ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 12։1-29

12  Ուստի մենք ալ, որ այսչափ վկաներու բազմութեամբ* շրջապատուած ենք, ամէն ծանրութիւն մեր վրայէն մէկդի ձգենք եւ մեզ դիւրաւ պաշարող մեղքը։ Համբերութիւնով վազենք մեր առջեւ դրուած ասպարէզի ընթացքը։  Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին առաջնորդին ու կատարողին, որ իր առջեւ կեցած ուրախութեանը համար խաչը յանձն առաւ, ամօթը արհամարհեց ու Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը նստաւ։  Արդ՝ միտք բերէք զանիկա, որ այսպէս համբերեց մեղաւորներուն իրեն դէմ հակառակ խօսելուն, որ չըլլա՛յ թէ ձեր անձովը յոգնիք ու թուլնաք։  Տակաւին արիւն թափելու չափ պատերազմելով հակառակ չկեցաք մեղքին։  Մոռցաք այն յորդորը որ ձեզի հետ կը խօսի որպէս թէ որդիներու հետ. «Ո՛րդեակ իմ, Տէրոջը խրատը մի՛ անարգեր ու անկէ յանդիմանուելով՝ մի՛ թուլնար։  Վասն զի Տէրը իր սիրածը կը խրատէ եւ կը ծեծէ ամէն մէկ որդի որ կ’ընդունի»։  Եթէ խրատի համբերէք, Աստուած ձեզի հետ որպէս թէ որդիներու հետ պիտի վարուի. քանզի ո՞ր որդին է ան՝ որուն հայրը զինք չի պատժեր։  Իսկ եթէ դուք առանց խրատի ըլլաք, որուն ամէնքը մասնակից եղան, ուրեմն խո՛րթ էք դուք ու ո՛չ թէ որդիներ։  Նաեւ մարմնաւոր հայրերէն, որ մեզ կը խրատեն, կը պատկառինք, որչա՞փ աւելի պիտի հնազանդինք հոգիներուն Հօրը ու ապրինք։ 10  Վասն զի անոնք քիչ օրեր մեզ կը խրատեն իրենց հաճոյ երեւցածին պէս, բայց Աստուած մեր օգտին համար՝ որպէս զի իր սրբութեանը հաղորդակցինք։ 11  Յիրաւի ամէն խրատ նոյն ատեն ուրախարար չի թուիր, հապա տրտմարար, բայց ետքը արդարութեան խաղաղարար պտուղը կը հատուցանէ անով վարժուողներուն։ ՅՈՐԴՈՐԱՆՔ ԵՒ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ 12  Ուստի թուլցած ձեռքերը ու տկար ծունկերը հաստատեցէ՛ք 13  Եւ շիտակ ճամբաներ փնտռեցէ՛ք ձեր ոտքերուն, որ չըլլայ թէ ան որ կաղ է՝ խոտորի*, այլ՝ մանաւանդ բժշկուի։ 14  Խաղաղութեան ետեւէ եղէ՛ք ամենուն հետ եւ սրբութեան, առանց ասոր մէ՛կը պիտի չտեսնէ Տէրը։ 15  Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մէկը Աստուծոյ շնորհքէն ետ մնայ. չըլլայ որ դառնութեան արմատ մը վեր երեւնալով՝ ձեզ նեղէ ու անով շատեր պղծուին. 16  Չըլլայ որ մէկը պոռնիկ ըլլայ կամ անսուրբ՝ Եսաւին պէս, որ կերակուրի մը համար իր անդրանկութիւնը ծախեց։ 17  Քանզի գիտէք որ՝ թէպէտ ետքը ուզեց օրհնութիւնը ժառանգել, բայց մերժուեցաւ. վասն զի ապաշխարութեան առիթ չգտաւ հօրը քով, թէպէտեւ արցունքով խնդրեց զանիկա։ 18  Վասն զի դուք մօտեցած չէ՛ք շօշափելի լերանը, որ կրակով կը վառէր, ո՛չ ալ մէգին եւ խաւարին ու մրրիկին 19  Եւ փողին հնչուելուն ու խօսքերուն ձայնին, որ լսողները աղաչեցին որ անգամ մըն ալ այն խօսքը չրկրկնուի իրենց. 20  Վասն զի չէին կրնար դիմանալ հրամանին. «Եթէ գազան մըն ալ լերանը դպչի՝ պիտի քարկոծուի*»։ 21  Այնպէս ահաւոր էր այն երեւոյթը՝ որ Մովսէս ըսաւ. «Սաստիկ կը վախնամ ու կը դողամ»։ 22  Բայց դուք Սիօն լերան մօտեցեր էք ու կենդանի Աստուծոյ քաղաքին, երկնաւոր Երուսաղէմին եւ բիւրաւոր հրեշտակներուն 23  Ու երկինքը գրուած անդրանիկներուն հանդիսաւոր ժողովին ու եկեղեցիին եւ Աստուծոյ՝ որ ամենուն Դատաւորն է ու արդարներուն հոգիներուն՝ որոնք կատարելութեան հասեր են 24  Եւ Յիսուսին, որ նոր ուխտին միջնորդն է ու սրսկուելու արիւնին, որ Աբէլի արիւնէն աւելի աղէկ կը խօսի։ 25  Զգուշացէ՛ք, չըլլայ որ մերժէք զանիկա որ ձեզի կը խօսի. վասն զի եթէ անոնք երկրի վրայ Աստուծոյ պատգամները տուողը մերժելով չազատեցան, որչա՜փ աւելի մենք՝ եթէ երկնքէն խօսողէն երես դարձնենք. 26  Որուն ձայնը այն ատեն երկիրը շարժեց եւ հիմա խոստացեր է ու կ’ըսէ. «Նորէ՛ն պիտի շարժեմ, ո՛չ միայն երկիրը, հապա նաեւ երկինքը»։ 27  Եւ այն Նորէն բառը կը ցուցնէ թէ շարժուած բաները պիտի շարժին ու փոխուին, որպէս զի անշարժ բաները հաստատուն մնան։ 28  Ուստի անշարժ թագաւորութիւնը առած ըլլալով՝ ամուր բռնենք այն շնորհքը ու Աստուած պաշտենք հաճելի կերպով, ակնածութեամբ եւ բարեպաշտութեամբ. 29  Վասն զի մեր Աստուածը մաշող կրակ է։

Ստորանիշներ

12։1 Յուն., ամպով
12։13 Կամ, գլորի,
12։20 Ոմանք կ’աւելցնեն, կամ նետով զարնուի