէս Ամօրհացիներու Սեհոն ու Ովգ թագաւորներուն եւ անոնց երկրին ըրաւ, զանոնք բնաջինջ ընելով։  Տէրը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի տայ ու իմ ձեզի բոլոր պատուիրածիս պէս պէտք է ընէք անոնց։  Ուժովցէ՛ք ու քա՛ջ եղէք, մի՛ վախնաք ու անոնց երեսէն մի՛ զարհուրիք. քանզի ձեր Տէր Աստուածը ինք ձեզի հետ պիտի երթայ. անիկա ձեզ պիտի չթողու ու երեսէ պիտի չձգէ»։  Մովսէս Յեսուն կանչեց ու բոլոր Իսրայէլի առջեւ անոր ըսաւ. «Ուժովցի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի այս ժողովուրդը դո՛ւն պիտի տանիս այն երկիրը, որ Տէրը անոնց հայրերուն երդում ըրաւ անոնց տալու։ Դուն պիտի տանիս, որ ժառանգեն։  Եւ քու առջեւէդ գացողը նոյն ինքը Տէրն է. անիկա քեզի հետ պիտի ըլլայ. անիկա քեզ պիտի չթողու ու քեզ երեսէ պիտի չձգէ. մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր»։ ՕՐԷՆՔԸ, ՈՐ ԱՄԷՆ ԵՕԹԸ ՏԱՐԻՆ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԴԱՑՈՒԻ  Մովսէս այս օրէնքը գրեց եւ զանիկա Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացի քահանաներուն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերուն տուաւ։ 10  Մովսէս անոնց պատուիրեց. «Ամէն եօթներորդ տարին, թողութեան տարիին ատենը, տաղաւարահարաց տօնին, 11  Երբ բոլոր Իսրայէլ կու գայ քու Տէր Աստուծոյդ առջեւ երեւնալու անոր ընտրած տեղը այն ատեն բոլոր Իսրայէլին առջեւ այս օրէնքը պիտի կարդաք*, որպէս զի լսեն։ 12  Հաւաքեցէք* ժողովուրդը՝ այրերը, կիները, տղաքներն ու քաղաքներուդ մէջ եղող օտարականները, որպէս զի լսեն եւ սորվելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնան ու այս օրէնքին բոլոր խօսքերը պահեն ու կատարեն։ 13  Անոնց չգիտցող տղաքները լսելով՝ ձեր Տէր Աստուծմէն վախնալ սորվին, բոլոր այն օրերուն մէջ որչափ որ պիտի ապրիք այն երկրին վրայ, որ ժառանգելու համար Յորդանանէն պիտի անցնիք»։ 14  Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա մեռնելու օրերդ մօտեցան. Յեսուն կանչէ ու վկայութեան խորանը ներկայացէք, որպէս զի անոր պատուէր տամ»։ Ուստի Մովսէս ու Յեսու գացին վկայութեան խորանը ներկայացան։ 15  Տէրը ամպի սիւնով խորանին մէջ երեւցաւ ու ամպի սիւնը վկայութեան խորանին դրանը վրայ կեցաւ։ 16  Տէրը Մովսէսին ըսաւ. «Ահա դուն քու հայրերուդ հետ պիտի ննջես ու այս ժողովուրդը պիտի ելլէ ու իր գացած երկրին օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով՝ անոր մէջ շնութիւն պիտի ընէ եւ զիս պիտի թողու ու իրեն հետ ըրած ուխտս պիտի խափանէ։ 17  Այն օրը իմ բարկութիւնս իր վրայ բորբոքելով՝ զանոնք պիտի լքեմ ու երեսս անոնցմէ պիտի ծածկեմ, որ բնաջինջ ըլլան։ Շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպելով՝ պիտի ըսեն. ‘Մեր Աստուածը մեր մէջ չըլլալուն համար չէ՞ որ մենք այս չարիքները կը կրենք’։ 18  Բայց ես իմ երեսս բոլորովին պիտի ծածկեմ անոնց ըրած բոլոր չարութեանը համար, որովհետեւ ուրիշ աստուածներու դարձան։ 19  Ուստի հիմա այս երգը գրեցէք ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուցէք զանիկա անոնց բերանը դնելով, որպէս զի այս երգը Իսրայէլի որդիներուն մէջ ինծի վկայութեան համար ըլլայ։ 20  Քանզի զանոնք պիտի տանիմ այն կաթ ու մեղր բղխող երկիրը, որուն համար ես անոնց հայրերուն երդում ըրի եւ անոնք պիտի ուտեն ու կշտանան եւ գիրնան ու ետքը ուրիշ աստուածներու դառնալով եւ անոնց ծառայութիւն ընելով՝ զիս պիտի արհամարհեն ու իմ ուխտս պիտի խափանեն։ 21  Իսկ երբ անոնք շատ չարիքներու ու նեղութիւններու հանդիպին, այս երգը անոնց դէմ պիտի վկայէ. որովհետեւ անոնց զաւակներուն բերնէն պիտի չմոռցուի. վասն զի գիտեմ անոնց խորհուրդը՝ որ այսօր կ’ընեն, քանի որ դեռ իմ երդումով խոստացած երկիրս տարած չեմ զանոնք»։ 22  Ուստի Մովսէս նոյն օրը այս երգը երգեց ու Իսրայէլի որդիներուն սորվեցուց զանիկա։ 23  Տէրը Նաւէի որդիին Յեսուին պատուիրելով ըսաւ. «Զօրացի՛ր ու քա՛ջ եղիր. քանզի Իսրայէլի որդիները դուն պիտի տանիս այն երկիրը, որուն համար անոնց երդում ըրի ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։ 24  Երբ Մովսէս այս օրէնքին բոլոր խօսքերը գրքի մը մէջ գրեց լմնցուց, 25  Տէրոջը ուխտին տապանակը վերցնող Ղեւտացիներուն պատուիրեց ու ըսաւ. 26  «Այս օրէնքին գիրքը առէք ու զանիկա ձեր Տէր Աստուծոյն ուխտի տապանակին քով դրէք, որպէս զի հոն ձեզի դէմ վկայութեան համար ըլլայ. 27  Քանզի ես քու ապստամբութիւնդ ու քու պարանոցիդ խստութիւնը գիտեմ։ Այսօր, երբ տակաւին ես ողջ եմ, դուք Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն կ’ընէք, ա՛լ որչա՜փ աւելի իմ մեռնելէս ետքը։ 28  Ձեր ցեղերուն բոլոր ծերերն ու ձեր ոստիկանները իմ առջեւս հաւաքեցէ՛ք, որպէս զի անոնց այս խօսքերը յայտնեմ, որ լսեն եւ երկինքն ու երկիրը վկայ բռնեմ անոնց. 29  Քանզի գիտեմ թէ իմ մեռնելէս ետքը դուք անշուշտ անօրէնութիւն պիտի ընէք* ու իմ ձեզի պատուիրած ճամբայէս պիտի խոտորիք ու չարիքներու պիտի հանդիպիք. որովհետեւ Տէրոջը առջեւ չարութիւն պիտի ընէք ու ձեր ձեռքերուն գործերովը զանիկա պիտի սրդողեցնէք»։ 30  Ուստի այս երգին խօսքերը Իսրայէլի բոլոր ժողովուրդին ականջներուն խօսեցաւ։

Ստորանիշներ

31։11 Եբր., կարդաս
31։12 Եբր., Հաւաքէ
31։29 Եբր., պիտի ապականիք