ԵԶԵԿԻԷԼԻ 15։1-8

15  Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.   «Որդի՛ մարդոյ, որթատունկին փայտը ի՞նչ առաւելութիւն ունի ուրիշ փայտերէ,Այսինքն այնպիսի ճիւղ մը, որ անտառի ծառերուն մէջ է։   Միթէ ան իբր փայտ կ’առնուի՞, բանի մը գործածելու համար.Կամ թէ անկէ ցից մը կը շինուի՞ անկէ աման մը կախելու համար։   Ահա կրակի մէջ կը նետուի, անոր կերակուր ըլլալու համար։Կրակը անոր երկու ծայրերը կ’ուտէՈւ մէջը կ’այրէ։Միթէ անիկա բանի մը օգտակար կ’ըլլա՞յ։   Ահա անիկա ողջ եղած ատենը բանի մը չի ծառայեր.Ալ ո՞ւր մնաց որ անիկա բանի մը օգտակար ըլլայ,Երբ կրակը զանիկա սպառէ եւ հատցնէ։   Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Անտառին փայտերուն մէջ ինչպէս է որթատունկին փայտը,Որ կրակին տուի կերակուրի համար,Այնպէս ալ Երուսաղէմի բնակիչները տուի։   Իմ երեսս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ.Անոնք մէկ կրակէն պիտի ազատին,Բայց ուրիշ կրակ մը զանոնք պիտի ուտէ։Երբ իմ երեսս անոնց վրայ հաստատեմ,Պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը։   Եւ իրենց անհաւատարմութեան համարԵրկիրը ամայի պիտի ընեմ’»։

Ստորանիշներ