ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 13։1-25
13 Եղբայրսիրութիւնը ձեր մէջ թող հաստատ մնայ։
2 Հիւրասիրութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի անով ոմանք հրեշտակներ ընդունեցին առանց գիտնալու։
3 Մտքերնիդ ըլլան կապուածները, որպէս թէ անոնց հետ դուք ալ կապուած էք եւ չարչարուածները՝ որպէս թէ դուք ալ մարմնաւոր էք։
4 Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է. բայց Աստուած պիտի դատէ պոռնիկներն ու շնացողները։
5 Բարքերնիդ արծաթասէր չըլլա՛յ, բաւական սեպեցէք որչափ բան որ ձեռքերնիդ կայ. վասն զի ինք ըսաւ թէ՝ «Բնաւ քեզ պիտի չթողում ու բնաւ քեզ երեսէ պիտի չձգեմ».
6 Այնպէս որ կը համարձակինք ըսելու. «Տէրը իմ օգնականս է, ուստի ես պիտի չվախնամ. մարդը ինծի ի՞նչ պիտի ընէ»։
7 Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները, որոնք Աստուծոյ խօսքը ձեզի խօսեցան եւ անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք։
8 Յիսուս Քրիստոս նոյնն է երէկ ու այսօր եւ յաւիտեանս։
9 Կերպ կերպ եւ օտարաձայն ուսմունքներով մի՛ տարուբերիք, քանզի աղէկ է որ սիրտը շնորհքով հաստատուի ու ոչ թէ կերակուրներով, որոնցմէ օգուտ մը չունեցան անոնք որ այնպէս գացին։
10 Սեղան մը ունինք մենք, ուրկէ իրաւունք չունին ուտելու անոնք որ խորանին ծառայութիւն կ’ընեն։
11 Քանզի այն անասուններուն՝ որոնց արիւնը սուրբ տեղը կը տարուի մեղքի համար քահանայապետին ձեռքով՝ անոնց մարմինները բանակէն դուրս կ’այրուին.
12 Ուստի Յիսուս ալ, իր արիւնովը ժողովուրդը սրբելու համար, դռնէն դուրս չարչարուեցաւ։
13 Ուրեմն եկէք իրեն ելլենք բանակէն դուրս, մեր վրայ առնելով անոր նախատինքը։
14 Վասն զի մենք հոս մնայուն քաղաք չունինք, հապա հանդերձեալը կը փնտռենք։
15 Ուստի անոր ձեռքով ամէն ատեն Աստուծոյ օրհնութեան պատարագ մատուցանենք, այսինքն մեր շրթունքներուն պտուղը, որոնք իր անունը կը դաւանին։
16 Իսկ բարերարութիւնը ու կարօտեալներուն ողորմութիւնը մի՛ մոռնաք, վասն զի Աստուած այնպիսի պատարագներու կը հաւնի։
17 Ձեր առաջնորդներուն մտիկ ըրէ՛ք ու անոնց հնազանդեցէ՛ք, վասն զի անոնք ձեր հոգիներուն համար կը հսկեն, որպէս թէ հաշիւ պիտի տան. որպէս զի խնդութիւնով ընեն այն գործը եւ ոչ թէ հառաչելով, վասն զի այն ձեզի օգտակար չէ։
18 Մեզի համար աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի մենք համոզուած ենք թէ մաքուր խիղճ ունինք եւ ամէն բանի մէջ կ’ուզենք աղէկ վարմունք ունենալ։
19 Եւ մանաւանդ կ’աղաչեմ որ այս ընէք, որպէս զի աւելի շուտով ձեզի դառնամ։
ՓԱԿՄԱՆ ԱՂՕԹՔ
20 Խաղաղութեան Աստուածը որ մեռելներէն յարուցանեց մեր Տէր Յիսուսը, որ յաւիտենական ուխտին արիւնովը ոչխարներուն մեծ Հովիւն է,
21 Ձեզ ամէն բարի գործի մէջ հաստատէ իր կամքը ընելու եւ ձեր մէջ իր առջեւ հաճելի եղածը ընէ Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով, որուն փառք յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն։
ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔ
22 Կ’աղաչեմ ձեզի, եղբա՛յրներ, այս յորդորական խօսքիս համբերել, վասն զի համառօտաբար գրեցի ձեզի։
23 Գիտցէք թէ մեր եղբայրը Տիմոթէոս արձակուած է, որուն հետ, եթէ շուտով գայ, պիտի տեսնեմ ձեզ։
24 Բարեւ ըրէ՛ք ձեր բոլոր առաջնորդներուն ու բոլոր սուրբերուն. ձեզի բարեւ կ’ընեն անոնք որ Իտալիայէն են։
25 13։24 Շնորհքը ձեր ամենուն հետ ըլլայ։ Ամէն։