ԴԱՏԱՒՈՐԱՑ 9։1-57
9 Յերոբաաղի որդին Աբիմելէք Սիւքէմ գնաց իր մօրն ու եղբայրներուն քով եւ անոնց հետ ու իր մօրը ազգատոհմին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.
2 «Շնորհք ըրէ՛ք, Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն* ականջներուն ըսէ՛ք՝ ‘Ձեզի ո՞րը աղէկ է. Յերոբաաղի բոլոր որդիներուն՝ եօթանասուն մարդոց՝ ձեր վրայ թագաւորե՞լը, թէ մէկ մարդու ձեր վրայ թագաւորելը’։ Մտքերնիդ բերէք, թէ՝ ես ձեր ոսկորն ու ձեր մարմինն եմ»։
3 Ուստի իր մօրը եղբայրները այս խօսքը Սիւքէմի բոլոր բնակիչներուն ականջներուն ըսին ու անոնց սիրտը Աբիմելէքին կողմը դարձաւ, քանզի ըսին թէ՝ ‘Անիկա մեր եղբայրն է’։
4 Եւ Բահաղ–Բերիթի տունէն եօթանասուն կտոր արծաթ տուին անոր ու Աբիմելէք անոնցմով դատարկապորտ ու սրիկայ մարդիկ վարձքով բռնեց, որոնք իր ետեւէն գացին։
5 Եփրայի մէջ իր հօրը տունը մտաւ եւ իր եղբայրները, Յերոբաաղի որդիները, եօթանասուն հոգի, մէկ քարի վրայ սպաննեց. բայց Յերոբաաղի պզտիկ տղան՝ Յովաթամը՝ պահուելով ողջ մնաց։
6 Ետքը բոլոր Սիւքէմի բնակիչները եւ Մելօնի բոլոր տունը մէկտեղ հաւաքուեցան ու գացին Սիւքէմի մէջ պահապաններու* կաղնիին քով Աբիմելէքը թագաւոր ըրին։
7 Ու երբ այս բանը Յովաթամին իմացուցին, անիկա գնաց Գարիզին լերանը գլուխը կայնեցաւ եւ ձայնը վերցնելով պոռաց ու անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Սիւքէմի բնակիչներ, ինծի մտիկ ըրէ՛ք եւ Աստուած ձեզի մտիկ պիտի ընէ։
8 Ծառերը գացին, որ իրենց համար թագաւոր մը օծեն ու ձիթենիին ըսին՝ ‘Մեր վրայ թագաւոր եղիր’։
9 Բայց ձիթենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ պարարտութիւնս թողում, որ ինձմով Աստուած ու մարդիկը կը պատուեն* ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ*։
10 Եւ ծառերը թզենիին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։
11 Եւ թզենին անոնց ըսաւ. ‘Իմ քաղցրութիւնս ու աղէկ պտուղս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։
12 Այն ատեն ծառերը որթատունկին ըսին. ‘Դուն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։
13 Որթատունկն ալ ըսաւ. ‘Աստուած ու մարդիկը ուրախացնող գինիս թողում ու երթամ ծառերուն վրայ իշխա՞ն ըլլամ’։
14 Այն ատեն բոլոր ծառերը դժնիկին ըսին. ‘Դո՛ւն եկուր մեր վրայ թագաւոր եղիր’։
15 Դժնիկը ծառերուն ըսաւ. ‘Եթէ դուք իրաւցնէ զիս ձեր վրայ թագաւոր կ’օծէք, եկէք իմ հովանիիս տակ նստեցէք, եթէ ոչ դժնիկէն կրակ թող ելլէ ու Լիբանանի եղեւինները այրէ’։
16 Եթէ դուք Աբիմելէքը թագաւոր ընելով ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք եւ եթէ Յերոբաաղի ու անոր տանը բարութիւն ըրիք եւ եթէ անոր գործերուն համեմատ անոր հատուցում ըրիք.
17 (Քանզի իմ հայրս ձեզի համար պատերազմ ըրաւ ու իր անձը վտանգի մէջ դրաւ* եւ ձեզ Մադիամի ձեռքէն ազատեց.
18 Իսկ դուք այսօր իմ հօրս տանը դէմ ելաք ու անոր որդիները՝ եօթանասուն մարդ՝ մէկ քարի վրայ սպաննեցիք ու անոր աղախինին տղան Աբիմելէքը, ձեր եղբայրը ըլլալուն համար, Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ թագաւոր ըրիք.)
19 Ուստի եթէ այսօր Յերոբաաղին ու անոր տանը հետ ճշմարտութեամբ ու արդարութեամբ վարուեցաք, Աբիմելէքին վրայ ուրախացէ՛ք, ան ալ ձեր վրայ թող ուրախանայ.
