Գ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 7։1-51

7  Սողոմոն տասնըերեք տարուան մէջ շինեց ու լմնցուց իր բոլոր տունը։  Լիբանանի անտառին տունն ալ շինեց. երկայնութիւնը՝ հարիւր կանգուն ու լայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու բարձրութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Չորս կարգ եղեւնափայտէ սիւներու վրայ շինեց ու սիւներուն վրայ եղեւնափայտէ հեծաններ դրաւ։  Նաեւ եղեւնափայտէ յարկ մը շինեց այն գերաններուն վրայ, որոնք քառասունըհինգ սիւներու վրայ էին, իւրաքանչիւր կարգը տասնըհինգ հատ։  Երեք կարգ իրարու դէմ շարուած վանդակաւոր պատուհաններ կային։  Բոլոր դռներն ու դրանդիքները քառակուսի էին եւ վանդակաւոր պատուհանները իրարու դէմ երեք կարգ էին։  Սիւներուն Սրահը շինեց։ Երկայնութիւնը՝ յիսուն կանգուն ու լայնութիւնը՝ երեսուն կանգուն։ Գաւիթ մըն ալ կար, ճակատը սիւներ եւ անոնց առջեւ ամպհովանի մը կար։  Նաեւ գահին Սրահը շինեց, ուր դատաստան կ’ընէր։ Անիկա Ատեանի Սրահ ալ կը կոչուէր։ Յատակէն մինչեւ ձեղունը* եղեւնափայտով ծածկուած էր։  Իր բնակարանը, որ սրահին ետեւի գաւիթին մէջ էր, միւս սրահներուն նման շինած էր։ Եւ Փարաւոնին աղջկան համար ալ, որ Սողոմոն իրեն կին առեր էր, այս սրահին պէս տուն մը շինեց։  Այս բոլորը՝ ներսէն ու դուրսէն, հիմէն մինչեւ առաստաղը, դուրսի կողմէն մինչեւ մեծ գաւիթը տաշուած քարերով շինուած էր։ 10  Հիմն ալ թանկագին քարերէ էր, մեծ քարերէ, տասը կանգուն քարերէ եւ ութը կանգուն քարերէ։ 11  Վերը տաշուած քարերուն չափովը ազնիւ քար ու եղեւնափայտ էր։ 12  Եւ մեծ գաւիթին չորս կողմը ու Տէրոջը տանը ներքին գաւիթը եւ տանը սրահը երեք կարգ տաշուած քարերով ու մէկ կարգ եղեւնափայտի հեծաններով շինուած էր։ ՔԻՐԱՄԻՆ ԳՈՐԾԸ 13  Եւ Սողոմոն թագաւորը մարդ ղրկեց ու Տիւրոսէն Քիրամը բերել տուաւ։ 14  Անիկա Նեփթաղիմի ցեղէն որբեւայրի կնոջ մը որդին էր։ Անոր հայրը Տիւրացի պղնձագործ մըն էր։ Այս մարդը պղինձէ ամէն տեսակ գործեր ընելու մեծ հմտութիւն, իմաստութիւն ու գիտութիւն ունէր։ Սողոմոն թագաւորին եկաւ ու անոր ամէն գործը կատարեց։ 15  Ասիկա պղնձէ երկու սիւն ձուլեց։ Մէկ սիւնին երկայնութիւնը տասնըութը կանգուն ու շրջապատը տասներկու կանգուն էր։ Նոյնպէս էր երկրորդ սիւնինն ալ։ 16  Սիւներուն գլուխը դնելու համար պղնձէ երկու խոյակ ձուլեց։ Մէկ խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու միւս խոյակին բարձրութիւնը հինգ կանգուն էր։ 17  Սիւներուն գլուխի խոյակներուն համար՝ մէկ խոյակին համար՝ եօթը ու միւս խոյակին համար եօթը ցանցակերպ ու շղթայագործ հիւսուած զարդեր շինեց։ ԵՐԿՈՒ ՊՂՆՁԷ ՍԻՒՆԵՐԸ (Բ. Մնաց. 3։15-17) 18  Այսպէս սիւները շինեց ու մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ շուրջանակի երկու կարգ նուռեր