ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 15։1-41
15 Մէկ քանիներ, Հրէաստանէն եկած, եղբայրներուն կը սորվեցնէին թէ՝ «Եթէ Մովսէսին աւանդած սովորութեանը համեմատ չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»։
2 Ուստի Պօղոսին եւ Բառնաբասին դէմ շատ մը հակառակութիւն ու վէճ ընելէն ետքը, վճռեցին որ Պօղոսն ու Բառնաբասը եւ մէկ քանիներ ալ անոնցմէ՝ Երուսաղէմ երթան առաքեալներուն ու երէցներուն՝ այս խնդրին համար։
3 Անոնք ալ եկեղեցիէն ճամբու դրուելով՝ Փիւնիկէէն ու Սամարիայէն անցան եւ հեթանոսներուն դարձի գալը պատմելով՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները։
4 Երբ Երուսաղէմ հասան, եկեղեցիէն ու առաքեալներէն եւ երէցներէն ընդունուեցան եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց միջոցով։
5 Փարիսեցիներու աղանդէն հաւատացեալներէն ոմանք ելան ու ըսին թէ՝ «Պէտք է թլփատել զանոնք ու պատուիրել որ Մովսէսին օրէնքը պահեն»։
6 Առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան այս մասին խորհելու։
7 Շատ վիճաբանութիւն ընելէ յետոյ, Պետրոս ոտքի վրայ ելաւ ու ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն Աստուած զիս ընտրեց մեր մէջէն, որպէս զի իմ բերնովս հեթանոսները աւետարանին խօսքը լսեն ու հաւատան։
8 Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով, ինչպէս մեզի ալ,
9 Եւ խտրութիւն մը չըրաւ մեր ու անոնց մէջտեղ, հաւատքով անոնց սրտերը մաքրելով։
10 Ուստի հիմա ինչո՞ւ Աստուած կը փորձէք, աշակերտներուն պարանոցին վրայ այնպիսի լուծ մը դնելով, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կրցանք վերցնել։
11 Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսին* շնորհքովը կը փրկուինք մենք, ինչպէս անոնք ալ»։
12 Բոլոր ժողովուրդը լուռ կեցաւ ու մտիկ կ’ընէր Բառնաբասին ու Պօղոսին, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ ու հրաշքներ ըրեր էր հեթանոսներուն մէջ իրենց ձեռքով։
13 Անոնք խօսքերնին կտրելէն յետոյ՝ Յակոբոս խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք.
14 Շմաւոն պատմեց թէ Աստուած ի՛նչպէս առաջ այցելութիւն ըրաւ, որպէս զի հեթանոսներէն ժողովուրդ մը առնէ իր անուանը համար։
15 Այս բանին համար մարգարէներուն խօսքերն ալ կը միաբանին, ինչպէս գրուած է.
16 ‘Ասկէ ետեւ պիտի դառնամ ու Դաւիթին ինկած խորանը նորէն պիտի շինեմ եւ անոր կործանուած տեղերը նորէն պիտի շինեմ եւ կանգնեցնեմ զանիկա,
17 Որպէս զի մնացած մարդիկը Տէրը փնտռեն եւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնց վրայ իմ անունս կոչուած է, կ’ըսէ Տէրը, որ այս ամէն բաները կ’ընէ։
18 Յայտնի են Աստուծոյ* իր բոլոր գործերը աշխարհի սկիզբէն ի վեր’։
19 Ասոր համար ես յարմար կը դատեմ նեղութիւն չտալ անոնց, որոնք հեթանոսներէն Աստուծոյ կը դառնան.
20 Հապա թուղթ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն եւ պոռնկութենէ ու խեղդուածէ եւ արիւնէ։
21 Վասն զի Մովսէս հին դարերէն ի վեր ամէն քաղաքի մէջ զինք քարոզողներ ունի եւ ժողովարաններու մէջ ամէն շաբաթ օր կը կարդացուի»։
ՆԱՄԱԿ ՀԵԹԱՆՈՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ
22 Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ բոլոր եկեղեցիին հետ մէկտեղ աղէկ երեւցաւ որ իրենցմէ մարդիկ ընտրելով Անտիոք ղրկեն Պօղոսին ու Բառնաբասին հետ, Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք գլխաւոր մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ։
23 Ու անոնց ձեռքով թուղթ մը ղրկեցին, այսպէս գրուած.
«Առա՛քեալներ ու երէ՛ցներ եւ ե՛ղբայրներ, Անտիոքի ու Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ հեթանոսներէն եղած եղբայրներուդ ողջո՛յն։
24 Որովհետեւ լսեցինք թէ ոմանք մեր մէջէն ելլելով՝ ձեզ խօսքերով խռովեցուցեր եւ ձեր անձերը նեղած են, ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ ու օրէնքը պահել, որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք։
25 Մեզի միաբանութեամբ հաւաքուածներուս աղէկ երեւցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ձեզի ղրկենք՝ մեր սիրելիներուն, Բառնաբասին ու Պօղոսին հետ,
26 Որոնք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին անուանը համար անձերնին մատնած մարդիկ են։
27 Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէս զի իրենք ալ բերնով նոյն բաները ձեզի ըսեն.
28 Վասն զի աղէկ երեւցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ ձեր վրայ աւելի բեռ չդնել այս հարկաւոր բաներէն զատ,
29 Որ ետ կենաք կուռքերու զոհուածէ եւ արիւնէ ու խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ, որոնցմէ ինքզինքնիդ պահելով աղէկ պիտի ընէք։ Ո՛ղջ եղէք»։
30 Անոնք ալ ճամբայ դրուելով՝ Անտիոք գացին եւ ժողովուրդը մէկտեղ ժողվելով թուղթը տուին։
31 Ու երբ կարդացին, ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար։
32 Իսկ Յուդա ու Շիղա, որ իրենք ալ մարգարէ էին, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները ու հաստատեցին։
33 Ատեն մը հոն կենալէ յետոյ, եղբայրներէն խաղաղութեամբ ճամբայ դրուեցան ու առաքեալներուն դարձան։
34 Բայց Շիղային յարմար երեւցաւ, որ հոն մնայ։
35 Պօղոսն ու Բառնաբասն ալ Անտիոքի մէջ կը կենային եւ ուրիշ շատերու հետ Տէրոջը խօսքը կը սորվեցնէին ու կը քարոզէին։
ՊՕՂՈՍ ԿԸ ԶԱՏՈՒԻ ԲԱՌՆԱԲԱՍԷՆ
36 Քանի մը օր յետոյ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասին. «Դառնանք ու այցելենք եղբայրներուն՝ բոլոր քաղաքները, ուր Տէրոջը խօսքը քարոզեցինք եւ տեսնենք թէ ի՞նչպէս են»։
37 Բառնաբաս կ’ուզէր որ Յովհաննէսն ալ առնեն, որ Մարկոս կը կոչուէր.
38 Բայց Պօղոս արժան չսեպեց որ Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ զատուողը ու իրենց հետ գործի չեկողը իրենց հետ առնեն։
39 Այսպէս անոնց մէջ գժտութիւն մը եղաւ, ստիպուած իրարմէ զատուեցան։ Բառնաբաս առաւ Մարկոսը ու նաւով Կիպրոս գնաց։
40 Պօղոս ալ Շիղան ընտրեց ու ելաւ, եղբայրներէն Աստուծոյ շնորհքին յանձնուելով
41 Եւ Սուրիոյ ու Կիլիկիոյ մէջ կը պտըտէր ու եկեղեցիները կը հաստատէր։