20 Ապա թէ ոչ՝ թող Աբիմելէքէն կրակ ելլէ եւ Սիւքէմին բնակիչներն ու Մելօնին տունը այրէ եւ Սիւքէմին բնակիչներէն ու Մելօնին տունէն կրակ ելլէ եւ Աբիմելէքը այրէ»։
21 Ետքը Յովաթամ փախաւ ազատեցաւ ու Բէեր գնաց եւ իր Աբիմելէք եղբօրմէն վախնալուն համար հոն բնակեցաւ։
22 Աբիմելէք Իսրայէլի վրայ երեք տարի թագաւորեց։
23 Աստուած Աբիմելէքին եւ Սիւքէմին բնակիչներուն մէջ չար ոգի մը ղրկեց ու Սիւքէմին բնակիչները Աբիմելէքին հետ նենգութեամբ վարուեցան.
24 Որպէս զի Յերոբաաղին եօթանասուն որդիներուն եղած անիրաւութիւնը գայ եւ անոնց թափուած արիւնը անոնց եղբօրը Աբիմելէքին վրայ հասնի, որ զանոնք սպաններ էր ու Սիւքէմին բնակիչներուն վրայ, որոնք անոր ձեռքերը ուժովցուցեր էին իր եղբայրները սպաննելու։
25 Ուստի Սիւքէմին բնակիչները լեռներուն գլուխները անոր դարաններ պատրաստեցին եւ ճամբան իրենց քովէն բոլոր անցնողները կը թալլէին։ Այս բանը Աբիմելէքին իմացուցին։
26 Եւ Աբեդին որդին Գաաղն ու անոր եղբայրները եկան, Սիւքէմի մէջ մտան եւ Սիւքէմին բնակիչները անոր ապաւինեցան
27 Ու դաշտը ելլելով իրենց այգիներուն խաղողները քաղեցին եւ կոխելով ուրախութիւն ըրին ու իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը անիծեցին։
28 Ու Աբեդեան Գաաղը ըսաւ. «Աբիմելէքը ո՞վ է եւ Սիւքէմը ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայ ըլլանք։ Անիկա Յերոբաաղին տղան չէ՞ ու Զեբուղ անոր փոխանորդը չէ՞։ Սիւքէմին հօրը Եմովրին մարդոցը ծառաները։ Մենք ինչո՞ւ համար անոր պիտի ծառայենք։
29 Երանի՜ թէ այս ժողովուրդը իմ ձեռքիս տակ անցնէր ու ես Աբիմելէքը վերցնէի եւ Աբիմելէքին ըսաւ. ‘Զօրքերդ շատցուր ու ելիր’»։
30 Եւ քաղաքին իշխանը Զեբուղ, երբ Աբեդեան Գաաղին խօսքերը լսեց, խիստ բարկացաւ
31 Եւ ծածուկ կերպով մը Աբիմելէքին պատգամաւորներ ղրկեց՝ ըսելով. «Ահա Աբեդեան Գաաղն ու իր եղբայրները Սիւքէմ կու գան։ Անոնք քեզի դէմ քաղաքը ոտքի պիտի հանեն։
32 Ուստի դուն գիշերով ելի՛ր ու դաշտը դարանի մէջ նստէ՛ քեզի հետ եղող ժողովուրդով։
33 Առաւօտուն արեւը ծագածին պէս կանուխ ելի՛ր ու եկուր քաղաքին վրայ յարձակէ՛, քանզի անիկա ու անոր հետ եղող ժողովուրդը քեզի դէմ պիտի ելլեն, ուստի ձեռքէդ եկածը ըրէ՛ անոնց»։
34 Ուստի Աբիմելէք եւ անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը գիշերով ելան ու չորս գունդի բաժնուելով՝ Սիւքէմին դէմ դարանի մէջ նստան։
35 Աբեդեան Գաաղը ելաւ ու քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցաւ եւ Աբիմելէք իրեն հետ եղող ժողովուրդով դարաններէն դուրս ելաւ։
36 Գաաղ այն ժողովուրդը տեսնելով Զեբուղին ըսաւ. «Ահա լեռներուն գլխէն ժողովուրդ կ’իջնէ»։ Զեբուղ անոր ըսաւ. «Լեռներուն շուքը քեզի մարդոց պէս կ’երեւնայ»։
37 Գաաղ դարձեալ խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ահա երկրին բարձր տեղերէն* ժողովուրդ կ’իջնէ եւ գունդ մըն ալ Մէօնէնիմին կաղնիին ճամբով կու գայ»։
38 Ու Զեբուղ անոր ըսաւ. «Ո՞ւր է այն քու բերանդ, որով կ’ըսէիր թէ ‘Աբիմելէք ո՞վ է, որ մենք անոր ծառայութիւն ընենք’։ Քու վար զարկած ժողովուրդդ ատիկա չէ՞. հիմա ելի՛ր ու անոր հետ պատերազմ ըրէ՛»։