շարեց, որպէս զի սիւնին գլուխը եղած խոյակը նուռերով ծածկուի։ Միւս խոյակին ալ այնպէս ըրաւ։ 19  Սրահին մէջի սիւներուն գլուխը եղող խոյակները չորս կանգուն էին շուշանաձեւ շինուածքով։ 20  Երկու սիւներուն վրայի խոյակներուն ու ցանցակերպ զարդին մօտ եղող փորին վրայ ալ նուռեր կային։ Երկու խոյակներուն* վրայ կարգով շարուած երկու հարիւր նուռ կար։ 21  Եւ սիւները տաճարին մէջ կանգնեցուց ու աջ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն Յաքին* կոչեց ու ձախ կողմի սիւնը կանգնեցնելով՝ զայն ալ Բոոզ* կոչեց։ 22  Սիւներուն գլխուն վրայ շուշանաձեւ գործ կար։ Այսպէս սիւներուն գործը լմնցաւ։ ՊՂՆՁԷ ԱՒԱԶԱՆԸ (Բ. Մնաց. 4։2-5) 23  Ծովը ձուլածոյ շինեց, որուն մէկ եզերքէն մինչեւ միւս եզերքը տասը կանգուն էր ու բոլորաձեւ էր։ Անոր բարձրութիւնը հինգ կանգուն ու շրջագիծը երեսուն կանգուն էր։ 24  Անոր եզերքին տակ շուրջանակի ամէն կողմէն գնդակներ շարուած էին։ Ծովուն բոլորտիքը ամէն մէկ կանգունի մէջ տասնական գնդակներ կային։ Գնդակները երկու կարգ էին, որոնք ծովուն ձուլուած ատենը ձուլուեր էին։ 25  Անիկա տասներկու եզներու վրայ կը կենար, որոնց երեքը՝ դէպի հիւսիս, երեքը՝ դէպի արեւմուտք, երեքը՝ դէպի հարաւ ու երեքը դէպի արեւելք կը նայէին։ Ծովը անոնց վրայ էր ու բոլորին ետեւի կողմը դէպի ներս դարձած էր։ 26  Անոր թանձրութիւնը չորս մատնաչափ էր։ Եզերքը գաւիթին եզերքին պէս էր, վրան շուշանի ծաղիկներ շինուած էին։ Ան երկու հազար մար կ’առնէր։ ՊՂՆՁԷ ԽԱՐԻՍԽՆԵՐ (ՄԵՔԵՆՈՎԹՆԵՐ) 27  Պղնձէ տասը մեքենովթ* շինեց։ Ամէն մէկ մեքենովթին երկայնութիւնը չորս կանգուն ու լայնութիւնը՝ չորս կանգուն եւ բարձրութիւնը երեք կանգուն էր։ 28  Մեքենովթները այսպէս էին։ Անոնք սպառուածներ ունէին։ Սպառուածները եզերքներուն մէջտեղն էին։ 29  Եզերքներուն մէջտեղը եղող սպառուածներուն վրայ առիւծներ, եզներ ու քերովբէներ կային։ Եզերքներուն վրայ վերի կողմը խարիսխն էր ու առիւծներուն ու եզներուն տակ կախուած զարդեր կային։ 30  Ամէն մէկ մեքենովթ պղնձէ չորս անիւ ու պղնձէ չորս առանցքներ ունէր ու չորս կողմերը ուռեր կային։ Ամէն կախուած զարդի քով՝ աւազանին տակ՝ ձուլածոյ ուռեր կային։ 31  Անոր բերանը խոյակին մէջէն դէպի վեր մէկ կանգուն էր ու անոր բերանը խարիսխի գործի պէս բոլորաձեւ էր ու մէկուկէս կանգուն էր եւ բերնին վրայ ալ քանդակներ ու սպառուածներ* կային՝ քառակուսի եւ ոչ բոլորաձեւ։ 32  Սպառուածներուն տակ չորս անիւ կար եւ անիւներուն առանցքները մեքենովթին վրայ հաստատուած էին։ Ամէն մէկ անիւին բարձրութիւնը մէկուկէս կանգուն էր։ 33  Անիւներուն շինուածքը կառքի անիւներու շինուածքին պէս էր։ Անոնց առանցքները, շրջանակները, շառաւիղներն ու գունտերը բոլորը ձուլածոյ էին։ 34  Եւ ամէն մէկ մեքենովթին չորս անկիւններուն վրայ չորս ուռ կար եւ ուռերն