Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 16։1-20
16 Ռովմելային որդիին Փակէէին տասնըեօթներորդ տարին Յուդայի թագաւորին Յովաթամին որդին Աքազը թագաւոր եղաւ։
2 Աքազ քսան տարեկան էր, երբ թագաւոր եղաւ ու Երուսաղէմի մէջ տասնըվեց տարի թագաւորութիւն ըրաւ։ Իր հօրը Դաւիթին պէս իր Տէր Աստուծոյն առջեւ ուղղութիւն չըրաւ,
3 Հապա Իսրայէլին թագաւորներուն ճամբուն մէջ քալեց ու իր որդին ալ կրակէ անցուց՝ այն ազգերուն գարշելի սովորութիւններուն համեմատ, որոնք Տէրը Իսրայէլին որդիներուն առջեւէն վռնտեց։
4 Բարձր տեղերն ու բլուրներու վրայ եւ ամէն կանանչ ծառերու տակ զոհ կը մատուցանէր ու խունկ կը ծխէր։
5 Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորն ու Իսրայէլին թագաւորը, Ռովմելային որդին Փակէէն, Երուսաղէմի վրայ պատերազմելու ելան ու Աքազը պաշարեցին, բայց պատերազմը շարունակելու կարող չեղան։
6 Այն ատեն Ասորիներուն Ռասին թագաւորը Ելաթը Ասորիներուն դարձուց եւ Յուդայեանները Ելաթէն վռնտեց ու Ասորիները* Ելաթ եկան ու հոն բնակեցան մինչեւ այսօր։
7 Աքազ Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորին դեսպաններ ղրկեց ու ըսաւ. «Ես քու ծառադ ու որդիդ եմ. ելի՛ր ու զիս ազատէ՛ Ասորիներուն թագաւորին ձեռքէն ու Իսրայէլի թագաւորին ձեռքէն, որոնք իմ վրայ ելեր են»։
8 Աքազ Տէրոջը տանը մէջ ու թագաւորին տանը գանձերուն մէջ գտնուած արծաթն ու ոսկին առաւ եւ Ասորեստանի թագաւորին ընծայ ղրկեց։
9 Ասորեստանի թագաւորը անոր մտիկ ըրաւ եւ Ասորեստանի թագաւորը Դամասկոսի վրայ գնաց ու զանիկա առաւ եւ անոր բնակիչները Կիր գերի տարաւ ու Ռասինը մեռցուց։
10 Աքազ թագաւորը Ասորեստանի Թագղաթ–Փաղասար թագաւորը դիմաւորելու համար Դամասկոս գնաց ու Դամասկոսի մէջ եղած սեղանը տեսաւ։ Աքազ թագաւորը այն սեղանին օրինակն ու ձեւը՝ անոր բոլոր շինուածքին համեմատ Ուրիա քահանային ղրկեց։
11 Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն ղրկած օրինակին* նման սեղան մը շինեց Աքազ թագաւորին Դամասկոսէն գալէն առաջ։
12 Երբ թագաւորը Դամասկոսէն եկաւ, թագաւորը սեղանը տեսաւ, սեղանին մօտեցաւ ու անոր վրայ ողջակէզ մատուցանեց։
13 Իր ողջակէզն ու հացի ընծան այրեց ու նուէրը թափեց եւ իր խաղաղութեան զոհին արիւնը այն սեղանին վրայ սրսկեց։
14 Տէրոջը առջեւ եղող պղնձէ սեղանը տանը առջեւէն, այսինքն նոր սեղանին ու Տէրոջը տանը մէջտեղէն քաշեց ու զանիկա նոր սեղանին քով դրաւ դէպի հիւսիս։
15 Աքազ թագաւորը Ուրիա քահանային հրամայեց՝ ըսելով. «Մեծ սեղանին վրայ առտուան ողջակէզն ու իրիկուան հացի ընծան ու երկրին բոլոր ժողովուրդին ողջակէզը եւ անոնց հացի ընծան ու անոնց նուէրները պիտի մատուցանես ու ողջակէզներուն եւ զոհերուն արիւնը անոր վրայ պիտի սրսկես ու պղնձէ սեղանը իմս պիտի ըլլայ՝ հոն հարցնելու համար»։
16 Ուրիա քահանան Աքազ թագաւորին բոլոր հրամայածին պէս ըրաւ։
17 Աքազ թագաւորը խարիսխներուն սպառուածները կտրեց ու աւազանները անոնց վրայէն վերցուց։ Ծովն ալ իր տակ եղող պղնձէ եզներուն վրայէն իջեցուց ու զանիկա քարայատակի մը վրայ դրաւ։
18 Տէրոջը տանը մէջ շինուած շաբաթին ծածկոցն ու թագաւորին դուրսի ճամբան Ասորեստանի թագաւորին պատճառով Տէրոջը տունը* դարձուց։
19 Աքազին գործերուն մնացորդ պատմութիւնը Յուդայի թագաւորներուն յիշատակներու գրքին մէջ գրուած է։
20 Աքազ իր հայրերուն հետ քնացաւ ու իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղը անոր որդին Եզեկիան թագաւոր եղաւ։