ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 11։1-30

11  Առաքեալներն ու եղբայրները, որոնք Հրէաստանի կողմերն էին, լսեցին թէ հեթանոսներն ալ Աստուծոյ խօսքը ընդուներ են։  Երբ Պետրոս Երուսաղէմ գնաց, թլփատուածները անոր հետ կը վիճէին  Ու կ’ըսէին թէ՝ «Դուն անթլփատ մարդոց քով մտար եւ անոնց հետ հաց կերար»։  Պետրոս ալ սկսաւ բանը կարգով պատմել անոնց.  «Ես Յոպպէ քաղաքը աղօթք կ’ընէի ու մտքի յափշտակութեան մէջ տեսիլք մը տեսայ. աման մը մեծ կտաւի պէս՝ չորս ծայրերէն երկնքէն կախուած իջաւ ու մինչեւ ինծի հասաւ,  Որուն վրայ աչքս տնկեր կը նայէի եւ տեսայ չորքոտանիներ ու գազաններ եւ սողուններ ու երկնքի թռչուններ։  Եւ ձայն մը լսեցի, որ կ’ըսէր ինծի. ‘Ելի՛ր, Պետրոս, մորթէ՛ ու կեր’։  Բայց ես ըսի. ‘Քա՛ւ լիցի, Տէ՛ր, վասն զի պիղծ կամ անմաքուր բան մը ամենեւին մտած չէ իմ բերանս’։  Երկրորդ անգամ այն ձայնը երկնքէն ըսաւ. ‘Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր’։ 10  Ասիկա երեք անգամ կրկնուեցաւ ու բոլորը երկինք քաշուեցաւ։ 11  Նոյն ատեն երեք մարդ՝ Կեսարիայէն ինծի ղրկուած՝ եկան իմ եղած տանս առջեւ կեցան։ 12  Հոգին ալ ինծի ըսաւ, որ անոնց հետ երթամ առանց խղճահարութեան։ Այս վեց եղբայրներն ալ ինծի հետ էին ու մտանք այն մարդուն տունը։ 13  Եւ անիկա մեզի պատմեց թէ ի՛նչպէս իր տանը մէջ հրեշտակ մը տեսաւ, որ կայներ էր եւ իրեն կ’ըսէր. ‘Մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը որ Պետրոս ալ կը կոչուի. 14  Ան քեզի խօսքեր պիտի խօսի, որպէս զի փրկուիք դուն եւ քու բոլոր տունդ’։ 15  Ու երբ սկսայ խօսիլ, Սուրբ Հոգին անոնց վրայ իջաւ, ինչպէս նախապէս մեր վրայ ալ։ 16  Այն ատեն յիշեցի Տէրոջը խօսքը, որ կ’ըսէր. ‘Յովհաննէս ջրով մկրտեց, բայց դուք Սուրբ Հոգիով պիտի մկրտուիք’։ 17  Ուստի եթէ Աստուած միեւնոյն շնորհքը տուաւ անոնց, ինչպէս մեզի ալ, երբ Տէր Յիսուս Քրիստոսին հաւատացին. ես ո՞վ էի, որ կարենայի Աստուծոյ դէմ դնել»։ 18  Այս բաները լսելով՝ ձայներնին կտրեցին եւ Աստուած կը փառաւորէին ու կ’ըսէին. «Ուրեմն Աստուած հեթանոսներուն ալ կեանքի համար ապաշխարութիւն տուաւ»։ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԱՆՏԻՈՔԻ ՄԷՋ 19  Ստեփանոսին մահուան վրայ եկած նեղութենէն ցիրուցան եղածները մինչեւ Փիւնիկէ, Կիպրոս եւ Անտիոք հասան, բայց ոեւէ մէկուն Աստուծոյ խօսքը չէին խօսեր, միայն՝ Հրեաներուն։ 20  Անոնցմէ ոմանք Կիպրացի եւ Կիւրենացի մարդիկ էին, որոնք երբ Անտիոք մտան, Հելլենացիներուն* հետ կը խօսէին՝ Տէր Յիսուսը քարոզելով։ 21  Տէրոջը ձեռքը անոնց հետ էր։ Բազմաթիւ մարդիկ հաւատալով՝ Տէրոջը դարձան։ 22  Այս լուրը Երուսաղէմի եկեղեցիին ականջը հասաւ ու Բառնաբասը ղրկեցին, որպէս զի մինչեւ Անտիոք երթայ։ 23  Որը, երբ գնաց եւ Աստուծոյ շնորհքը տեսաւ՝ ուրախացաւ ու կը յորդորէր ամէնքն ալ՝ որ յօժար սրտով Տէրոջը հետ կապուած մնան. 24  Քանզի ինք բարի մարդ էր, Սուրբ Հոգիով եւ հաւատքով լեցուն ու Տէրոջը շատ ժողովուրդ աւելցաւ։ 25  Ետքը Բառնաբաս Տարսոն անցաւ Սօղոսը փնտռելու։ Զանիկա գտնելով՝ Անտիոք բերաւ։ 26  Անոնք լման տարի մը եկեղեցիին հետ մէկտեղ հաւաքուելով՝ շատ ժողովուրդի սորվեցուցին։ Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան։ 27  Այն օրերը Երուսաղէմէն մարգարէներ իջան Անտիոք։ 28  Անոնցմէ մէկը, Ագաբոս անունով, ելաւ իմացուց Հոգիին զօրութիւնովը, թէ մեծ սով մը պիտի ըլլայ բոլոր աշխարհը, որ իրապէս եղաւ Կղօդիոսի* օրերը։ 29  Աշակերտները որոշեցին, որ իրենցմէ ամէն մէկը ձեռքէն եկածին չափ Հրէաստանի մէջ բնակող եղբայրներուն օգնութիւն ղրկեն։ 30  Այդպէս ալ կատարեցին, երէցներուն ղրկելով Բառնաբասին ու Սօղոսին ձեռքով։

Ստորանիշներ

11։20 Ոմանք, Յոյներուն
11։28 Ոմանք, Կղօդիոս կայսրին