39 Ուստի Գաաղ Սիւքէմի բնակիչներուն առջեւէն ելլելով՝ Աբիմելէքին հետ պատերազմ ըրաւ։
40 Աբիմելէք զանիկա հալածեց ու անիկա անոր առջեւէն փախաւ ու մինչեւ դրանը առջեւ շատերը մեռած ինկան։
41 Աբիմելէք Արումայի մէջ նստաւ ու Զեբուղ Գաաղը եւ անոր եղբայրները վռնտեց, որպէս զի ա՛լ Սիւքէմի մէջ չբնակին։
42 Հետեւեալ օրը ժողովուրդը դաշտը ելաւ ու երբ Աբիմելէք իմացաւ,
43 Իր ժողովուրդը առաւ, երեք գունդի բաժնեց եւ դաշտին մէջ դարանամուտ եղաւ ու երբ տեսաւ որ ժողովուրդը քաղաքէն դուրս կ’ելլէ, անոնց վրայ յարձակելով զանոնք զարկաւ։
44 Աբիմելէք ու անոր հետ եղող գունդը յարձակելով քաղաքին դրանը առջեւ կայնեցան ու երկու գունդերը բոլոր դաշտին մէջ եղողներուն վրայ յարձակելով զանոնք զարկին։
45 Աբիմելէք այն բոլոր օրը քաղաքին հետ պատերազմեցաւ ու քաղաքը առաւ եւ մէջը եղող մարդիկը կոտորեց ու քաղաքը փլցուց եւ հոն աղ ցանեց։
46 Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները երբ այս բանը լսեցին, Բերիթ Աստուծոյն տանը բերդը մտան։
47 Աբիմելէքին իմացուցին թէ Սիւքէմին աշտարակին բոլոր բնակիչները հաւաքուեր են։
48 Այն ատեն Աբիմելէք իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդով Սելմօն լեռը ելաւ։ Աբիմելէք տապարը ձեռքը առնելով ծառի ճիւղ մը կտրեց ու զանիկա վերցուց իր ուսին վրայ դրաւ եւ իրեն հետ եղող ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա տեսաք ինչ որ ես ըրի, շուտով դուք ալ ինծի պէս ըրէք»։
49 Ուստի բոլոր ժողովուրդը մէկ–մէկ ճիւղ կտրեցին ու Աբիմելէքին ետեւէն գացին։ Ճիւղերը բերդին քով դրին ու անոնցմով բերդը կրակով այրեցին։ Այսպէս, Սիւքէմի աշտարակին բոլոր մարդիկը, որոնք հազարի չափ այր ու կին էին, մեռան։
50 Ապա Աբիմելէք Թեբէս գնաց ու Թեբէսը պաշարեց ու զանիկա առաւ։
51 Քաղաքին մէջտեղը ամուր աշտարակ մը կար։ Քաղաքին բոլոր բնակիչները, թէ՛ այր եւ թէ՛ կին հոն փախան, դուռը ներսէն գոցեցին ու աշտարակին տանիքը ելան։
52 Աբիմելէք մինչեւ աշտարակը գնաց ու անոր դէմ պատերազմեցաւ եւ աշտարակին դրանը մօտեցաւ, որպէս զի զանիկա կրակով այրէ։
53 Կին մը Աբիմելէքին գլխուն վրայ երկանաքարի կտոր մը նետեց եւ անոր գանկը կոտրեց։
54 Աբիմելէք իր զէնքերը կրող երիտասարդը կանչեց եւ անոր ըսաւ. «Սուրդ քաշէ ու զիս մեռցուր, որպէս զի ինծի համար չըսեն թէ ‘Զանիկա կին մը մեռցուց’։ Երիտասարդը զանիկա սրով խոցեց ու մեռցուց։
55 Իսրայէլի մարդիկը Աբիմելէքին մեռնիլը տեսնելով՝ ամէն մարդ իր տունը գնաց։
56 Այսպէս Աստուած Աբիմելէքին հատուցանեց այն չարութիւնը, որ անիկա իր հօրը ըրեր էր իր եօթանասուն եղբայրները սպաննելով։
57 Եւ Սիւքէմի մարդոց բոլոր չարութիւնը Աստուած անոնց հատուցանեց ու Յերոբաաղի որդիին Յովաթամին անէծքը անոնց վրայ եկաւ։
Ստորանիշներ
^ 9։2 Եբր., այր մարդոց
^ 9։6 Կամ, արձանի
^ 9։9 Կամ, որուն համար Աստուած ու մարդիկ զիս կը պատուեն
^ 9։9 Եբր., երերա՞մ
^ 9։17 Եբր., առջեւը ձգեց
^ 9։37 Եբր., պորտէն