ԵԶԵԿԻԷԼԻ 32։1-32
32 Տասնըերկրորդ տարուան տասնըերկրորդ ամսուան առաջին օրը, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
2 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի Փարաւոն թագաւորին վրայ ողբա՛ ու անոր ըսէ՛.‘Դուն ազգերու մէջ առոյգ առիւծի կը նմանիսԵւ ծովերու մէջ վիշապի պէս ես։Դուն գետերուդ վրայ կը յարձակիսՈւ ոտքերովդ ջուրերը կը խառնեսԵւ անոնց գետերը կը պղտորես’։
3 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.‘Ես շատ ազգերու ժողովուրդովԻմ ցանցս քու վրադ պիտի տարածեմԵւ քեզ իմ ուռկանովս պիտի հանեմ։
4 Քեզ գետինը պիտի նետեմ,Քեզ դաշտի երեսին վրայ պիտի ձգեմ,Քու վրադ երկնքի բոլոր թռչունները պիտի իջեցնեմ.
5 Քու մարմինդ լեռներուն վրայ պիտի դնեմ,Քու դիակներովդ ձորերը պիտի լեցնեմ։
6 Երկիրը, ուր դուն կը լողաս, մինչեւ լեռներըՔու արիւնովդ պիտի ողողեմՈւ հեղեղատները քեզմով պիտի լեցուին։
7 Ու երբ քեզ ջնջեմ՝ երկինքը պիտի ծածկեմՈւ անոր աստղերը պիտի խաւարեցնեմ.Արեւը ամպով պիտի ծածկեմՈւ լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ։
8 Քու վերեւդ երկնքի բոլոր լուսաւորները պիտի խաւարեցնեմ,Քու երկրիդ վրայ մութը պիտի տիրէ’,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
9 «Երբ քու կործանումիդ լուրըԱզգերուն ու քեզի անծանօթ երկիրներու հասցնեմ,Շատ ժողովուրդներու սիրտը պիտի խռովեցնեմ։
10 Քու պատճառովդ շատ ժողովուրդներ պիտի տժգունին,Քու պատճառովդ անոնց թագաւորները խիստ պիտի զարհուրին,Երբ իմ սուրս անոնց երեսին առջեւ երերցնեմ։Քու կործանումիդ օրըԱմէն մարդ իր հոգիին համար ամէն վայրկեան պիտի սարսափի»։
11 Քանզի Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ.«Բաբելոնի թագաւորին սուրը քու վրադ պիտի գայ։
12 Հսկաներուն սուրերովը քու զօրութիւնդ պիտի կործանեմ։Բոլոր ազգերու եղեռնագործները պիտի գան եւԵգիպտոսի հպարտութիւնը պիտի կործանեն եւԱնոր զօրութիւնը պիտի խորտակեն։
13 Եւ անոր բոլոր անասուններըՇատ ջուրերու քովէն պիտի կորսնցնեմ։Անգամ մըն ալ մարդու ոտքը զանոնք պիտի չպղտորէ։Անասունի կճղակներն ալ զանոնք պիտի չպղտորեն։
14 Այն ատեն անոնց ջուրերը ականակիտ պիտի ընեմԵւ անոնց գետերը իւղի պէս պիտի քալեցնեմ»։
15 Տէր Եհովան կ’ըսէ.«Երբ Եգիպտոսի երկիրը աւերակ դարձնեմ,Երկիրը բոլորովին* ամայանայ,Երբ անոր բոլոր բնակիչները զարնեմ, այն ատենՊիտի գիտնան թէ ես եմ Տէրը»։
16 «Այս ողբն է զոր պիտի ըսեն։Ազգերուն աղջիկները պիտի ըսեն,Եգիպտոսի վրայ ու անոր բոլոր ժողովուրդին վրայ պիտի ըսեն»։
ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՇԽԱՐՀԸ
17 Տասնըերկրորդ տարուան, առաջին ամսուան տասնըհինգին, Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
18 «Որդի՛ մարդոյ, Եգիպտոսի ժողովուրդին վրայ ողբա՛,Զանիկա ու երեւելի ազգերուն աղջիկներըԳուբը իջնողներուն հետ գետնին տակերը իջեցո՛ւր։
19 ‘Դուն որմէ՞ գեղեցիկ ես.Իջի՛ր ու անթլփատներուն հետ պառկէ՛’։
