ԵԶԵԿԻԷԼԻ 28։1-26

28  Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.  «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի իշխանին ըսէ թէ՝ Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ քու սիրտդ հպարտացաւ ու ըսիր թէ «Ես աստուած մըն եմ, եւ ծովուն մէջտեղը Աստուծոյ աթոռը կը նստիմ». սակայն դուն մարդ ես ու ո՛չ թէ աստուած, թէեւ քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր’.  Ահա դուն Դանիէլէն իմաստուն ես, բնաւ գաղտնիք մը քեզմէ պահուած չէ։  Քու իմաստութիւնովդ ու հանճարովդ քեզի հարստութիւն ստացար եւ գանձերուդ մէջ ոսկի ու արծաթ հաւաքեցիր։  Իմաստութեամբ ու վաճառականութեամբ հարստութիւնդ շատցուցիր եւ քու հարստութեանդ պատճառով սիրտդ հպարտացաւ։  Անոր համար Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ դուն քու սիրտդ Աստուծոյ սրտին տեղ դրիր,  Անոր համար ահա ես քու վրադ օտարներ, ազգերու բռնապետներ պիտի բերեմ։ Անոնք քու իմաստութեանդ գեղեցկութեանը վրայ սուրերնին պիտի քաշեն ու քու վայելչութիւնդ պիտի ապականեն։  Քեզ գուբը պիտի իջեցնեն ու ծովուն մէջտեղը վիրաւորներու մահովը պիտի մեռնիս։  Միթէ քեզ սպաննողներուն առջեւ պիտի կրնա՞ս ըսել թէ ‘Ես աստուած եմ’. դուն քեզ մեռցնողներուն ձեռքին մէջ մարդ պիտի ըլլաս ու ո՛չ թէ աստուած։ 10  Օտարներուն ձեռքով՝ անթլփատներուն մահովը պիտի մեռնիս, քանզի ես խօսեցայ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։ ՏԻՒՐՈՍԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ԱՆԿՈՒՄԸ 11  Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 12  «Որդի՛ մարդոյ, Տիւրոսի թագաւորին վրայով ողբա՛ ու անոր ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Դուն որ կատարելութեան կնիքն ես, իմաստութեամբ լեցուած ու գեղեցկութեան մէջ կատարեալ ես, 13  Դուն Աստուծոյ դրախտին՝ Եդեմի՝ մէջ էիր, քու ծածկոցդ ամենէն պատուական քարերէն էին՝ սարդիոն, տպազիոն ու ադամանդ, ոսկեքար, եղնգնաքար եւ յասպիս, շափիւղայ, կարկեհան եւ զմրուխտ ու ոսկի։ Քու թմբուկներուդ ու սրինգներուդ գործը քու ստեղծման օրդ քեզի պատրաստուեցաւ, 14  Դուն տարածուած ու ծածկող քերովբէ մըն էիր ու ես քեզ դրի։ Դուն Աստուծոյ սուրբ լերանը վրայ էիր, դուն հրեղէն քարերուն մէջտեղերը կը շրջէիր, 15  Դուն ճամբաներուդ մէջ կատարեալ էիր, քու ստեղծուած օրէդ մինչեւ այն օրը, երբ քու վրադ անօրէնութիւն գտնուեցաւ։ 16  Քու առուտուրիդ շատութեանը մէջ, բռնութեամբ լեցուեցար ու մեղք գործեցիր։ Ես ալ քեզ Աստուծոյ լեռնէն՝ իբրեւ պիղծ՝ վար նետեցի եւ քեզ, ո՛վ ծածկող քերովբէ, հրեղէն քարերուն մէջէն բնաջինջ ըրի։ 17  Քու գեղեցկութեանդ համար սիրտդ հպարտացաւ, քու վայելչութեանդ պատճառով քու իմաստութիւնդ ապականեցիր։ Ես ալ գետինը նետեցի քեզ, թագաւորներուն առջեւ դրի, ազդարարութեան համար։ 18  Քու խարդախ վաճառականութիւնովդ եւ անօրէնութիւններովդ քու սրբութիւններդ պղծեցիր։ Ես ալ քու մէջէդ կրակ հանեցի, անիկա քեզ կերաւ ու բոլոր քեզ տեսնողներուն աչքին առջեւ քեզ գետնի վրայ մոխիր ըրի։ 19  Ազգերուն մէջ ամէն քեզ ճանչցողները տժգունեցան. դուն սոսկումի պատճառ եղար ու յաւիտեան ոչնչացար’»։ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ ՍԻԴՈՆԻՆ ԴԷՄ 20  Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. 21  «Որդի՛ մարդոյ, երեսդ Սիդոնի կողմը դարձո՛ւր, անոր վրայով մարգարէութիւն ըրէ՛ 22  Ու ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ Սիդոն, եւ քու մէջդ պիտի փառաւորուիմ, երբ զայն պատժեմ եւ անոր մէջ սուրբ անուանուիմ։ 23  Վասն զի անոր մէջ ժանտախտ ու անոր փողոցներուն մէջ արիւն պիտի ղրկեմ եւ շուրջը եղող սուրովը անոր մէջ վիրաւորներ պիտի իյնան ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը։ 24  Եւ Իսրայէլի տանը անգամ մըն ալ խայթող տատասկ ու ցաւցնող փուշ պիտի չըլլայ՝ իրենց բոլորտիքը եղող զիրենք նախատողներէն ու պիտի գիտնան թէ ես եմ Տէր Եհովան’»։ ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆՈՒԻ 25  Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Իսրայէլի տունը հաւաքեմ այն ժողովուրդներէն՝ որոնց մէջ ցրուուած են, այն ատեն անոնց մէջ ազգերու աչքերուն առջեւ սուրբ պիտի սեպուիմ ու անոնք պիտի բնակին իրենց երկրին մէջ, որ ես իմ Յակոբ ծառայիս տուի։ 26  Անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակին ու տուներ պիտի շինեն եւ այգիներ պիտի տնկեն։ Ես պիտի պատժեմ անոնց բոլորտիքը եղողները, որ զանոնք նախատեցին, իսկ իրենք ապահովութեամբ պիտի բնակին ու պիտի գիտնան թէ ես եմ իրենց Տէր Աստուածը»։

Ստորանիշներ