ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԳԱՂԱՏԱՑԻՍ 6։1-18

6  Եղբա՛յրներ, եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։ Քու անձիդ ալ զգուշութիւն ըրէ որ չըլլայ թէ փորձութեան մէջ իյնաս։  Իրարու նեղութիւնները կրեցէք եւ այնպէս Քրիստոսին օրէնքը կատարեցէք։  Քանզի եթէ մէկը ինքզինք բան մը ըլլալ կը սեպէ ու չէ, անիկա իր անձը կը խաբէ։  Բայց ամէն մարդ իր գործը թող կշռէ ու ետքը միայն իր անձին վրայ թող պարծենայ, ո՛չ թէ ուրիշին վրայ։  Վասն զի ամէն մէկը իր բեռը պիտի կրէ։  Խօսքին աշակերտութիւն ընողը իր վարդապետը ամէն բարի բանի մասնակից ընէ։  Մի՛ խաբուիք, Աստուած ծաղր չ’ըլլար։6։8 Վասն զի ինչ որ մարդ կը սերմանէ, նոյնը պիտի հնձէ։  Ան որ իր մարմնին կը սերմանէ, այն մարմնէն ապականութիւն պիտի հնձէ ու ան որ Հոգիին կը սերմանէ, այն Հոգիէն յաւիտենական կեանք պիտի հնձէ։  Բայց բարիք գործելէն չձանձրանանք, քանզի յարմար ժամանակին պիտի հնձենք՝ եթէ չթուլնանք։ 10  Ուստի՝ քանի որ ժամանակը ձեռքերնիս է, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ հաւատքի ընտանիներուն։ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵՒՆԵՐ 11  Նայեցէ՛ք՝ ի՛նչպիսի գրերով գրեցի ձեզի իմ ձեռքովս։ 12  Որոնք որ կ’ուզեն մարմնի կողմանէ բարի երեւնալ, անոնք ձեզ կը ստիպեն որ թլփատուիք, որպէս զի Քրիստոսին խաչին համար չհալածուին։ 13  Քանզի անոնք ալ որ թլփատուած են, իրենք օրէնքը չեն պահեր, հապա կ’ուզեն որ դուք թլփատուիք, որպէս զի իրենք ձեր մարմնով պարծենան։ 14  Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին։ 15  Վասն զի Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը բան մըն է, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա նոր ստեղծուած ըլլալն է բանը։ 16  Ան ամէնը որ այս կանոնին համեմատ կը քալեն, խաղաղութիւն ու ողորմութիւն ըլլայ անոնց վրայ ու Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ։ 17  Ասկէ յետոյ մէ՛կը զիս թող չյոգնեցնէ. վասն զի ես Տէր Յիսուսին վէրքին նշանները իմ մարմնիս վրայ կը կրեմ։ 18  Եղբա՛յրներ, մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը ձեր հոգիին հետ ըլլայ։ Ամէն։

Ստորանիշներ