20 Անոնք սուրով սպաննուածներուն մէջ պիտի իյնան։Անիկա սուրի տրուեցաւ։Զանիկա ու անոր բոլոր ժողովուրդը քաշկռտեցէ՛ք։
21 Գերեզմանին մէջ զօրաւոր կտրիճներըԱնոր օգնութիւն ընողներուն հետ անոր պիտի խօսին։Անոնց սուրով սպաննուած անթլփատները հոն իջած կը պառկին։
22 Ասուր ու իր բոլոր ժողովուրդը հոն են։Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են,Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են։
23 Անոնց գերեզմանները գուբին խորունկ տեղերը տեղաւորուած են։Անոր ժողովուրդը գերեզմանին բոլորտիքն են։Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած են.Անոնք, որ կենդանիներու երկրին մէջ վախ կ’ազդէին,
24 Եղամ ու իր բոլոր ժողովուրդըՀո՛ն, անոր գերեզմանին բոլորտիքն են։Ամէնքը սպաննուած՝ սուրով ինկած ենՈւ անթլփատ իջան երկրին խորերը։Անոնք որ կենդանիներու երկիրը կը վախցնէին,Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
25 Սպաննուածներուն մէջ անկողին պատրաստեցին անոր ու իր ժողովուրդին,Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են.Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,Թէպէտեւ անոնք կենդանիներու երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին,Հիմա գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։Անոնք սպաննուածներուն մէջ գրուած են։
26 Մոսոքն ու Թոբէլը եւ անոնց բոլոր ժողովուրդը հոն են։Անոնց գերեզմանները իր բոլորտիքն են։Ամէնքը սուրով սպաննուած անթլփատներ են,Թէպէտեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ զանոնք կը վախցնէին։
27 Անոնք անթլփատներէն ինկող հսկաներուն հետ պիտի չպառկին,Որոնք իրենց պատերազմական զէնքերովը գերեզման իջանԵւ իրենց սուրերը իրենց գլուխներուն տակ դրին.Սակայն անոնց անօրէնութիւնները իրենց ոսկորներուն վրայ պիտի ըլլան,Թէեւ անոնք կենդանիներուն երկրին մէջ հսկաներուն սարսափն էին։
28 Դուն անթլփատներուն մէջ պիտի կոտորուիսՈւ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկիս։
29 Եդովմ, իր թագաւորներն ու բոլոր իշխանները հոն են,Որոնք իրենց զօրութիւնովը սուրով սպաննուածներուն հետ դրուած են։Անոնք անթլփատներուն հետՈւ գուբը իջնողներուն հետ կը պառկին։
30 Հիւսիսի բոլոր իշխանները եւ բոլոր Սիդոնացիները հոն են,Որոնք սպաննուածներուն հետ իջան։Անոնք իրենց բռնութեամբ կատարած աւերներէն կ’ամչնան,Անոնք սուրով սպաննուածներուն հետ անթլփատ կը պառկինՈւ գուբը իջնողներուն հետ իրենց նախատինքը կը կրեն։
31 Փարաւոն զանոնք պիտի տեսնէ եւ մխիթարուիԱնոնց բոլոր զօրութեան եւ իր բոլոր վիրաւորներուն վրայ,Որոնք սուրով սպաննուեցան»,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։
32 «Քանզի կենդանիներուն երկրին մէջ իմ վախս դրի*։Անոնք անթլփատներուն մէջ սուրով սպաննուածներուն հետ պիտի պառկին,Այսինքն Փարաւոն ու անոր բոլոր ժողովուրդը»,Կ’ըսէ Տէր Եհովան։