ԵԶԵԿԻԷԼԻ 44։1-31
44 Զիս սրբարանին դէպի արեւելք նայող դուրսի դրանը ճամբան դարձուց։ Անիկա գոց էր։
2 Տէրը ինծի ըսաւ. «Այս դուռը գոց պիտի մնայ, պիտի չբացուի, անկէ մարդ պիտի չմտնէ. քանզի անկէ Իսրայէլի Տէր Աստուածը մտաւ, անոր համար գոց պիտի մնայ։
3 Անիկա իշխանին համար պիտի ըլլայ, հոն միայն իշխանը պիտի նստի Տէրոջը առջեւ հաց ուտելու համար։ Անիկա սրահին դրանը ճամբայէն պիտի մտնէ ու նոյն ճամբայէն պիտի ելլէ»։
ՏԱՃԱՐԻ ՄՈՒՏՔԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ
4 Զիս հիւսիսային դրանը ճամբայէն տանը առջեւ տարաւ։ Տեսայ թէ Տէրոջը փառքը Տէրոջը տունը լեցուցեր էր. ուստի երեսիս վրայ ինկայ։
5 Տէրը ինծի ըսաւ. «Որդի՛ մարդոյ, Տէրոջը տանը բոլոր կանոններուն ու անոր բոլոր օրէնքներուն վրայով քեզի ըսածներս միտքդ պահէ՛։ Աչքերովդ տե՛ս եւ ականջներովդ լսէ՛։ Տանը մուտքերը ու սրբարանին բոլոր ելքերը աղէկ դիտէ՛
6 Եւ ապստամբներուն՝ Իսրայէլի տանը՝ ըսէ՛, Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. ‘Ալ հերի՛ք է ձեզի ձեր բոլոր պղծութիւնները, ո՛վ Իսրայէլի տուն,
7 Որ դուք սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ օտարազգիներ մօտեցուցիք, որ իմ սրբարանիս մէջ մտնեն ու իմ տունս պղծեն, երբ դուք իմ հացս, ճարպն ու արիւնը կը մատուցանէիք։ Ձեր բոլոր պղծութիւններէն զատ անոնք իմ ուխտս խափանեցին։
8 Իմ սուրբ բաներուս պահպանութիւն չըրիք, հապա իմ սրբարանիս մէջ ձեր ուզածին պէս պահապաններ դրիք»։
ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ ՔԱՀԱՆԱՅՈՒԹԵՆԷ ԿԸ ՀԵՌԱՑՈՒԻՆ
9 Տէր Եհովան այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիներուն մէջ եղող բոլոր օտարազգիներէն՝ սրտով անթլփատ ու մարմնով անթլփատ ոեւէ օտարազգի իմ սրբարանս պիտի չմտնէ։
10 Մանաւանդ Ղեւտացիները, որոնք ինձմէ հեռացան, երբ Իսրայէլի որդիները ինձմէ մոլորեցան ու իրենց կուռքերուն ետեւէն գացին, ուստի իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։
11 Իմ սրբարանիս մէջ տանը դռները որոշուած սպասաւորներ ու տաճարին սպասաւորներ պէտք է գտնուին, որպէս զի ժողովուրդին համար ողջակէզներ ու զոհեր մորթեն ու անոնց ծառայութիւն ընելու համար անոնց առջեւ կայնին։
12 Որովհետեւ անոնց կուռքերուն առջեւ ծառայութիւն ըրին ու Իսրայէլի տանը գայթակղութեան ու անօրէնութեան պատճառ եղան, անոր համար անոնց վրայ իմ ձեռքս վերցուցի։ Անոնք իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։
13 Ինծի պիտի չմօտենան քահանայութիւն ընելու ու իմ բոլոր սուրբ բաներուս եւ ամենասուրբ բաներուս պիտի չմօտենան, հապա իրենց անարգանքը ու իրենց պղծութիւնները պիտի կրեն։
14 Սակայն զանոնք տանը վրայ պահապան պիտի դնեմ անոր ծառայելու ու անոր մէջ եղած բոլոր գործերուն համար։
