ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 1։1-26

1  Առաջին պատմութիւնը ըրի, ո՛վ Թէոփիլոս, այն ամէն բաներուն վրայ, որոնք Յիսուս սկսաւ ընել եւ սորվեցնել։  Մինչեւ այն օրը, երբ Սուրբ Հոգիին միջոցով պատուէր տուաւ իր ընտրած առաքեալներուն ու համբարձաւ.  Որոնց ինքզինք ցուցուց՝ կենդանի, իր չարչարանքներէն յետոյ շատ ապացոյցներով, քառասուն օրուան մէջ անոնց երեւնալով ու Աստուծոյ թագաւորութեանը վրայ խօսելով։  Անոնց հետ մէկտեղ գտնուած* ատենը ապսպրեց անոնց, որ Երուսաղէմէն չհեռանան, հապա սպասեն Հօրը խոստումին, որ ըսաւ. «Ինձմէ լսեցիք,  Վասն զի իրա՛ւ Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք շատ օրեր չանցած Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք»։ ՅԻՍՈՒՍ ՀԱՄԲԱՐՁԱՒ  Անոնք ալ մէկտեղ գալով՝ կը հարցնէին իրեն ու կ’ըսէին. «Տէ՛ր, Իսրայէլի թագաւորութիւնը այս ժամանակի՞ն նորէն պիտի հաստատես»։  Ըսաւ անոնց. «Ձեզի չի վերաբերիր ժամերը եւ ժամանակները գիտնալը, որ Հայրը իր իշխանութեանը մէջ դրաւ.  Բայց Սուրբ Հոգին ձեր վրայ եկած ատենը զօրութիւն պիտի առնէք ու ինծի համար վկաներ պիտի ըլլաք Երուսաղէմի մէջ եւ բոլոր Հրէաստանի ու Սամարիայի մէջ ու մինչեւ երկրին ծայրերը»։  Եւ երբ այս բաները ըսաւ, մինչ անոնք կը նայէին, համբարձաւ։ Ամպ մը զանիկա անոնց աչքէն ծածկեց։ 10  Երբ աչքերնին տնկած դէպի երկինք կը նայէին անոր ետեւէն, ահա երկու ճերմակ հանդերձներով մարդ իրենց քով կայնեցան, 11  Որոնք ըսին. «Ո՛վ Գալիլիացի մարդիկ, ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք. այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՝ ինչպէս տեսաք անոր երկինք երթալը»։ ՅՈՒԴԱՅԻՆ ՅԱՋՈՐԴԸ 12  Այն ատեն Երուսաղէմ դարձան Ձիթենեաց լեռնէն, որ շաբաթ օրուան ճամբու չափ մօտ է Երուսաղէմի։ 13  Երբ քաղաքը մտան ելան վերնատունը, ուր կը բնակէին Պետրոսը եւ Յակոբոսը, Յովհաննէսը եւ Անդրէասը, Փիլիպպոսը եւ Թովմասը, Բարթողիմէոսը եւ Մատթէոսը, Յակոբոս Ալփէոսեանն ու Սիմոն Նախանձայոյզը եւ Յուդա Յակոբեան*։ 14  Ասոնք ամէնքը միաբանութեամբ միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին կիներուն հետ եւ Յիսուսին մօրը Մարիամին ու անոր եղբայրներուն հետ մէկտեղ։ 15  Այն օրերը Պետրոս ելաւ աշակերտներուն մէջ, (ուր հարիւր քսան հոգիի չափ հաւաքուած բազմութիւն կար,) ու ըսաւ. 16  «Մարդի՛կ եղբայրներ, պէտք է որ կատարուէր այն գրուածը, որ նախապէս Սուրբ Հոգին Դաւիթին բերնով ըսաւ Յուդայի համար, որ Յիսուսը բռնողներուն առաջնորդ եղաւ. 17  Վասն զի անիկա մեզի հետ էր մեր համրանքին մէջ եւ այս պաշտօնէն ալ բաժին ունէր։ 18  Ասիկա անիրաւութեան վարձքով ագարակ մը ստացաւ ու գլխիվայր իյնալով մէջտեղէն ճեղքուեցաւ եւ իր փորոտիքը դուրս թափուեցաւ։ 19  Ու այս բանը Երուսաղէմ բնակողներուն յայտնի եղաւ, այնպէս որ իրենց լեզուովը այն ագարակին անունը Ակեղդամա դրուեցաւ, այսինքն՝ Արեան Ագարակ։ 20  Վասն զի Սաղմոսներու մէջ գրուած է թէ ‘Անոր բնակարանը աւերակ ըլլայ ու անոր մէջ բնակող մը չըլլայ։ Անոր պաշտօնը ուրիշը առնէ’։ 21  Ուրեմն պէտք է որ այս մարդոցմէն՝ որոնք մեզի հետ էին այն բոլոր ատենը, երբ Տէր Յիսուս մեր մէջ մտաւ ու ելաւ՝ 22  Յովհաննէսին մկրտութենէն սկսած՝ մինչեւ այն օրը որ մեզմէ համբարձաւ՝ ասոնցմէ մէկը մեզի հետ վկայ ըլլայ անոր յարութեանը»։ 23  Երկու հոգի կայնեցուցին Յովսէփը, որ Բարսաբա կը կոչուէր, որ Յուստոս ալ մականուանուեցաւ ու Մատաթիան։ 24  Աղօթելով՝ ըսին. «Դո՛ւն, ո՛վ Տէր, որ ամենուն սիրտը կը ճանչնաս, այս երկուքէն ո՞ր մէկը ընտրեցիր, մեզի յայտնէ. 25  Որպէս զի այս պաշտօնին եւ առաքելութեանը վիճակը առնէ, որմէ Յուդա ինկաւ իր տեղը երթալու»։ 26  Անոնց համար վիճակ ձգեցին ու վիճակը Մատաթիային ելաւ։ Անիկա տասնըմէկ առաքեալներուն հետ սեպուեցաւ։

Ստորանիշներ

1։4 Կամ, հաց կերած
1։13 Այսինքն, Յակոբոսին եղբայրը, ընդհանուր կարծիքին համաձայն