Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 11։1-21
11 Ոքոզիային մայրը՝ Գոթողիա՝ իր զաւկին մեռնիլը տեսնելով, ելաւ բոլոր թագաւորական սերունդը բնաջինջ ըրաւ։
2 Բայց Յովրամ թագաւորին աղջիկը՝ Ոքոզիային քոյրը Յօսաբէէն՝ Ոքոզիային որդին Յովասը առաւ ու թագաւորին սպաննուած որդիներուն մէջէն գողցաւ զանիկա ու անոր դայեակը եւ Գոթողիային երեսէն անկողիններու սենեակին մէջ պահեց զանիկա, այնպէս որ ան չմեռցուեցաւ։
3 Անիկա անոր հետ վեց տարի Տէրոջը տանը մէջ պահուեցաւ, մինչ երկրին վրայ Գոթողիա թագաւորութիւն կ’ընէր։
4 Եօթներորդ տարին Յովիադա մարդ ղրկեց եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները կանչեց եւ զանոնք իր քով Տէրոջը տունը բերաւ ու անոնց հետ ուխտ ըրաւ ու Տէրոջը տանը մէջ անոնց երդում ընել տուաւ ու թագաւորին որդին անոնց ցուցուց
5 Եւ անոնց պատուիրելով՝ ըսաւ. «Ահա ձեր ընելիքը այս է։ Ձեր մէկ երրորդ մասը, որ շաբաթ օրը պիտի մտնեն՝ թագաւորին տանը պահպանութիւն պիտի ընեն։
6 Մէկ երրորդ մասը՝ Սուրի դուռը ու մէկ երրորդ մասն ալ սուրհանդակներու ետեւի դուռը պիտի կենան։ Այսպէս տանը պահպանութիւնը պիտի ընէք, որպէս զի մարդ չմտնէ։
7 Ձեզմէ երկու գունդ, այսինքն անոնք որ շաբաթ օրը պիտի ելլեն, թագաւորին շուրջը Տէրոջը տանը պահպանութիւնը պիտի ընեն։
8 Ամէն մարդ իր զէնքերը ձեռքը՝ թագաւորին չորս կողմը թող կենայ ու ով որ կարգերէն ներս մտնէ՝ պիտի սպաննէք։ Այսպէս թագաւորին քով պիտի կենաք անոր ելած ու մտած ատենը»։
9 Հարիւրապետները Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածները ըրին։ Ամէն մէկը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ շաբաթ օրը մտնողները եւ թէ՛ շաբաթ օրը ելլողները ու Յովիադա քահանային քով եկան։
10 Քահանան Տէրոջը տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակներն ու վահանները հարիւրապետներուն տուաւ։
11 Սուրհանդակներէն իւրաքանչիւրը իր զէնքը ձեռքը՝ տանը քով թագաւորին շուրջ կեցան։
12 Ան թագաւորին որդին դուրս հանեց ու անոր վրայ թագը դրաւ ու վկայեց անոր համար եւ զանիկա թագաւոր հռչակեցին ու օծեց որ ծափ զարնելով՝ ըսին. «Կեցցէ՛ արքայ»։
13 Գոթողիա երբ վազող* ժողովուրդին ձայնը լսեց, Տէրոջը տունը ժողովուրդին եկաւ
14 Ու տեսաւ որ ահա թագաւորը իր սովորութեան համաձայն սիւնին քով էր եւ զօրապետներն ու փողահարները թագաւորին քովն էին ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախանալով փողեր կը հնչեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հանդերձները պատռեց ու պոռաց. «Դաւաճանութի՜ւն է, դաւաճանութի՜ւն»։
15 Եւ Յովիադա քահանան զօրքերուն վրայ եղող հարիւրապետներուն հրամայեց ու անոնց ըսաւ. «Ասիկա կարգերուն մէջէն հանեցէք ու անոր ետեւէն գացողը սրով մեռցուցէ՛ք, (քանզի քահանան որոշեր էր որ Տէրոջը տանը մէջ չմեռցուին։)
16 Անոր վրայ ձեռքերնին երկնցուցին ու երբ անիկա թագաւորական տունը մտնող ձիերուն ճամբայէն կ’երթար, հոն մեռցուցին։
ՅՈՎԻԱԴԱՅԻՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ
(Բ. Մնաց. 23։16-21)
17 Յովիադա Տէրոջը ու թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ ուխտ ըրաւ, որպէս զի Տէրոջը ժողովուրդը ըլլան. նաեւ թագաւորին ու ժողովուրդին մէջտեղ։
18 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը Բահաղին տունը մտան եւ զանիկա կործանեցին եւ անոր սեղաններն ու կուռքերը կտոր կտոր ըրին եւ Բահաղին քուրմը Մատթանը սեղաններուն առջեւ սպաննեցին։ Քահանան Տէրոջը տանը մէջ պաշտօնեաներ դրաւ։
19 Եւ հարիւրապետները, թիկնապահներն ու սուրհանդակները ու երկրին բոլոր ժողովուրդը առաւ եւ թագաւորը Տէրոջը տունէն իջեցուցին ու սուրհանդակներուն դրանը ճամբայէն թագաւորին տունը մտան։ Անիկա թագաւորական աթոռին վրայ նստաւ։
20 Ու երկրին բոլոր ժողովուրդը ուրախացաւ ու քաղաքը հանդարտութեան մէջ էր. իսկ Գոթողիան թագաւորական տանը քով սրով մեռցուեցաւ։
21 Յովաս եօթը տարեկան էր երբ թագաւոր եղաւ։
Ստորանիշներ
^ 11։13 Կամ, սուրհանդակներուն ու