ԵԶԵԿԻԷԼԻ 25։1-17
25 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Ամմոնի որդիներուն դարձուր ու անոնց վրայ մարգարէութիւն ըրէ՛
3 Եւ Ամմոնի որդիներուն ըսէ, Տէր Եհովային խօսքը լսեցէք. Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն «Վա՜շ» ըսիր իմ սրբարանիս համար՝ երբ պղծուեցաւ ու Իսրայէլի երկրին համար՝ երբ աւերակ եղաւ եւ Յուդայի տանը համար՝ երբ գերութեան գնաց.
4 Անոր համար ահա ես քեզ արեւելքի բնակիչներուն ժառանգութիւն պիտի տամ ու քու մէջդ իրենց գիւղերը պիտի հաստատեն ու քու մէջդ իրենց վրանները պիտի բանան, քու պտուղներդ պիտի ուտեն եւ քու կաթդ պիտի խմեն։
5 Ռաբբան՝ ուղտերու փարախ եւ Ամմոնի որդիներուն երկիրը հօտերու մակաղատեղի պիտի ընեմ ու պիտի գիտնաք թէ ես եմ Տէրը’։
6 Վասն զի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն ծափ զարկիր ու ոտքդ գետինը զարկիր ու Իսրայէլի երկրին վրայ քու հոգիիդ բոլոր արհամարհանքովը ուրախացար,
7 Անոր համար ահա ես իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ ժողովուրդներէն պիտի կտրեմ ու քեզ երկիրներուն մէջէն պիտի կորսնցնեմ. քեզ բնաջինջ պիտի ընեմ’։ Ու պիտի գիտնաս թէ ես եմ Տէրը»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՄՈՎԱԲԻՆ ԴԷՄ
8 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Մովաբ ու Սէիր ինծի ըսին թէ ‘Ահա Յուդայի տունը բոլոր ազգերուն պէս է’,
9 Անոր համար ահա ես Մովաբին սահմանը իր քաղաքներէն, իր ծայրը եղող քաղաքներէն, երկրին պարծանքը եղող Բեթեսիմօթի, Բէէլմօնի ու Կարիաթեմի կողմէն պիտի բանամ
10 Արեւելքի բնակիչներուն, որպէս զի Ամմոնի որդիներուն վրայ գան։ Այն երկիրը անոնց իբր ժառանգութիւն պիտի տամ, որպէս զի Ամմոնի որդիները ազգերուն մէջ չյիշուին։
11 Մովաբն ալ պիտի պատժեմ ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ԵԴՈՎՄԻՆ ԴԷՄ
12 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Որովհետեւ Եդովմ Յուդայի տունէն վրէժ առաւ եւ անկէ վրէժ առնելով մեծ յանցանք գործեց»,
13 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Եդովմի վրայ անշուշտ ձեռքս պիտի երկնցնեմ եւ մարդն ու անասունը անկէ պիտի կոտորեմ եւ զանիկա անապատ պիտի ընեմ, Թեմանէն մինչեւ Դեդան սուրով պիտի իյնան’։
14 Իմ ժողովուրդիս Իսրայէլին ձեռքով իմ վրէժխնդրութիւնս Եդովմին վրայ պիտի կատարեմ ու անոնք իմ սրտմտութեանս ու բարկութեանս համեմատ պիտի ընեն Եդովմի մէջ եւ իմ վրէժխնդրութիւնս պիտի ճանչնան’»։
ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՓՂՇՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ
15 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Փղշտացիները վրէժխնդրութեամբ վարուեցան ու հոգիի արհամարհանքով վրէժ առին՝ հին օրերու ատելութեամբ աւերելով’,
16 Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես իմ ձեռքս Փղշտացիներուն վրայ պիտի երկնցնեմ եւ Քերեթիները պիտի կոտորեմ ու ծովեզերքը եղողներուն մնացորդը բնաջինջ պիտի ընեմ
17 Եւ անոնց վրայ իմ սրտմտութեանս յանդիմանութիւններովը մեծ վրէժխնդրութիւններ պիտի կատարեմ ու երբ իմ վրէժս անոնցմէ առնեմ, պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը’»։