ԵԶԵԿԻԷԼԻ 11։1-25
11 Հոգին զիս վերցուց ու Տէրոջը տանը դէպի արեւելք նայող արեւելեան դուռը տարաւ։ Դրանը մուտքը քսանըհինգ մարդ կար։ Անոնց մէջ՝ ժողովուրդին իշխանները, Ազուրի որդին Յեզոնիան ու Բանեայի որդին Փաղատիան ալ տեսայ։
2 Անիկա ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ,Ասոնք են այն մարդիկը, որ անօրէնութիւն կը մտածենՈւ չար խորհուրդ կու տան այս քաղաքին
3 Ու կ’ըսեն. ‘Մօտ չէ ժամանակը, տուներ շինենք’.Այս քաղաքը կաթսայ է ու մենք միս ենք»։
4 Ուստի մարգարէացի՛ր անոնց վրայ։Մարգարէացի՛ր, որդի՛ մարդոյ։
5 Այն ատեն Տէրոջը Հոգին իմ վրաս եկաւՈւ ինծի ըսաւ. «Ըսէ թէ Տէրը այսպէս կ’ըսէ.‘Դուք այդպէս ըսիք’, ո՛վ Իսրայէլի տուն,Բայց ես ձեր մտքէն անցածը գիտեմ։
6 Դուք այս քաղաքին մէջ ձեր սպաննուածները շատցուցիքՈւ անոր փողոցները սպաննուածներով լեցուցիք»։
7 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Ձեր սպաննուածները, որոնք անոր մէջ դրիք,Անոնք միսն են ու անիկա կաթսան է.Բայց ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ։
8 Դուք սուրէն վախցաքՈւ ես սուրը ձեր վրայ պիտի բերեմ’,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
9 Ձեզ անոր մէջէն պիտի հանեմ,Ձեզ օտարներուն ձեռքը պիտի մատնեմՈւ ձեր մէջ դատաստաններ պիտի գործադրեմ։
10 Դուք սուրով պիտի իյնաք։Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմՈւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։
11 Այս քաղաքը ձեզի համար կաթսայ պիտի չըլլայ,Որ դուք անոր մէջ միս ըլլաք։Իսրայէլի սահմանին վրայ ձեզ պիտի դատեմ։
12 Ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը.Քանի որ իմ օրէնքներովս չքալեցիքՈւ իմ հրամաններս չգործադրեցիք,Հապա ձեր բոլորտիքը եղող ազգերուն սովորութիւններուն համեմատ վարուեցաք’»։
13 Իմ մարգարէութիւն ըրած ատենս Բանեայի որդին Փաղատիան մեռաւ։ Այն ատեն Երեսիս վրայ ինկայ, բարձր ձայնով աղաղակեցի ու ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, միթէ Իսրայէլի մնացորդը բոլորովին պիտի սպառե՞ս»։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
14 Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
15 «Որդի՛ մարդոյ, քու եղբայրներդ, քու ազգականներդ ու բոլոր Իսրայէլի տունը, ամէնքը այն մարդիկն են, որոնց Երուսաղէմի բնակիչները ըսին. ‘Տէրոջը քովէն հեռացէ՛ք. այս երկիրը մեզի ժառանգութիւն տրուած է’։
16 Անոր համար ըսէ՛. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Թէեւ զանոնք ազգերու մէջ տարիՈւ զանոնք երկիրներու մէջ ցրուեցի,Բայց անոնց մտած երկիրներուն մէջՔիչ մը ատեն անոնց սրբարան պիտի ըլլամ’։
17 Անոր համար ըսէ. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Ձեզ ժողովուրդներէն պիտի հաւաքեմԵւ ձեզ պիտի հաւաքեմ այն երկիրներէն՝Ուր դուք ցրուուած էք։Ձեզի պիտի տամ Իսրայէլի երկիրը։
18 Հոն պիտի մտնեն,Անոր բոլոր գարշութիւնները,Բոլոր պղծութիւնները անկէ պիտի վերցնեն։
19 Անոնց մէկ սիրտ պիտի տամ,Անոնց ներսիդին նոր հոգի պիտի դնեմ.Անոնց մարմինէն քարեղէն սիրտը պիտի հանեմ ուԱնոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ.
20 Որպէս զի իմ օրէնքներուս մէջ քալեն,Իմ պատուէրներս պահեն ու զանոնք գործադրեն։Անոնք ինծի ժողովուրդ ըլլան,Ես ալ անոնց Աստուած ըլլամ։
21 Բայց անոնց՝ որոնց սիրտը իրենց կամքին գարշութիւններունՈւ պղծութիւններուն ետեւէն կ’երթայ,Անոնց գործերը իրենց գլուխը պիտի բերեմ’,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԷՆ
22 Քերովբէները իրենց թեւերը վերցուցին ու անիւները անոնց հետ էին եւ Իսրայէլի Աստուծոյն փառքը վերէն անոնց վրայ էր։
23 Եւ Տէրոջը քաղաքին մէջտեղէն ելաւ եւ քաղաքին արեւելեան կողմը եղող լերանը վրայ կայնեցաւ։
24 Ու Հոգին զիս վերցուց եւ Քաղդէացիներու երկիրը եղող գերիներուն քով տարաւ։ Ասիկա տեսիլքի մէջ եղաւ Աստուծոյ Հոգիովը։ Այն տեսած տեսիլքս իմ վրայէս հեռացաւ։
25 Ու ես գերիներուն իմացուցի Տէրոջը բոլոր խօսքերը, որոնք ինծի յայտներ էր։