ալ մեքենովթէն էին։ 35  Ու մեքենովթին գլուխը կէս կանգուն բարձրութեամբ բոլորակ մը կար ու մեքենովթին գլխուն վրայ եղող եզերքն ու սպառուածները իրմէ էին։ 36  Եզերքներուն տախտակներուն վրայ ու սպառուածներուն վրայ քերովբէներ, առիւծներ ու արմաւենիներ քանդակուած էին, ամէն մէկ տեղին յարմարութեանը համեմատ ու անոնց բոլորտիքը կախուած զարդեր կային։ 37  Տասը մեքենովթներն ալ նոյնպէս էին։ Ամենուն ձուլուածքը, չափն ու ձեւը նոյնն էր։ 38  Տասը հատ պղնձէ աւազան շինեց։ Ամէն մէկ աւազան քառասուն մարով կը լեցուէր ու ամէն մէկ աւազան չորս կանգուն էր։ Տասը մեքենովթներուն վրայ մէկ–մէկ աւազան կար։ 39  Հինգ մեքենովթը՝ տանը աջ կողմը ու հինգ մեքենովթը տանը ձախ կողմը դրաւ ու ծովը տանը աջ կողմը՝ հարաւային արեւելեան կողմը դրաւ։ 40  Քիրամ աւազաններ, թիակներ ու կոնքեր շինեց։ Քիրամ կատարեց այն բոլոր գործերը՝ որոնք Տէրոջը տանը համար Սողոմոն թագաւորին կը շինէր։ 41  Այսինքն երկու սիւները, սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը եւ սիւներուն գլուխը եղող խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար երկու ցանցակերպ զարդերը 42  Ու երկու ցանցակերպ զարդերուն չորս հարիւր նուռերը, այսինքն սիւներուն վրայի խոյակներուն երկու գունտերը ծածկելու համար՝ ամէն մէկ ցանցակերպ զարդին վրայ երկու կարգ նուռեր։ 43  Տասը մեքենովթներն ու մեքենովթներուն վրայի տասը աւազանները 44  Ու ծով մը ու ծովին տակի տասներկու եզները 45  Եւ կաթսաները ու թիակներն ու կոնքերը եւ այն բոլոր կարասիները, որոնք Քիրամ Սողոմոն թագաւորին շինեց Տէրոջը տանը համար, փայլուն պղնձէ էին։ 46  Թագաւորը զանոնք Յորդանանի դաշտին մէջ թանձր հողի մը վրայ ձուլել տուաւ Սոկքովթի ու Սարթանի մէջտեղ։ 47  Եւ Սողոմոն այս կարասիները առանց կշռելու ձգեց, վասն զի խիստ շատ էին, այնպէս որ պղնձին կշիռքը ճշդել կարելի չէր։ 48  Սողոմոն Տէրոջը տանը բոլոր կարասիները շինեց՝ խունկին ոսկի սեղանը ու վրան առաջաւորութեան հաց դրուելու ոսկի սեղանը 49  Եւ դաբիրին առջեւի զուտ ոսկիէ աշտանակները, որոնց հինգը աջ կողմն էին ու հինգը ձախ կողմը եւ ոսկիէ ծաղիկներն ու ճրագները եւ ունելիները, 50  Զուտ ոսկիէ գաւաթները, բազմակալները, կոնքերը, խնկամանները եւ բուրվառները ու ներքին տանը, այսինքն Սրբութիւն Սրբութեանցին, դռներուն ու տանը, այսինքն տաճարին դռներուն ոսկի ծխնիները։ 51  Այսպէս Տէրոջը տաճարին համար Սողոմոն թագաւորին բոլոր շինած գործերը լմնցան ու Սողոմոն իր հօրը Դաւիթին նուիրած բաները, արծաթն ու ոսկին ու անօթները տարաւ, Տէրոջը տանը գանձերուն մէջ դրաւ։

Ստորանիշներ

7։7 Եբր., յատակը
7։20 Կամ, երկրորդ խոյակին
7։21 Այսինքն, պիտի հաստատէ
7։21 Այսինքն, անոր մէջ զօրութիւն
7։27 Այսինքն, խարիսխ, կամ, խարսխաձեւ պատուանդան
7։31 Կամ, ծայր, եզր