ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 11։1-40
11 Արդ՝ հաւատքը յուսացուած բաներուն հաստատութիւնը ու չերեւցած բաներուն ապացոյցն է.
2 Վասն զի անով առաջինները վկայութիւն ընդունեցին։
3 Հաւատքով կ’իմանանք թէ աշխարհ Աստուծոյ խօսքովը հաստատուեցաւ ու աներեւոյթ բաներէն այս երեւցածները եղան։
4 Հաւատքով Աբէլ Կայէնէն աւելի աղէկ զոհ մատուցանեց Աստուծոյ, որով վկայուեցաւ անոր արդար ըլլալը. վասն զի իր պատարագներուն համար Աստուծմէ վկայութիւն եղաւ իրեն եւ անով, թէպէտ մեռաւ, բայց տակաւին կը խօսի։
5 Հաւատքով Ենովք երկրէն փոխադրուեցաւ որպէս զի մահ չտեսնէ ու տեղ մը չէր գտնուեր, վասն զի Աստուած փոխադրեց զանիկա. քանզի անոր փոխադրուելէն առաջ վկայուեցաւ թէ Աստուծոյ հաճելի էր։
6 Բայց առանց հաւատքի անհնար է Աստուծոյ հաճելի ըլլալ. վասն զի ան որ Աստուծոյ կը մօտենայ, պէտք է որ հաւատայ թէ Աստուած կայ եւ թէ վարձահատոյց կ’ըլլայ անոնց, որ զինք կը փնտռեն։
7 Հաւատքով Նոյ պատգամ առնելով Աստուծմէ՝ դեռ չերեւցած բաներուն համար՝ վախնալով տապանը շինեց իր տունը փրկելու համար, որով աշխարհս դատապարտեց եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեանը, որ հաւատքով կ’ըլլայ։
8 Հաւատքով երբ Աբրահամ կանչուեցաւ, մտիկ ըրաւ ու գնաց այն տեղը, որ պիտի ժառանգէր եւ ելաւ գնաց ու չէր գիտեր թէ ո՞ւր կ’երթայ։
9 Հաւատքով պանդխտացաւ աւետեաց երկրին մէջ որպէս թէ օտարութեան մէջ, վրաններու մէջ բնակեցաւ Իսահակին ու Յակոբին հետ մէկտեղ, որոնք իրեն հետ ժառանգորդ էին նոյն խոստումին.
10 Վասն զի ինք կը սպասէր այն հիմերով հաստատուած քաղաքին, որուն ճարտարապետն ու արարիչը Աստուած է։
11 Հաւատքով ինք՝ Սառան՝ որդեծնութեան սերմը առնելու զօրութիւնը ընդունեց եւ ատենը անցած հասակի մէջ զաւակ ծնաւ. վասն զի հաւատարիմ սեպեց զանիկա որ խոստացած էր։
12 Ուստի այն մէկէն ծնան, այն ալ մեռածի պէս, շատութեան կողմէ երկնքի աստղերուն ու ծովեզերքի աւազին պէս առանց համրանքի։
13 Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին* եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։
14 Քանզի անոնք որ այսպիսի բաներ կը խօսին, յայտնի կ’ընեն թէ գաւառ մը կը փնտռեն։
15 Եւ յիրաւի եթէ զանիկա յիշէին՝ ուրկէ որ ելան, ժամանակ ունէին հոն դառնալու։
16 Բայց հիմա լաւագոյն գաւառի մը կը փափաքին, այսինքն երկնաւորին. ուստի ամօթ չի սեպեր Աստուած անոնց Աստուածը կոչուիլը, վասն զի ինք անոնց քաղաք մը պատրաստեց։
17 Հաւատքով Աբրահամ իր փորձուած ատենը Իսահակը պատարագ մատուցանեց. թէեւ ինք խոստում առած էր, բայց իր մէկ հատիկ որդին կը մատուցանէր,
18 Որուն համար ըսուած էր. «Իսահակով քեզի սերունդ պիտի տրուի»,
19 Քանզի Աբրահամ կը մտածէր թէ Աստուած կարող է մեռելներէն ալ Իսահակը յարուցանել, ուստի որպէս նախատիպար ընդունեց զանիկա։
20 Հաւատքով Իսահակ գալու բաներուն վրայ մարգարէանալով՝ օրհնեց Յակոբն ու Եսաւը։
21 Հաւատքով Յակոբ իր մեռնելու ատենը՝ Յովսէփին որդիներէն իւրաքանչիւրը օրհնեց ու երկրպագութիւն ըրաւ իր գաւազանին գլխուն վրայ յենելով։
22 Հաւատքով Յովսէփ իր վախճանելու ատենը յիշեցուց Իսրայէլի որդիներուն Եգիպտոսէն ելլելը ու իր ոսկորներուն համար պատուէր տուաւ։
23 Հաւատքով, երբ ծնաւ Մովսէս, իր ծնողներուն ձեռքով երեք ամիս գաղտուկ պահուեցաւ. վասն զի տղան գեղեցիկ տեսան ու չվախցան թագաւորին հրամանէն։
24 Հաւատքով Մովսէս, երբ մեծցաւ, չընդունեց Փարաւոնին աղջկան որդի կոչուիլ.