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ
15 «Բայց Ղեւտացի քահանաները, այսինքն Սադովկի որդիները, որոնք իմ սրբարանիս պահպանութիւնը կատարեցին երբ Իսրայէլի որդիները ինձմէ մոլորեցան, անոնք ինծի ծառայութիւն ընելու համար ինծի պիտի մօտենան եւ ճարպն ու արիւնը ինծի մատուցանելու համար անոնք իմ առջեւս պիտի կայնին», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
16 Անոնք իմ սրբարանս պիտի մտնեն ու ինծի ծառայութիւն ընելու համար պիտի մօտենան իմ սեղանիս եւ պահպանութիւն պիտի ընեն։
17 Երբ ներսի գաւիթին դռներէն մտնեն՝ կտաւէ զգեստներ պիտի հագնին ու ներսի գաւիթին դռները ու ներսը ծառայութիւն ըրած ատեննին իրենց վրայ բուրդ պիտի չհագնին*։
18 Իրենց գլուխներուն վրայ կտաւէ ապարօշ թող կրեն ու մէջքերնին կտաւէ վարտիքներ թող ունենան։ Քրտնցնող բան պիտի չհագնին։
19 Երբ դուրսի գաւիթը ժողովուրդին ելլեն, իրենց պաշտամունքին զգեստները թող հանեն ու զանոնք սուրբ սենեակներուն մէջ դնեն եւ ուրիշ զգեստներ հագնին, որպէս զի իրենց զգեստներովը ժողովուրդը չսրբեն։
20 Գլուխնին թող չածիլեն, ո՛չ ալ մազերնին երկնցնեն, հապա միայն գլուխին մազերը կարճեցնեն։
21 Ոեւէ քահանայ գինի պէտք չէ խմէ, երբ ներքին գաւիթը մտնէ։
22 Որբեւայրին կամ արձակուածը իրենց կին պէտք չէ առնեն, հապա Իսրայէլի սերունդէն եղող կոյսը կամ քահանայէ մը որբեւայրի մնացած կինը առնեն։
23 Իմ ժողովուրդիս՝ սուրբ ու անսուրբ բաներուն տարբերութիւնը պէտք է սորվեցնեն եւ անմաքուրին ու մաքուրին տարբերութիւնը անոնց գիտցնեն։
24 Ու դատերու ատեն անոնք պէտք է կենան դատաստան ընելու համար ու իմ օրէնքներուս համեմատ զանոնք դատեն։ Իմ բոլոր տօներուս մէջ իմ օրէնքներս ու կանոններս պիտի պահեն ու շաբաթներս սրբեն։
25 Եւ մարդու մեռելի քով պիտի չերթան՝ որ չանմաքրուին. հապա միայն հօր, կամ մօր, կամ տղու, կամ աղջկայ, կամ եղբօր, կամ չամուսնացած քրոջ քով կրնան երթալ։
26 Մէկուն սրբուելէն ետքը եօթը օր պիտի հաշուեն։
27 Անիկա սրբարանին մէջ ծառայութիւն ընելու համար ներսի գաւիթը՝ սրբարանը մտած օրը՝ իր մեղքի պատարագը թող մատուցանէ», կ’ըսէ Տէր Եհովան։
28 Ասիկա անոնց ժառանգութիւն պիտի չըլլայ։ Անոնց ժառանգութիւնը ես եմ ու Իսրայէլի մէջ անոնց կալուած մի՛ տաք։ Անոնց կալուածը ես եմ։
29 Հացի ընծան ու մեղքի պատարագը եւ յանցանքի պատարագը պիտի ուտեն։ Իսրայէլին տրուած ամէն նուէր անոնց պիտի ըլլայ։
30 Ամէն բանի երախայրիները ու ձեր բոլոր ընծաները քահանային պիտի ըլլան։ Ձեր գործերուն երախայրին քահանային պիտի տաք, որպէս զի ձեր տանը վրայ օրհնութիւն բերէք։
31 Քահանաները բնաւ ինքնիրեն մեռած կամ գազաններէ մեռցուած անասունի միս պիտի չուտեն, թռչուն ըլլայ կամ չորքոտանի։
Ստորանիշներ
^ 44։17 Եբր., չելլէ