ԳՈՐԾՔ ԱՌԱՔԵԼՈՑ 25։1-27
25 Երբ Փեստոս իր իշխանութեան գաւառը հասաւ, երեք օր յետոյ Կեսարիայէն Երուսաղէմ ելաւ։
2 Քահանայապետն ու Հրէից գլխաւորները անոր իմացուցին իրենց ամբաստանութիւնը Պօղոսին դէմ
3 Եւ կ’աղաչէին իրեն եւ շնորհք կը խնդրէին, որպէս զի զանիկա Երուսաղէմ բերել տայ։ Բայց իրենք դարան կը պատրաստէին ճամբուն մէջ զանիկա սպաննելու։
4 Սակայն Փեստոս հրահանգեց, որ Պօղոս Կեսարիա պահուի եւ ինք շատ չանցած հոն պիտի երթայ։
5 «Ուստի ձեզմէ որոնք որ կարող են», ըսաւ, «ինծի հետ թող իջնեն, եթէ այն մարդուն վրայ յանցանք մը կայ, թող անոր դէմ ամբաստանութիւն ընեն»։
6 Հոն ութ կամ տասը օրէ աւելի չկենալով*, Կեսարիա իջաւ ու հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրաւ որ Պօղոսը բերեն։
7 Երբ անիկա եկաւ, Երուսաղէմէն Հրեաները անոր բոլորտիքը կայնելով, շատ ծանր ամբաստանութիւններ կ’ընէին Պօղոսին դէմ, բայց չէին կրնար ապացուցանել.
8 Վասն զի Պօղոս կը պնդէր թէ՝ «Ես ո՛չ Հրեաներուն օրէնքին, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ալ Կայսրին դէմ յանցանք մը գործած եմ»։
9 Բայց Փեստոս ուզելով որ Հրեաներուն շնորհք ընէ, Պօղոսին ըսաւ. «Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ ելլել եւ հոն դատուիլ»։
10 Պօղոս ալ ըսաւ. «Կայսրին ատեանը կայներ եմ, ուր պէտք է դատուիմ։ Ես Հրեաներուն անիրաւութիւն մը ըրած չեմ, ինչպէս դուն ալ աղէկ գիտես։
11 Քանզի եթէ անիրաւութիւն մը եւ մահուան արժանի բան մը ըրած եմ, ես մեռնելէ չեմ քաշուիր. բայց եթէ չկայ իմ վրաս այն բաներէն մէկն ալ՝ որոնց համար ասոնք ինծի դէմ ամբաստանութիւն կ’ընեն, մէ՛կը չի կրնար զիս ատոնց շնորհել, Կայսրին կը բողոքեմ»։
12 Այն ատեն Փեստոս խորհրդականներուն հետ խօսելով՝ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Քանի որ Կայսրին բողոքեցիր, Կայսրին պիտի երթաս»։
ՊՕՂՈՍ ԱԳՐԻՊՊԱՍԻՆ ԵՒ ԲԵՐԻՆԻԿԷԻՆ ԱՌՋԵՒ
13 Քանի մը օր անցնելէն յետոյ, Ագրիպպաս թագաւորը եւ Բերինիկէն Կեսարիա եկան Փեստոսը ողջունելու։
14 Շատ օրեր հոն անցուցին։ Փեստոս Պօղոսին համար թագաւորին իմացուց ու ըսաւ. «Հոս մարդ մը կայ որ Փելիքս բանտարկուած թողուցեր է,
15 Որուն վրայով, երբ Երուսաղէմ գացի, քահանայապետներն ու Հրեաներուն ծերերը իմացուցին ինծի եւ խնդրեցին, որ անոր դէմ դատապարտութեան վճիռ տրուի,
16 Որոնց պատասխան տուի թէ՝ Հռովմայեցիներու սովորութիւնը չէ մարդ մը կորստեան մատնել, մինչեւ ամբաստանուածն ու ամբաստանողները առջեւը չունենայ եւ ամբաստանեալին պատասխան տալու պատեհութիւն չտրուի։
17 Ուստի երբ անոնք ինծի հետ հոս եկան, ամենեւին չուշացուցի, հապա հետեւեալ օրը ատեանը նստելով՝ հրաման ըրի որ մարդը բերեն։
18 Անոր դատախազներն ալ ներկայանալով, իմ կասկած ըրած յանցանքներէս մէ՛կն ալ յառաջ չբերին.
19 Հապա մէկ քանի խնդիրներ ունէին անոր հետ իրենց կրօնքին վրայ եւ Յիսուս անունով մեռածի մը վրայ, որուն համար Պօղոս կ’ըսէր թէ կենդանի է։
20 Եւ երբ տարակուսանքի մէջ էի այս բանին քննութեան վրայով, հարցուցի. ‘Կ’ուզե՞ս Երուսաղէմ երթալ եւ հոն այս բաներուն համար դատուիլ’։
21 Բայց Պօղոս երբ բողոքեց ու պահանջեց որ Վեհափառ Կայսրին դէմ* ելլէ, հրաման ըրի որ զինք պահեն՝ մինչեւ Կայսրին ղրկեմ»։
22 Ագրիպպաս ըսաւ Փեստոսին. «Ես ալ կ’ուզէի այդ մարդը մտիկ ընել»։ Ան ալ ըսաւ. «Վաղը մտիկ կ’ընես»։
23 Հետեւեալ օրը երբ Ագրիպպաս ու Բերինիկէ մեծ հանդէսով եկան ու ատեանը մտան հազարապետներով եւ քաղաքին պատուաւոր մարդոց հետ, Փեստոս ալ հրաման ընելով՝ բերին Պօղոսը։
24 Այն ատեն Փեստոս ըսաւ. «Ագրիպպա՛ս արքայ եւ դուք որ մեզի հետ էք, ասիկա կը տեսնէք. ասոր վրայով Հրեաներուն բոլոր բազմութիւնը ինծի ներկայացան Երուսաղէմի մէջ եւ հոս ալ ու կ’աղաղակէին թէ՝ ‘Պէտք չէ որ ա՛լ ատիկա ողջ մնայ’։
25 Բայց ես քննեցի եւ հասկցայ թէ անիկա մեռնելու արժանի բան մը ըրած չէ, ինքն ալ Վեհափառ Կայսրին բողոքեց, որոշեցի որ ղրկեմ զանիկա։
26 Անոր համար հաստատ բան մը չունիմ գրելու իմ տիրոջս. ուստի ատիկա ձեր առջեւ բերի եւ մանաւանդ քու առջեւդ, ո՛վ Ագրիպպաս արքայ, որպէս զի քննութիւն ընելէ յետոյ գրելիք մը ունենամ.
27 Վասն զի ինծի անվայել կ’երեւնայ որ բանտարկեալ մը ղրկեմ եւ անոր վրայ դրուած յանցանքները չիմացնեմ»։