25 Քանզի աւելի աղէկ սեպեց Աստուծոյ ժողովուրդին հետ չարչարուիլ, քան թէ մեղքին ժամանակաւոր զուարճութիւնը վայելել։
26 Աւելի մեծ հարստութիւն սեպեց Քրիստոսին նախատինքը՝ քան թէ Եգիպտոսին գանձերը. վասն զի դիտելով կը սպասէր վարձքին հատուցումին։
27 Հաւատքով Եգիպտոսը թողուց ու չվախցաւ թագաւորին բարկութենէն. վասն զի համբերեց՝ որպէս թէ Անտեսանելին կը տեսնէր։
28 Հաւատքով ըրաւ զատիկը եւ արիւն սրսկելը, որպէս զի անդրանիկները սատկեցնողը իրեն չդպչի։
29 Հաւատքով Կարմիր ծովէն անցան, որպէս թէ ցամաքէ. որուն փորձը ընելով Եգիպտացիները ընկղմեցան։
30 Հաւատքով Երիքովի պարիսպները ինկան՝ եօթը օր անոնց բոլորտիքը պտըտելով։
31 Հաւատքով Ռախաբ պոռնիկը անհաւատներուն հետ չկորսուեցաւ, քանի որ լրտեսները խաղաղութեամբ ընդուներ էր։
32 Եւ ալ ի՞նչ ըսեմ. վասն զի ժամանակը բաւական չէ որ պատմեմ Գեդէօնին ու Բարակին եւ Սամփսոնին ու Յեփթայէին եւ Դաւիթին ու Սամուէլին եւ ուրիշ մարգարէներու համար.
33 Որոնք հաւատքով թագաւորութիւններու յաղթեցին, արդարութիւն գործեցին, խոստումներու հասան, առիւծներու բերաններ գոցեցին,
34 Կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերնէ ազատեցան, տկարութենէ ուժովցան, պատերազմի մէջ զօրաւոր եղան, օտարներու բանակներ ցրուեցին.
35 Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէս զի լաւագոյն յարութեան հասնին.
36 Ուրիշներ ալ նախատինքներու ու ծեծերու, նաեւ կապերու ու բանտերու փորձը առին.
37 Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, փորձանքի մէջ ինկան, սրով սպաննուելով մեռան, ոչխարի մորթերով ու այծի մորթերով պտըտեցան, կարօտութիւն քաշելով, նեղը իյնալով, չարչարուելով,
38 Որոնց արժանի չէր աշխարհս, անապատներու ու լեռներու եւ այրերու ու երկրի խոռոչներու մէջ մոլորելով։
39 Եւ ասոնք հաւատքով վկայուած՝ խոստումը չառին.
40 Քանզի Աստուած մեզի համար աւելի աղէկ բան մը նախապատրաստեց, որպէս զի անոնք առանց մեզի չկատարուին։
Ստորանիշներ
^ 11։13 Ոմանք, հաւատալով ողջունեցին