ԹՈՒՂԹ ԱՌ ԵԲՐԱՅԵՑԻՍ 6։1-20

6  Ուստի, Քրիստոսին վրայով նախնական սորվելիքները ձգելով՝ կատարեալին գանք, առանց նորէն հիմ ձգելով մեռած գործերէն ապաշխարելու, առ Աստուած հաւատք ունենալու,  Մկրտութիւններուն վարդապետութեանը, ձեռք դնելուն, մեռելներուն յարութեանը, յաւիտենական դատաստանին։  Ասոնք պիտի ընենք՝ եթէ Աստուած հրաման տայ։  Վասն զի անհնար է մէկ անգամ լուսաւորուածներուն՝ որոնք երկնաւոր պարգեւին համը առին, Սուրբ Հոգիին հաղորդակից եղան,  Աստուծոյ բարի խօսքին ու գալու աշխարհին զօրութիւններուն համը առին  Որ եթէ իյնան՝ նորէն ապաշխարութիւնով նորոգուին. որովհետեւ կրկին Աստուծոյ Որդին խաչը կը հանեն իրենց անձին ու կը խայտառակեն։  Վասն զի այն երկիրը, որ իր վրայ շատ անգամ եկած անձրեւը կը խմէ եւ արդիւնք կը բերէ պիտանի անոնց՝ որոնց համար կը մշակուի, Աստուծմէ օրհնութիւն կ’ընդունի.  Բայց այն որ փուշեր ու տատասկներ կ’աճեցնէ՝ անպիտան է ու անէծքի արժանի եւ պիտի այրուի։  Իսկ մենք, սի՛րելիներ, ձեր վրայով լաւագոյն եւ փրկութեան վերաբերեալ յոյսեր ունինք, թէեւ այսպէս կը խօսինք։ 10  Քանզի Աստուած անիրաւ չէ, որ ձեր գործը մոռնայ ու այն սէրը զոր իր անուանը համար ցուցուցիք, որ սուրբերուն ծառայեցիք ու կը ծառայէք։ 11  Բայց մենք կը բաղձանք, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը նոյն ջանքը ցուցնէ յոյսը հաստատելու՝ մինչեւ վերջը։ 12  Որպէս զի դուք անփոյթ չըլլաք, հապա՝ նմանիք անոնց, որ հաւատքով ու համբերութիւնով խոստումները ժառանգեցին։ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՍՏԱՏ ԽՈՍՏՈՒՄԸ 13  Վասն զի երբ Աստուած Աբրահամին խոստում ըրաւ, որովհետեւ իրմէ մեծը չկար՝ որ անոր վրայ երդում ընէր, 14  Իր անձին վրայ երդում ըրաւ ու ըսաւ. «Այո՛, օրհնելով պիտի օրհնեմ քեզ ու շատցնելով պիտի շատցնեմ քեզ»։ 15  Եւ Աբրահամ համբերելով խոստումին հասաւ։ 16  Քանզի մարդիկ իրենցմէ մեծին վրայ երդում կ’ընեն ու անոնց բոլոր հակառակութեանը հաստատ վճիռ տուողը երդումն է։ 17  Որով Աստուած իր խորհուրդին անփոփոխ ըլլալը ա՛լ աւելի ցուցնել ուզելով խոստումին ժառանգորդներուն, երդում ըրաւ. 18  Որպէս զի երկու անփոփոխելի բաներով, որոնք կը ցուցնեն թէ՝ անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի, հաստատուն մխիթարութիւն ունենանք մենք, որ ապաստան գտանք մեր առջեւ դրուած յոյսը ամուր բռնելու, 19  Որ ունինք իբրեւ հաստատ ու անշարժ խարիսխ մը մեր անձին, որ վարագոյրին ներսի կողմն ալ կը մտնէ. 20  Ուր Յիսուս իբրեւ առաջնորդ մտաւ մեզի համար՝ յաւիտենական Քահանայապետ ըլլալով Մելքիսեդեկին կարգին պէս։

Ստորանիշներ