Դ. ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ 3։1-27

3  Աքաաբին որդին՝ Յովրամ՝ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին տասնըութերորդ տարին Սամարիայի մէջ Իսրայէլի վրայ թագաւոր եղաւ ու տասներկու տարի թագաւորութիւն ըրաւ։  Անիկա Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ, բայց ո՛չ իր հօրն ու իր մօրը պէս, քանզի անիկա իր հօրը շինած Բահաղին կուռքը վերցուց։  Բայց Իսրայէլին մեղանչել տուող Նաբատեան Յերոբովամին մեղքերուն յարեցաւ, անոնցմէ չզատուեցաւ։  Մովաբի Մեսա թագաւորը հօտերու տէր ըլլալով՝ Իսրայէլի թագաւորին հարիւր հազար գառ ու հարիւր հազար գեղմնաւոր խոյ կու տար։  Բայց Աքաաբին մեռնելէն ետքը Մովաբի թագաւորը Իսրայէլի թագաւորին դէմ ապստամբեցաւ։  Ուստի Յովրամ թագաւորը Սամարիայէն ելաւ ու բոլոր Իսրայէլը համրեց  Ու գնաց եւ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Մովաբի թագաւորը ինծի դէմ ապստամբեցաւ. ինծի հետ Մովաբի վրայ պատերազմելու կ’երթա՞ս»։ Անիկա ըսաւ. «Կ’երթամ. ես քեզի պէս եմ, իմ ժողովուրդս քու ժողովուրդիդ պէս ու ձիերս քու ձիերուդ պէս են»։  Յովրամ ըսաւ. «Ո՞ր ճամբայէն երթանք»։ Ան ալ ըսաւ. «Եդովմի անապատին ճամբայէն»։  Իսրայէլի թագաւորը, Յուդայի թագաւորն ու Եդովմի թագաւորը գացին ու եօթը օրուայ ճամբայ պտըտեցան։ Անոնց հետ եղող բանակին ու անասուններուն համար ջուր չկար։ 10  Այն ատեն Իսրայէլի թագաւորը ըսաւ. «Ափսո՜ս, Տէրը այս երեք թագաւորները Մովաբին ձեռքը տալու կանչեր է»։ 11  Յովսափատ ըսաւ. «Այստեղ Տէրոջը մարգարէ մը չկա՞յ, որպէս զի անոր միջոցով Տէրոջը հարցնենք»։ Իսրայէլի թագաւորին ծառաներէն մէկը պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Եղիային ձեռքերուն ջուր լեցնող Սափատեան Եղիսէն հոս է»։ 12  Յովսափատ ըսաւ. «Անոր քովն է Տէրոջը խօսքը»։ Իսրայէլի թագաւորը եւ Յովսափատ ու Եդովմի թագաւորը անոր իջան։ 13  Եղիսէ Իսրայէլի թագաւորին ըսաւ. «Դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս. դուն քու հօրդ մարգարէներուն ու քու մօրդ մարգարէներուն գնա»։ Իսրայէլի թագաւորը անոր ըսաւ. «Ո՛չ, վասն զի Տէրը այս երեք թագաւորը Մովաբին ձեռքը մատնելու կանչեր է»։ 14  Եղիսէ ըսաւ. «Զօրքերու Տէրը, որուն առջեւ կը կենամ, կենդանի է որ, եթէ Յուդայի Յովսափատ թագաւորին վրայ համարում չունենայի, բնաւ երեսդ պիտի չնայէի ու քեզ պիտի չտեսնէի։ 15  Հիմա ինծի նուագածու մը բերէք»։ Երբ նուագածուն նուագարանը կը զարնէր, անոր վրայ Տէրոջը զօրութիւնը եկաւ 16  Ու ըսաւ. «Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Այս հեղեղատը փոս փոս ըրէք’. 17  Քանզի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Հով պիտի չտեսնէք ու անձրեւ պիտի չտեսնէք. բայց այս հեղեղատը ջրով պիտի լեցուի եւ պիտի խմէք դուք ու ձեր հօտերն ու ձեր անասունները’։ 18  Սակայն ասիկա Տէրոջը առջեւ պզտիկ բան մը ըլլալով, Մովաբն ալ ձեր ձեռքը պիտի մատնէ 19  Եւ ամէն պարսպապատ քաղաք ու ամէն ընտիր քաղաք պիտի զարնէ եւ բոլոր ազնիւ ծառերը պիտի կոտրտէք ու բոլոր ջուրի աղբիւրները պիտի գոցէք ու բոլոր ընտիր արտերը քարերով պիտի աւրէք»։ 20  Առաւօտուն զոհ մատուցուած ատենը՝ ահա Եդովմի ճամբայէն ջուրեր եկան ու երկիրը ջրով լեցուեցաւ։ 21  Երբ Մովաբացիները լսեցին թէ թագաւորներ ելեր են իրենց հետ պատերազմելու, բոլոր գօտի կապելու կարողութիւն ունեցողները հաւաքուեցան ու սահմանագլուխը կեցան։ 22  Առաւօտուն կանուխ ելան ու արեւուն ճառագայթները ջուրերուն վրայ զարկած ըլլալով՝ Մովաբացիները այն ջուրերը արիւնի պէս կարմիր տեսան 23  Ու ըսին. «Ասիկա արիւն է. անտարակոյս թագաւորները իրարու հետ կռուեր են ու մէկզմէկ զարկեր են. հիմա, ո՛վ Մովաբացիներ, աւարը հաւաքենք»։ 24  Այսպէս անոնք Իսրայէլի բանակը գացին ու Իսրայելացիները ելան Մովաբացիները զարկին, որոնք անոնց երեսէն փախան ու Իսրայելացիները Մովաբացիները զարնելով՝ անոնց երկիրը մտան, 25  Քաղաքները կործանեցին ու բոլոր ընտիր արտերուն մէջ ամէն մարդ քար մը նետեց ու զանոնք լեցուցին եւ բոլոր ջուրի աղբիւրները գոցեցին ու բոլոր ազնիւ ծառերը կոտրեցին, այնպէս որ միայն Կիրհարէսէթի քարերը թողուցին։ Պարսատիկ ունեցողները զանիկա պաշարեցին ու զարկին։ 26  Մովաբի թագաւորը, երբ տեսաւ որ պատերազմը իր վրայ սաստկացաւ, իրեն հետ եօթը հարիւր սուսերամերկ զօրք առաւ, որպէս զի մինչեւ Եդովմի թագաւորին հակառակ կողմը անցնին, բայց չկրցան։ 27  Ուստի առաւ իր անդրանիկ որդին, որ իր տեղ պիտի թագաւորէր ու զանիկա պարսպին վրայ զոհեց։ Իսրայելացիներուն դէմ մեծ բարկութիւն եղաւ։ Անոր երկրէն ետ քաշուեցան ու իրենց երկիրը դարձան։

Ստորանիշներ